Category: Մարզական
Հայաստանի Երիտասարդներու Ֆութպոլի Հաւաքականը Ժամանեց Ռեքսհեմ
Երէկ Ռեքսհեմ (Կալես) ժամանեց Հայաստանի երիտասարդներու ֆութպոլի հաւաքականը, որ այսօր Եուրօ- 2013-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ դէմ: Ռեքսհեմի մէջ հաւաքականին միացաւ Մասիս Ոսկանեան, ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Իրաւարարները Ներում Կը Հայցեն Գանձասարէն Եւ Անոր Համակիրներէն
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ 9 օգոստոսին տեղի ունեցած Փիւնիկ-Գանձասար մրցումին իրաւարարները ներում հայցած են Գանձասարէն եւ անոր համակիրներէն: Արդարեւ, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ... Շարն.
Իրլանտայի Բերդապահ Կիվըն Լքեց Միջազգային Ասպարէզը
Շէյ Կիվըն «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Շէյ Կիվըն յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կը լքէ միջազգային ասպարէզը` Իրլանտայի շապիկը 125 անգամ կրելէ ... Շարն.
Պարաքեթ Իֆթարի Երեկոյով Մը Պատուեց Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ազգային Խումբը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ երկուշաբթի, 13 օգոստոսին, իֆթարի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ «Մըհաննա» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս), պատուեց Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, անոր թեքնիք յանձնախումբը եւ ... Շարն.
Յառաջիկայ 30 Սեպտեմբերին. 5 Քմ Վազքի Մրցում` «Սոլիտեր»-ի Շրջանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Եունայթըտ Սփորթց աֆ Լեպանոն»-ի, որ «Նայքի» վաճառանիշին ներկայացուցիչն է Լիբանանի մէջ, յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ վազքի մրցում մը` «Վազէ՛ Պէյրութ» անուան տակ: 5 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն` 25 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ 25 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութիւնը` հետեւեալ դասակարգերուն մէջ. պզտիկներ, փոքրեր, ... Շարն.
Հայաստան Կը Պատրաստուի Պիելոռուսիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումին
Հայրենի մարզիկներուն կատարած փորձերէն Ինչպէս ծանօթ է, չորեքշաբթի, 15 օգոստոսը ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճշդուած է իբրեւ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներ կատարելու օր: Բազմաթիւ այլ երկիրներու նման, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը եւս ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Մխիթարեան Եւ Մովսիսեան` Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող երկու վտանգաւոր յառաջապահներ Հենրիխ Մխիթարեան եւ Եուրա Մովսիսեան իրենց ակումբներուն համար կոլ ... Շարն.
Բերդապահներու Մարզիչներու Դասընթացքներ
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կազմակերպած է բերդապահներու մարզիչներու յատուկ դասընթացքներ, որոնք տեղի պիտի ունենան 22-24 օգոստոսին, Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Այս դասընթացքներուն պիտի հսկէ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին բերդապահներուն մարզիչը` Քրիսթիան ... Շարն.
Թենիսի Միջազգային Ֆետերասիոնին Նոր Դասաւորման Մէջ Նալպանտեան Նահանջեց 39-րդ Դիրք
Դաւիթ Նալպանտեան Երէկ, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց աշխարհի նոր ընդհանուր դասաւորումը: Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան դիրք մը նահանջելով այժմ 980 կէտով կը գրաւէ 39-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ ... Շարն.
Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ. Ռեմ Պարտութեամբ Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները: Ռեմ, որ 33 տարուան բացակայութենէ մը ետք վերադարձած էր Ա. դասակարգ, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ ... Շարն.
Եուրօ-2013-ի Երիտասարդներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Կալես` Առանց Մալաքեանի
Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականը, երէկ մեկնեցաւ Կալես, ուր 15 օգոստոսին հիւրը պիտի ըլլայ դաշտին տիրոջ` Եուրօ-2013-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը իր հաղորդած լուրին մէջ ... Շարն.
Շիրակ Երկարաձգեց Յարութիւնեանի Պայմանագիրը
Արթուր Յարութիւնեան Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ որ երէկ, Շիրակ Գիւմրի երկու տարիով երկարաձգեց բերդապահ Արթուր Յարութիւնեանի պայմանագրութիւնը: Սկզբունքով անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր մայիս 2013-ին: Այժմ ան մինչեւ 1 յունիս ... Շարն.
Սեւատա Արզումանեան Ներկայացուց Իր Հրաժարականը
Սեւատա Արզումանեան Ուլիս Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Սեւատա Արզումանեան, երէկ Ոսկեհատի մէջ տեղի ունեցած փորձերէն ետք ներկայացուց իր հրաժարականը: Ուլիսի գործադիր տնօրէն Գագիկ Գալստեան, Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջին յայտնած է, որ ... Շարն.
Արազ Օզպիլիս Պիտի Կրէ Թիւ 24 Շապիկը
Արազ Օզպիլիս Քուպան Քրասնոտարի նորեկ մարզիկ Արազ Օզպիլիս Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 24 շապիկով: Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջին հաղորդած լուրը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային ... Շարն.
Հարթ Եւ Սթարիճ Բացակայ` Իտալիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումէն
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճօ Հարթ եւ յառաջապահ Տանիել Սթարիճ, որոնք վիրաւոր են, իրենց մասնակցութիւնը պիտի չկարենան բերել վաղը Իտալիոյ դէմ տեղի ունենալիք ... Շարն.
Բերդապահ Նէօյըր Բացակայ` Արժանթինի Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումէն
Մանուէլ Նէօյըր Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ազգային խումբի հիմնական բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել վաղը` չորեքշաբթի, 15 ... Շարն.
«Կ՛ուրախանամ Հայերուն Յաղթանակներով, Կը Տխրիմ Պարտութիւններով» Կ՛ըսէ Արթուր Աբրահամ
Արհեստավարժ բռնցքամարտի աշխարհի նախկին ախոյեան (Այ.Պի. Էֆ.) Արթուր Աբրահամ Գերմանիոյ մէջ այժմ կը պատրաստուի 25 օգոստոսին տեղի ունենալիք մենամարտին, որուն ընթացքին պիտի պայքարի աշխարհի ախոյեան Ռոպերթ Շտիկլիցի հետ: Պարզ է, ... Շարն.
Մնաք Բարով Լոնտոն, Բարեւ` Ռիօ
30-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն վրայ իջաւ վարագոյրը փակման հիանալի հանդիսութեամբ մը, որուն մարզիկներու եւ երկիրներու պատուիրակութիւններու տողանցքին ընթացքին Հայաստանի դրօշակակիրն էր ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, արծաթէ մետալ նուաճած Արսէն ... Շարն.
Այլ Մարզական Լուրեր
Քիքպոքսինկ. Յակոբ Ստեփանեան` Ռուսիոյ Ախոյեան Խառն մենամարտերու Ռուսիոյ առաջին ախոյեանութեան (70 քկ դասակարգ) մրցաշարքը աւարտեցաւ քիքպոքսինկի աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Յակոբ Ստեփանեանի յաղթանակով: Սոչիի մէջ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին առաջին ... Շարն.

