Category: Մարզական
Տիգրան Քանթիքեան Ժամանեց Երեւան
Տիգրան Քանթիքեան Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ մակեդոնական Ռապոթնիչքի խումբի 19 տարեկան բերդապահ Տիգրան Քանթիքեան ժամանած է Երեւան: Ֆութպոլիստը, որ ժամանակաւորապէս հաստատուած է ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, կը կարծուի, ... Շարն.
Օտրիսքոլ Նշանակուեցաւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի Մարզիչ
Շոն Օտրիսքոլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նոթինկհամ Ֆորեսթի նոր սեփականատէրը ակումբի մարզիչ նշանակեց Շոն Օտրիսքոլ: Երկու անգամ Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին տիրացած Ֆորեսթի նոր սեփականատէրը` քուէյթեան ընտանիք մը, որոշեց ... Շարն.
Արժանթինի Նախագահը Ներկայ Պիտի Չըլլայ Ողիմպիական Խաղերու Բացման Հանդիսութեան
Իր լուրը քաղելով sport-express.ru կայքէջէն, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես Տը Քիրշնըր 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան ներկայ պիտի չըլլայ: Արժանթինի եւ Անգլիոյ միջեւ ... Շարն.
Լոնտոն-2012. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Ֆութպոլի Ութ Մրցումներ
2012-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող քաղաքին` Լոնտոնի մէջ այսօր կը սկսին ֆութպոլի մրցումները, երբ Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն մէջ տեղի կ՛ունենան ութ մրցումներ: Նշենք, որ բոլոր խումբերն ալ դաշտ ... Շարն.
Լոնտոն-2012. Ֆութպոլ. Պրազիլի Բերդապահը` Բացակայ
Ռաֆայէլ Քապրալ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի ֆութպոլի ողիմպիական խումբին բերդապահը` Ռաֆայէլ Քապրալ, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Լոնտոն-2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն: Մէջբերելով խումբին բժիշկին` ... Շարն.
Փիւյոլ Վերսկսաւ Իր Փորձերուն
Քարլես Փիւյոլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի յետսապահ Քարլես Փիւյոլ, որ նախորդ մայիսին ենթարկուած էր ծունկի վիրաբուժութեան, վերսկսած է իր փորձերուն: 34 տարեկան սպանացի միջազգային մարզիկը, որ Սպանիոյ ... Շարն.
Տը Եոնկ Թվենթէէն Փոխանցուեցաւ Մէօնշընկլատպախ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ հոլանտացի միջազգային յառաջապահ Լիւք Տը Եոնկ իր ակումբը` Թվենթէն լքելով, միացաւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի` հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով գերմանական ակումբին հետ: 21 տարեկան հոլանտացին, ... Շարն.
Լոնտոն-2012. Դուին Մումջողլեան, Սելիմ Հաժ Նիքոլա Եւ Հասսան Մուհիէտտին Մեկնեցան Անգլիա
Երէկ` երեքշաբթի, 24 յուլիսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Անգլիա մեկնեցան Դուին Մումջողլեան, Սելիժ Հաժ Նիքոլա եւ Հասսան Մուհիէտտին: Ընդհանրապէս եւ մեծամասնութեամբ իւրաքանչիւր երկրի պատուիրակութիւն, որ կը մասնակցի Լոնտոն-2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն, ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 8-րդ Մրցաշարք. Միրէյ Պոյաճեան` Առաջին, Իսկ Միշել Պոյաճեան` Երկրորդ
Ժամհուր ակումբին կողմէ կազմակերպուած Փաթրիք Ասսաֆի անուան փինկ փոնկի 8-րդ մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ վերոնշեալ ակումբին մէջ տեղի ունեցան աւարտական հանգրուանի մրցումները: Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ... Շարն.
Ճատրակ. Հայ Խաղացողներ Արձանագրեցին Սքանչելի Եւ Բացառիկ Արդիւնքներ` Տարբեր Տեսակի Մրցաշարքերու Ընթացքին
Սամուէլ Սեւեան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) երէկ բաւական հարուստ էր ճատրակի վերաբերող նիւթերով` նկատի ունենալով, որ հայ խաղացողներ արձանագրած էին սքանչելի եւ բացառիկ արդիւնքներ` տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին: Նախ ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Նեպիլ Թապպալ Առաջին, Զահեր Հաժ` Երկրորդ
Լոնտոն 2012-ի ողիմպիական ամառնային խաղերուն ազդանշանը տրուելէն քանի մը օր առաջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը Տըպպայէի շրջանին մէջ կազմակերպեց 80 քմ երկարութիւն ունեցող մրցում մը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Անգլիոյ դեսպան Թոմ ... Շարն.
Նիւթական Օժանդակութիւն` Լիբանանի Ողիմպիական Պատուիրակութեան
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան կարգ մը ընկերութիւններ նիւթական օժանդակութիւններ տրամադրած են Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական ամառնային խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ողիմպիական պատուիրակութեան: «Փլաս Հոլտինկ»-ի սեփականատէր Ժորժ ... Շարն.
Եուրա Մովսիսեանի Տուպլէն Յաղթանակ Ապահովեց Քրասնոտարի
Եուրա Մովսիսեան Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր-լիկ»-ի նոր տարեշրջանին ծիրին մէջ, Քրասնոտար իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռուսիոյ բաժակակիր Ռուպին Քազանը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, որ դաշտ ... Շարն.
Լոնտոն-2012. Կարճ Լուրեր` Ողիմպիական Խաղերուն Առօրեայէն
Ժաք Ռոկը Ինչպէս ծանօթ է, 27 յուլիսէն 12 օգոստոս Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն պիտի հիւրընկալէ 2012-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը: Հայկական PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը, անդրադառնալով Լոնտոնի առօրեային, կը փոխանցէ կարգ մը հետաքրքրական ... Շարն.
Ճատրակ. ՖԻՏԷ-ի Աղջկանց Կրան Փրիի Միջազգային Մրցաշարք. Դանիէլեան Եւ Մկրտչեան Հաւասարութիւն Արձանագրեցին
Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ շարունակուեցաւ Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի ճատրակի կրան փրիի աղջկանց միջազգային մրցաշարքը, երբ կատարուեցան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանէն Էլինա Դանիէլեան (2480), որ կը մրցէր Լուֆէյ ... Շարն.
Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Հենրիխ Մխիթարեան Շախտիորի Լաւագոյն Մարզիկը` Յաջորդաբար Երկրորդ Մրցումն Ըլլալով
Հենրիխ Մխիթարեան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Շախտիոր Տոնեցք իր դաշտէն դուրս կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հովերլա Ուզհորոտը: Յաղթական կազմին եւ մրցումին ... Շարն.
«Եուրոփա Լիկ». Ուլիս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն, երէկ Հայաստանի ախոյեան Ուլիս, որ հիւրն էր Ֆ. Ք. Շերիֆի (Մոլտաւիա), 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք անկէ դուրս մնաց մրցաշարքէն` ... Շարն.
Կիրակի, 5 Օգոստոսին` Սթրիթ-Պոլի Ախոյեանութիւն` Ֆուատ Շեհապ Մարզահամալիրին Մէջ
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կիրակի, 5 օգոստոսին կը կազմակերպէ Սթրիթ Պոլի ախոյեանութիւն` Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ «Քլաս-Սփոր» վաճառատան եւ հսկողութեամբ ՖԻՊԱ-ին: Նշենք, որ ախոյեանները պիտի ... Շարն.
Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշները Տիրացան 6 Մետալի
Նախորդ շաբաթավերջին, Լեհաստանի Քաթովից քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութիւնը, երբ այս անգամ մրցումներ կատարեցին յունահռոմէական ոճի ըմբիշները: Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները, գերազանց արդիւնք արձանագրելով առաւելագոյն 8 մետալէն տիրացան ... Շարն.
«Տը Կարտիըն»-ի Լրագրողներուն Հարցազրոյցը` Դուին Մումջողլեանի Հետ
Անգլիական հանրածանօթ եւ աշխարհահռչակ «Տը Կարտիըն» միջազգային օրաթերթին լրագրողները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Լիբանան, յատուկ հարցազրոյց մը ունեցան Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն իր մասնակցութիւնը բերող, ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ... Շարն.

