Category: Մարզական
Կազմակերպութեամբ Ամալ Շարժումին. Մարզական Մրցաշարք` Յառաջիկայ 20 Յունիսէն 8 Յուլիս
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումին (Լեռնալիբանանի նահանգի շրջան), յառաջիկայ 20 յունիսէն 8 յուլիս առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ մարզական մրցաշարք մը, որուն ... Շարն.
Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Իրանի (74-69) Եւ Ապահովեց Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարքի Իր Տոմսը
Երէկ` Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 12-րդ ախոյեանութեան երրորդ օրը, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ 74-69 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ... Շարն.
Քիրշան Իլիումժինով Լիբանանի Մէջ. ՖԻՏԷ – Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութիւն Գործակցութեան Համաձայնագիրի Կնքում
Երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունիսին, միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանեց ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻՏԷ) նախագահ Քիրշան Իլիումժինով: Նշենք, որ ան Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանած էր իր անձնական օդանաւով: Նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ... Շարն.
Եուրօ-2012. Կոմեզի Տուպլէին Շնորհիւ Գերմանիա Յաղթեց Հոլանտայի (2-1). Փորթուգալ – Դանիա` 3-2
Երէկ` Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ օրը, Բ. խմբակին մէջ տեղի ունեցան երկու զօրաւոր ճակատումներ: Առաջին մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Փորթուգալը եւ Դանիան, շուրջ 32 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, աւարտեցաւ առաջինին ... Շարն.
Ճատրակ. Ժիւլեթա Նահատակեան` Աշխարհի Ողիմպիականի Իրաւարար
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ՖԻՏԷ-ն հաստատեց, որ Հայաստանէն Ժիւլեթա Նահատակեան նկատի առնուած է իբրեւ իրաւարար աշխարհի ճատրակի 40-րդ Ողիմպիականի մրցումներուն: Այս մրցումները տեղի պիտի ունենան 27 օգոստոսէն 9 սեպտեմբեր 2012-ին` ... Շարն.
Հաշեմ Հայտար Ընդունեց Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Պատուիրակութիւնը
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար երէկ ընդունեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի պատուիրակութիւնը, որ երէկ յետմիջօրէին Պէյրութ վերադարձած էր Հարաւային Քորէայէն, ուր դաշտին տիրոջ դէմ մրցում կատարած էր (երեքշաբթի օր)` ... Շարն.
Լողորդներ Քոլոյեան Եւ Բարսեղեան Պիտի Մասնակցին Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղերուն
Հայրենի լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Լողարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք տուած է նախորդ տարի Շանկհայի մէջ տեղի ունեցած եւ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած 75 երկսեռ մարզիկներու: Հայաստանի ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Ատել Հաքիմի Անուան 2-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Աւարտականի Բոլոր Մրցումները
Այսօր` հինգշաբթի, 14 յունիսին կ՛աւարտի Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի 2-րդ միջազգային մրցաշարքը, երբ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի կ՛ունենան աւարտականի բոլոր մրցումները: Յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ... Շարն.
Թենիս. «Քուինզ Քլապ»-ի Մրցաշարք. Նալպանտեան Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը
Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Քուինզ Քլապ»-ի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան յաղթանակ արձանագրեց` 4-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վասեք Փոսփիլիսը: Անոնք ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա Սիթի – Մայեմի Հիթ` 1-0
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, աւարտեցաւ Օքլահոմա Սիթիի (Թանտըր) յաղթանակով, որ 105-94 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մայեմի Հիթը, 1-0 արդիւնքով գերազանցեց զայն: Յաղթական ... Շարն.
Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան 109-74 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Եմէնը
Երէկ` Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն երկրորդ օրը, Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 109-74 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Եմէնը: Մրցումին ... Շարն.
Եւրոպայի 2013-Ի Երիտասարդներու (21 Տարեկանէն Վար) Ախոյեանութիւն. Հայաստան 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Անտորրայի Եւ Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք
Երէկ, Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու ազգային հաւաքականը (21 տարեկանէն վար), Եւրոպայի 2013-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Բ. խմբակ) ճակատեցաւ Անտորրայի դէմ: Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած այս ... Շարն.
Եուրօ-2012. Չեխիա Յաղթեց Յունաստանի (2-1). Լեհաստան – Ռուսիա` 1-1. Այսօր` Դանիա – Փորթուգալ Եւ Հոլանտա – Գերմանիա Զօրաւոր Ճակատումներ
Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող խումբերը կատարեցին իրենց երկրորդ մրցումը` Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ: Չեխիա, որ իր կատարած առաջին մրցումին 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը ... Շարն.
2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Հարաւային Քորէա – Լիբանան` 3-0
<img class="alignright size-medium wp-image-70277" title="KORLEB" src="https://archive.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2012/06/KORLEB2-300x211.jpg" alt="" width="300" height="211" />Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. ... Շարն.
Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Հուփս Հանդիսացաւ Ախոյեան Եւ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ եւ վերջին մրցումին, Հուփս երկարաձգման ընթացքին կէտի մը տարբերութեամբ` 58-57 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անդրանիկ Սին էլ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Ատել Հաքիմի Անուան Միջազգային 2-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Երէկ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսաւ Ատել Հաքիմի անուան միջազգային 2-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ արաբական եօթը երկիրներու 57 վեթերան մարզիկներու: Նշենք, որ տեղի կ՛ունենան 30, 40, 50 եւ 60 ... Շարն.
25-30 Յունիսին Համալսարաններու Թենիսի Ախոյեանութիւն` Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ
Յառաջիկայ 25-30 յունիսին, Լիբանանեան համալսարանին մէջ (Հատաս) տեղի պիտի ունենայ Համալսարաններու թենիսի ախոյեանութիւնը` հսկողութեամբ Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնին: Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց անհատական եւ զոյգի մրցումներ: Այս ախոյեանութեան ... Շարն.
Թենիսի Միջազգային Նոր Դասաւորման Մէջ. Նալպանտեան Բարձրացաւ 39-րդ Դիրք
Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ բարձրացաւ 39-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1015 կէտ: Հակառակ «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին աւարտականին սպանացի ... Շարն.
Պարաքեթ Պատուեց Յակոբ Խաչերեանը` Եահշուշի Մէջ
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքեթ, Եահշուշի իր բնակարանին մէջ յատուկ ճաշ մը սարքելով, պատուեց Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանը: Քեսրուան - Ֆըթուհի մէջ գտնուող անոր բնակարանին մէջ ... Շարն.
Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ` 98-69 Արդիւնքով
Երէկ, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան առաջին օրուան մրցումները: Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, որ առաջին մրցումին ճակատեցաւ Սուրիոյ դէմ, 98-69 արդիւնքով ... Շարն.

