Category: Մարզական
Լիբանանցի Հըտրոժ Վկայեալ Մարզիչ` Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Կողմէ
Լիբանանցի Մոհամետ Հըտրոժ, որ գերմանական հպատակութիւն ունի եւ անցեալին մաս կազմած է գերմանական Էս. Ֆաու. Ֆորթ խումբին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած մարզիչներու տարեկան քննութիւններուն յաջողելով ստացաւ մարզիչութեան յատուկ վկայագիր: ... Շարն.
Ըստ Armsport.Am-ի Հայաստանի Լաւագոյն Լողորդը Կրնայ Դուրս Մնալ Ողիմպիականէն
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ հայկական լողը, որ բաւական ժամանակէ ի վեր ճգնաժամի մէջ է, Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական խաղերու լողարշաւի մրցումներուն կրնայ յատուկ հրաւէրով մը մասնակցիլ: Կը սպասուի, որ ... Շարն.
Յառաջիկայ 22 Մայիսին Լիբանանի Պասքեթպոլի 19 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ազգային Խումբի Ժողով
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ յառաջիկայ երեքշաբթի, 22 մայիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը ժողովի մը հրաւիրուած է Լիբանանի պասքեթպոլի ... Շարն.
Եւրօ-2012. Մնացած Է Միայն 18 Հազար Տոմս
Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ազդանշանը տրուելուն մնացած է միայն 23 օր եւ մրցումներուն վերջին 50 հազար տոմսերէն արդէն իսկ մնացած է միայն 18 հազար տոմս: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին համաձայն, 7 մայիսին ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Փէյսըրզ – Հիթ` 2-1 Եւ Սփըրզ – Քլիփըրզ` 2-0
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ինտիանա Փէյսըրզ 94-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Մայեմի Հիթը: Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականին արձանագրուած այս արդիւնքը ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ յստակացաւ սակը յառաջիկայ 3 յունիս 2012-ին Քաթարի դէմ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունենալիք մրցումին ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Վարազդատ Աւետիսեան Հրապարակեց Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Կրտսերներու Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Կազմը
Պատրաստուելու համար յառաջիկայ 23 մայիսին Իտալիոյ մէջ սկսելիք 2012-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, 16 մայիսին Հայաստանի ազգային հաւաքականը ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը: ... Շարն.
Կռփամարտ. Սիւզի Քենթիքեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը
Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ արհեստավարժ կռփամարտի ճակատում մը, որուն ընթացքին հայազգի կռփամարտիկ Սիւզի Քենթիքեան, որ կը պաշտպանէր WBO-ի եւ WIBF-ի թեթեւ կշիռի իր աշխարհի տիտղոսները, անակնկալ պարտութիւն մը ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Յարութիւնեան Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շիրակ Գիւմրիի 37 տարեկան փորձառու միջնապահ Արարատ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին, առանց սակայն հեռանալու ֆութպոլէն: Շիրակի ... Շարն.
Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Կիրակի, 20 Մայիսին` 3-րդ Հանգրուանի Մրցումը
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 20 մայիսին, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քարթինկի 2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումը: Իր հրապարակած ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ա. Հանգրուանի Յետաձգուած Մրցումները Տեղի Ունեցան
Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012 տարեշրջանը սկսաւ Բ. հանգրուանի մրցումներով` նկատի ունենալով, որ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով Ա. հանգրուանի մրցումները յետաձգուեցան: Սակայն 16 մայիսին անոնք տեղի ունեցան, եւ ... Շարն.
Եւրօ-2012. Հոճսըն Հրապարակեց Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կազմը
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նոր նշանակուած մարզիչ Ռոյ Հոճսըն հրապարակեց իր կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 8 յունիսէն 1 յուլիս տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան: Ստորեւ կու տանք ... Շարն.
Գերմանական Ֆութպոլ. Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ Միացաւ Պունտըսլիկայի Խումբերուն
15 տարուան բացակայութենէ մը ետք, Ֆորթունա Տիւսելտոլֆ միացաւ Պունտըսլիկայի խումբերուն, երբ փլէյ-օֆի դարձի մրցումներուն 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հերթա Պերլինի հետ: Շաբաթ մը առաջ Պերլինի մէջ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Լէյքըրզ Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը Օքլահոմա Սիթիէն` 77-75 արդիւնքով: Օքլահոմա իր այս յաղթանակը կերտեց մրցումին վերջին ... Շարն.
2011-2012 Տարեշրջանի Լեվամ-Ի Մարզախաղերու Փակման Հանդիսութիւն
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, 2011-2012 տարեշրջանի ԼԵՎԱՄ-ի մարզախաղերուն փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 13 մայիս 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ական եւ բարձրաստիճան ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց, Պէյրութ Պարտուեցաւ
Երէկ սկսան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը յաղթանակով սկսաւ ախոյեանութիւնը, երբ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ 45-42 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժամհուրը: ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 20 Մայիսին` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 20 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ ... Շարն.
Ճատրակ. Կիրակի, 20 Մայիսին` Արագ Ճատրակի Խմբային Ախոյեանութիւնը
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 20 մայիսին, Սայտայի քաղաքապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ արագ ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը: Ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ անուններու արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ... Շարն.
Աթլեթիզմ. Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Լորի Թաշճեան Երկրորդ` 200 Մեթր Վազքի Մրցումներուն
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցան Լիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումները` Ժամհուր եւ Շանվիլ վարժարաններուն դաշտերուն վրայ: Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան, որ 400 մեթր ... Շարն.
3-13 Յունիսին Միջին Արեւելքի Ճատրակի Առաջին Անհատական Ախոյեանութիւնը` Պէյրութի Մէջ
Երէկ կէսօրին, Պէյրութի «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ 3-13 յունիսին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Միջին Արեւելքի ճատրակի առաջին անհատական ախոյեանութիւնը: ... Շարն.

