Category: Մարզական
ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՄԻՍ ՊՐԱԶԻԼ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԷՋ
Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբը յառաջիկայ ամիս պիտի կատարէ երկու բարեկամական մրցում, երկուքն ալ` Արժանթինի դէմ: Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 ... Շարն.
ՓԱԹՕ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ ՀԵՏ
Իտալական լրատու աղբիւրներու համաձայն, Ա. Սէ. Միլանի մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ալեքսանտր Փաթօ, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնած է, որ ներկայ հանգրուանին չի պատրաստուիր իր ակումբը փոխել: Վերջերս, կարգ ... Շարն.
ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉՆԵՐԸ ՏԻՏՂՈՍԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽԸ
Պունտըսլիկայի մարզիչները Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին նախօրեակին տիտղոսի թեկնածու կը նկատեն Պայէրն Միւնիխը: Ախոյեանութիւնը կը սկսի այս շաբաթավերջին: 18 մարզիչներէն 16-ը նախապատուութիւնը կու տան պաւարիական կազմին, որ ... Շարն.
ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ` ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԵՈՒՆԱՅԹԸՏ – ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻ
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին բացման մրցումը տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 7 օգոստոսին, երբ «Քոմիւնիթի Շիլտ» մրցաշարքին ծիրին մէջ, Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը` Եունայթըտ եւ Սիթի, կը ճակատին իրարու դէմ: Մրցումը ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ- ԱՇԽԱՐՀԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅՐԵՆԻ ՎԱՐՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱՆ
Յառաջիկայ 28 օգոստոսէն 19 սեպտեմբեր Խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա) տեղի պիտի ունենան ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի առաջին հանգրուանի մրցումները: Երէկ, Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՏԷ) հրապարակեց Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Հայաստանի ... Շարն.
«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ՕԼԻՄՓԻԱՔՈՍ ՎՈԼՈՒ – ՏԻՖԵՐՏԱՆԺ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
«Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 4 օգոստոսին տեղի պիտի ունենան բազմաթիւ ճակատագրական ճակատումներ` նկատի ունենալով, որ այդ արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան ... Շարն.
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԳՈՀԱՐԵԱՆ ՏՈՒՊԼԷ ՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾԵՑ
Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, լոքոմոթիւ-2 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` պարտութեան մատնելով իր մրցակից Սեւերը: Յաղթական խումբին մաս կը կազմէ հայրենի ֆութպոլիստ Յովհաննէս Գոհարեան: ... Շարն.
ԼԵՒՈՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ 7 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԵՐԵՒԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ձախ յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան յառաջիկայ 7 սեպտեմբերին պիտի ժամանէ Երեւան` պատրաստուելու համար յառաջիկայ 10 օգոստոսին Լիթուանիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: Սկզբունքով ան ուղղակիօրէն Լեհաստանէն պիտի մեկնէր ... Շարն.
ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ ԻՐ ԿՇԻՌՔԸ
Հայրենի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ հետզհետէ կը նուազեցնէ իր կշիռքը (մարզական սննդագէտի օգնութեամբ)` միջին դասակարգ անցնելու նպատակով: Անոր մամլոյ քարտուղարութիւնը մէջբերելով անոր խօսքերը նշեց. «Ներկայիս 76,2 քմ եմ: Յաջորդ մրցումին ... Շարն.
ԱՐԹՈՒՐ ՉԻՊՈՒԽՉԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՍՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՄԱՐԶԻՉ
Երէկ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ ճատրակի մեծ վարպետ Արթուր Չիպուխչեան նշանակուեցաւ ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականի մարզիչ: Շարն.
ՔԻՔ- ՊՈՔՍԻՆԿ. ՎԱՐԴԱՆ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՌՈՒՊԵՆ ԱԼՄԷՅՏԱՅԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ
Յառաջիկայ 13 օգոստոսին սպանական Պենիտորմ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վարդան Մնացականեան (Հայաստան) - Ռուպեն Ալմէյտա (Փորթուգալ) քիք-պոքսինկի ճակատումը: Թէեւ Մնացականեան բնակութիւն հաստատած է Սպանիոյ մէջ եւ հոն ալ կը ... Շարն.
ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑՈՒՄ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԻՈՅ 17 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ 20-26 օգոստոսին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք պիտի կատարէ: Այս հաւաքին ծիրին մէջ, հայրենի կազմը պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցում` ... Շարն.
ԱՇԽԱՐՀԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ
Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը (IFFHS) հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ակումբներուն նոր դասաւորումը, որուն մաս կը կազմեն 350 ակումբներ: Հայկական որեւէ ակումբ մաս չի կազմեր այդ ցանկին: Առաջին եօթը դիրքերուն ... Շարն.
ՄԻՆՉԵՒ 30 ՄԱՅԻՍ 2012 ԱՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ` ԱՌԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀԻ
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ մինչեւ 30 մայիս 2012 ֆետերասիոնը պիտի մնայ առանց նախագահի` նկատի ունենալով, որ կախակայուած Մոհամետ Պըն Համմամի յաջորդը պիտի ընտրուի այդ թուականին: ... Շարն.
ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԾԱՆՐ ՏԱԳՆԱՊԻ ՄԱՏՆՈՒԱԾ. ՀԱՓՈՅԵԼ ՓԵԹԱՀ ԹԻՔՎԱ ՓՈԽԱԴՐՈՒԵՑԱՒ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ
Իսրայէլի ֆութպոլի Ա. դասակարգի կազմերէն Հափոյել Փեթահ Թիքվա նիւթական ծանր տագնապի մատնուած ըլլալուն պատճառով փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնը: Անիկա պէտք էր նուազագոյնը 3,3 միլիոն ամերիկեան տոլար ապահոված ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ- ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ ՊԼԷՅՔԷՆ
Ուաշինկթընի Լեկ Մէյսըն թենիս Քլասիք-2011-ի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Դաւիթ Նալպանտեան (Արժանթին) - Ճէյմզ Պլէյք (Միացեալ Նահանգներ) Բ. հանգրուանի ճակատումը: 29 տարեկան արժանթինահայ մարզիկը (տիտղոսակիր), որ իր ... Շարն.
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՊԻՏԻ ՕԳՆԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ` ԿՈՒԱՆԿԶՀՈՒԻ ՄԷՋ ԱՔԱՏԵՄԻ ՄԸ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Պէյճինկի մէջ հրապարակուող բազմաթիւ օրաթերթեր յայտնեցին, որ ըստ հաւաստի աղբիւրներու, Ռէալ Մատրիտ պիտի օգնէ Չինաստանի, որպէսզի անիկա երկրին հարաւային շրջանը գտնուող Կուանկզհու քաղաքին մէջ Աքատեմի մը կառուցէ: Ըստ անոնց, Ռէալ ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՆՈԵԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող Ամառնային բաժակի մրցաշարքը հասաւ իր աւարտին, երբ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան մեծ տղոց եւ աղջկանց մրցումները: ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ ՋԱՀԸ ՎԱՌԵԼՈՒ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է, 13-21 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան համահայկական 5-րդ խաղերը: Երէկ, Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ խաղերուն ջահը վառելու հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս առիթով Արցախի ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ Կ՛ԱՒԵԼՆԱՅ
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 13 օգոստոսին Երեւանի մէջ պիտի սկսին Համահայկական 5-րդ խաղերը: Այս տարի մասնակցողներուն թիւը նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատէ այս խաղերուն համար` նկատի ունենալով, որ 1 օգոստոսի ... Շարն.

