Category: 50 Տարի Առաջ
50 Տարի Առաջ (25 Փետրուար 1964)
Փետրուար 18-ի Տօնակատարութիւնը Ժողովրդային Տան Մէջ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան Ժողովրդային տան յանձնախումբին կազմակերպած տօնակատարութիւնը, փետրուար 18-ի ժողովրդային ապստամբութեան 43-րդ տարեդարձին առթիւ, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (24 Փետրուար 1964)
Հայկական Կեանք Արտաւազդ Եպիսկոպոս Աթէնքի Մէջ Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-ի մէջ (18 փետրուար) կը կարդանք.- Քանի մը օրէ ի վեր հիւրաբար Աթէնք կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն նորօծ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1964)
Տոմսեր Դուրսը` Կաճառնե՜ր, Ներսը` Սպանդանոց... Տարիներէ ի վեր Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա) կը գումարուի զինաթափութեան միջազգային համաժողով մը, որ ամէն տարի եւ կանոնաւորաբար... ձախողութեամբ կը վերջանայ: Պատուիրակները իրենց երկիրները կը վերադառնան ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1964)
Լիբանանի Երեսփոխանական Ժողովը Լուծուեցաւ Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի Դահլիճը Հրաժարեցաւ - Հիւսէյն Ուէյնի Հաւանաբար Կազմէ Նոր Դահլիճը Ընտրութեանց Թուականները Երէկ կէսօրէ առաջ զօրավար Ֆուատ Շեհապի Ժիւնիէի ապարանքին մէջ ժողով գումարելով` նախարարաց ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1964)
Թրքական Ակնոցով. Ինչպէ՞ս Սպաննուեցաւ Թալէաթ Փաշան Սպանութենէն 10 Վայրկեան Առաջ Թալէաթ Իր Կնոջ Ըսած Էր. «Հայրիէ, Ներսս Տարօրինակ Նեղութիւն Մը Ունիմ». Ան Նախզգացած Էր Իր Սպանութիւնը Ամբողջ երկու օր դաշնակցականներ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (18 Փետրուար 1964)
Խմբագրական. Ազատութեան Ոգին (Փետրուար 18-ի Առթիւ) Քառասունեւերեք տարիներ անցած են այն օրէն, երբ մայր հայրենիքի ժողովուրդը մէկ մարդու պէս ոտքի կանգնեցաւ ծառանալու համար պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ կեղծ խոստումներով իր ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (17 Փետրուար 1964)
Հոգելոյս Զարեհ Ա.-ի Տարելիցը Վեհափառը, Առաջնորդ Սրբազանը Եւ Գարեգին Եպս. Ոգեկոչեցին Մեծ Հովուապետին Յիշատակը Երէկ` կիրակի, 16 փետրուար 1964, վեհափառ հայրապետներու յատուկ հրահանգով, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Աթոռներու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (15 Փետրուար 1964)
Խմբագրական Տարի Մը Առաջ Էր... (Երջանկայիշատակ Զարեհ. Ա. Կաթողիկոսի Տարելիցին Առիթով) Տարին կարծէք ակնթարթի մը պէս անցաւ այն օրէն, երբ համայն հայութիւնը մատնուեցաւ անսովոր ալեկոծութեան մը, խոր վշտաբեկումի եւ անմխիթար ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1964)
Հաղորդագրութիւն Թեմիս Գաւառական ժողովը 27 դեկտեմբեր 1963-ին, հրաւէրովն ու նախագահութեամբը առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսին, իր դիւանը ընտրեց հետեւեալ ազգայիններով: Ա. ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան Բ. ատենապետ Ներսէս Ներսէսեան Ա. ատենադպիր Գառնիկ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (13 Փետրուար 1964)
Ռապինտրանաթ Թակոր Եւ Հայաստան Հայեւհնդկական գրական կապերու պատմութեան մէջ ուշագրաւ էջ մըն է Ռապինտրանաթ Թակորի անձնական ծանօթութիւնները հայ գործիչներու հետ եւ անոր կարծիքը հայերու մասին: Ինչպէս յայտնի է, 1925 յունուար 31-ին ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (12 Փետրուար 1964)
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Մարաշի Մասնաճիւղ Վարդանանց Փառատօնը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Նոր Մարաշի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Սրբոց Վարդանանց շքեղ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 7 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Պուրճ Համուտի ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (11 Փետրուար 1964)
Տեղեկութիւններ Հնդկահայերու Մասին. 500 Հայեր Կ՛ապրին Այդ Երկրին Մէջ Երուսաղէմի միաբաններէն Դաւիթ վրդ. Սահակեան տարիէ մը ի վեր Հնդկաստան կը գտնուէր: Վերադարձած ըլլալով` հայր սուրբը հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները տուած է ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1964)
Խմբագրական Բուժարանի Օրը Ազունիէի դալար բլուրին վրայ թառած Ազգային բուժարանը այն նուիրական հաստատութիւններէն մէկն է, որ իր բազմամեայ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ, համազգային գնահատանքի եւ գուրգուրանքի արժանի դարձած է: Հայ ժողովուրդը իր ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1964)
Վարդանանց Փառատօնը Լիբանանի Մէջ Սրտազեղ Ընդունելութիւն Վեհափառին` Նորաշէնի Մէջ Սրբոց Վարդանանց դիւցազնամարտի ազգային-եկեղեցական փառատօնը արժանավայել շուքով ու յարգանքով տօնակատարուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ: Չորեքշաբթի, 5 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նորաշէնի Ազգային Նուպարեան ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1964)
«Քաջութեամբ Միայն Մեռնինք»... Աւարայրի Դիւցազնամարտին Առիթով Հազար հինգ հարիւր տասներեք տարիներ առաջ Վարդանանց Աւարայրի դիւցազնամարտի ուխտը եւ նշանաբանը եղաւ «Քաջութեամբ միայն մեռնինք»-ը, նաեւ` «Մէկ սիրտ ու մէկ հոգի»-ի սկզբունքը: ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1964)
Խմբագրական Վարդանի Ոգին Ժողովուրդներու կեանքին մէջ կան պահեր, որոնք դարերու ճակատագիրը կը վճռեն: Լինել թէ չլինելու հարցականը բացառիկ պարագաներու միայն կը ներկայանայ ազգի մը զաւակներուն, որոնց վճռակամութիւնն ու գոյատեւելու կամքը ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1964)
Հայկական Կեանք «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Հալէպի Մէջ Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 յունուար 1964, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Հալէպի «Սուրիա» շարժանկարի 1200 հոգինոց ընդարձակ սրահին մէջ ներկայացուց «Օսքար»-ը: Երկու անգամին ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (3 Փետրուար 1964)
Սահակ Եպս. Արքութեան Եւ Ներսէս Վրդ. Ծայրագունութեան Տիտղոսներուն Արժանացան Երէկ` կիրակի 2 փետրուար 1964, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ստուար թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ: ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (1 Փետրաուար 1964)
Ի՞նչպէս Տեղի Ունեցած Է Նիկոսիոյ Հայկական Եկեղեցիին Դէպքը Լիբանանեան Դեսպանատունը Հայր Սուրբը Առած Է Իր Պաշտպանութեան Տակ Կացութիւնը Օրէ Օր Կը Ծանրանայ Եւ Ապագան Անորոշ Է Նիկոսիա, 29 յունուար 1964 ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (31 Յունուար 1964)
Խմբագրական Փարիզ-Փեքին Առանցքը Փարիզ վերջապէս ճանչցաւ Ժողովրդային Չինաստանի վարչակարգը: Զօրավար տը Կոլի այս որոշումը հանդիսացաւ կարեւորագոյն դէպքերէն մէկը վերջին տարիներու միջազգային կեանքին մէջ` իր անմիջական հետեւանքներով եւ այն հեռանկարներով, որոնք ... Շարն.

