Category: 50 Տարի Առաջ
50 Տարի Առաջ (3 Յուլիս 1963)
Խմբագրական Օրինակելի Երեւոյթ Անցած կիրակի, 30 յունիս, Լեռնալիբանանի 135 գիւղաքաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական կամ գիւղապետական ընտրութիւններ` ժողովրդային լայն մասնակցութեամբ եւ աննախընթաց հետաքրքրութեան մթնոլորտի մը մէջ: Գրեթէ ամէնուրեք ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1963)
Պոսթընի Կառավարիչը ՀՅԴ Պատգմ. 70-րդ Ժողովին Առթիւ Անկախութեան Օր Հռչակած Է 29 Յունիսը «Դաշնակցութիւնը Նուիրուած Է Հայաստանի Պետական Անկախութեան Դատին» Կիրակի, 30 յունիսին սկսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Մ. Նահանգներու 70-րդ Պատգամաւորական ժողովը: «Հայրենիք»-ի 29 յունիսի ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1963)
Լեռնալիբանանի Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցան Հանդարտ Մթնոլորտի Մէջ Եւ Լայն Մասնակցութեամբ Պուրճ Համուտի Մէջ Դաշնակցութեան Ցանկը Ընտրուեցաւ Առանց Մրցակիցի Լեռնալիբանանի քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի ունեցան երէկ: Ապահովութեան պատկառելի ուժ մը` 1800 ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1963)
Խմբագրական Կրթական Հաշուեփակ Խրախուսիչ թափով մը երկրորդական եւ ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսները կը յաջորդեն իրարու: Գրեթէ ամէն օր մամուլի սիւնակներուն մէջ կը կարդանք անունները հայ շրջանաւարտներու կամ պետական քննութեանց մէջ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (28 Յունիս 1963)
Խմբագրական Քաղաքապետական Ընտրութեանց Կարեւորութիւնը Ամիսներ շարունակ, լուրջ խորհրդակցութիւններու եւ պաշտօնական ժողովներու նիւթ դարձնելէ ետք, կառավարութիւնը ի վերջոյ որոշեց քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարել Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ, բացի Պէյրութէն, որուն ընտրական շրջաններու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (27 Յունիս 1963)
Մէկ Միլիոն Փեսօ Նուէր Պէյրութի Ճեմարանին Պուէնոս Այրէսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»-ի 19 յունիսի թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալ ուրախալի լուրը.- Հայաստանի անկախութեան 45-րդ տարեդարձին առիթով իբրեւ օրուան բանախօս Սմբատ Թորգոմեան ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (26 Յունիս 1963)
Մխիթարեան Հայրերու Կարեւոր Ձեռնարկը Մաշտոցի 1600-ամեակի Առթիւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակը յաւերժացնելու նպատակով Մխիթարեան տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ Ս. Ղազարու մատենադարանի ձեռագրերու մանրանկարներուն գունատիպ հրատարակութիւնը` շքեղ ու հարազատ արտատպումներով, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ
Ամերիկեան Համալսարանի Հայ Շրջանաւարտները Երէկ` երկուշաբթի, 24 յունիս, տեղի ունեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը: Վկայական ստացան հետեւեալ հայերը` զանազան ճիւղերէ: Առեւտրական բաժին.- Թորոս Տէօրտիւլեան, Հասրաթ Կապրիմարեան, Գէորգ Քեպապճեան, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1963)
Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Հիմնարկէքի Արարողութիւնը Կատարուեցաւ Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ Հայ կրթական հիմնարկութեան Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիս 1963, կէսօրէ ետք ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (22 Յունիս 1963)
Կարտինալ Ճիովաննի Մոնթինի Պապ Ընտրուեցաւ Գահակալութեան Հանդէսը Տեղի Պիտի Ունենայ Յունիս 30-Ին Եւ Նորընտիր Պապը Պիտի Ստանայ Պօղոս Զ. Անունը Փակարանի գումարման երկրորդ օրը, եւ` 5-րդ քուէարկութեան, 80 կարտինալները, որոնք ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1963)
Մեր Զաւակները Օտար Դպրոց Ղրկե՞նք Չենք գիտեր, թէ մեր զաւակները ի՛նչ պիտի սորվին օտար նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ, աւելի քան` մեր հայկական վարժարաններուն մէջ, սակայն մեծապէս կը վախնանք, որ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1963)
Իրական Թշնամիները Մարդուն գերիվեր համարած մեծագոյն սրբութիւնը հաւանաբար հայրենիքն է, այն, որ բոլոր գաղափարները իր մէջ կը խտացնէ, ընթացք ու խոյանք կու տայ միւս գաղափարներուն: Կարելիութիւններու այդ գումարին համար է, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (19 Յունիս 1963)
Հայաստան Հայաստանի Մարմարները Բնութիւնը` տարածութեամբ փոքր արդի Հայաստանին շնորհած է օգտակար հանածոներու գանձարան մը: Բազմաթիւ եւ բազմազան օգտակար հանածոներու շարքին, իրենց արտակարգ գեղեցկութեամբ, երանգներով, դիւրին յղկուելու առաւելութեամբ, տոկունութեամբ եւ այլ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1963)
Սուրիական Նամականի Եագուպիէի Ս. Հռիփսիմէ Եկեղեցւոյ Օծումը Յունիս 9, կիրակի, պատմական եւ անմոռանալի օր մը եղաւ Եագուպիէի հայ ժողովուրդին համար: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Սահակ քհնյ. Պալեանի, շաբաթ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1963)
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի 20-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Յաջողութեամբ Աւարտեց Իր Աշխատանքները Շաբաթ, 15 յունիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ բացումը կատարուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի 20-րդ Պատգամաւորական ժողովին, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (15 Յունիս 1963)
Խմբագրական Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը (Պատգամաւորական Ժողովին Առթիւ) Այսօր` շաբաթ, 15 յունիս, կը բացուի Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Պատգամաւորական ժողովը, որ ամէն տարի աւանդականօրէն կը գումարուի այս օրերուն` լսելու համար բոլոր մասնաճիւղերուն, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1963)
Համազգայինի «Քնար» Հայ Երգի Ու Պարի Խումբը Ձեռնարկներ կան, որոնք արուեստասէր հասարակութեան կողմէ անհամբերութեամբ կը սպասուին: Այդպէս էր համբաւաւոր «Գուսան» երգչախումբի պարագան, երբ մեր մէջ էր մեծ վարպետը` Բարսեղ Կանաչեան ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1963)
Տիկին Լիւսի Թիւթիւնճեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը «Ալլեքքօ Սաապ» ցուցասրահին նախաձեռնութեամբ,- Մաամարի փողոց, Վարտիէ - ուրբաթ, 7 յունիս 1963-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Լիւսի Թիւթիւնճեանի նկարներու ցուցահանդէսին: Հայ թէ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1963)
Խմբագրական Հայկական Պէյրութը Ազգային-մշակութային գետնի վրայ Պէյրութ կ՛ապրի արտակարգ եռուզեռ մը, մանաւանդ` այս ամիսներուն: Այս եռուզեռը տարուէ տարի կ՛աճի` տալով ապացոյցը կենսունակութեան մը, որ ունին մեր գաղութին մէջ գործող ազգային, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1963)
Մայիս 28-ի Շքեղ Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ (Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի) Հայաստանի անկախութեան 45-րդ տարեդարձի ցնծատօնը փառաշուք կերպով տօնակատարուեցաւ յունիս 2-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ: Սրահը լեցուն ... Շարն.

