Category: 50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Հոկտեմբեր 1964)

October 18, 2014

Հայ Դպրոցի Հրաշքը (Յաւելուածական Խօսք Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Բացման Հանդիսականներուն) Կը յուսամ, որ ներողամտութեամբ պիտի ընդունիք այս յապաղեալ ձօնը, երբ իմանաք, որ ան ձեզի կը մատուցուի անլոյս եւ անշարժ մէկու ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1964)

October 17, 2014

Հայ Մարզիկներ Ողիմպիական Մրցումներու Մէջ Վարազդատ 385 Թուականին Ողիմպիականի Մեծ Յաղթականը Եղաւ Եւ Տիրացաւ Հայկական Գահին Հին դարերէն սկսեալ, հայեր մասնակցած են ողիմպիական մրցումներուն: Պատմութեան յիշած հին ողիպիականներու վերջին յաղթականը ՀԱՅ ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (16 Հոկտեմբեր 1964)

October 16, 2014

Դաշնակցականները Պիտի Սպաննեն Սուլթան Համիտը Պոլսոյ «Հուրրիյէթ» թերթին մէջ Միտհաթ Սէրթօղլու վերի խորագիրով կը պատմէ Եըլտըզի դէպքին մասին տալով հետեւեալ մանրամասնութիւնները.- - «Հայոց Դաշնակ Քոմիթէն որոշած էր սպաննել սուլթան Ապտիւլհամիտը, ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (15 Հոկտեմբեր 1964)

October 15, 2014

Աճող Ճարտարարուեստը Լիբանանի Մէջ Օրը օրին բարգաւաճող Լիբանանը, որ մանաւանդ սա վերջին տարիներուն եղած է իւրաքանչիւր լիբանանցիի գուրգուրանքի հայրենիքը, իր լայն թափով շինարարական գործերու կողքին, գրեթէ նոյն հաւասարութեամբ կ՛ընթանայ նաեւ ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (14 Հոկտեմբեր 1964)

October 14, 2014

Ներքին Կեանք Պրիսթոլի Ճաշկերոյթէն Ետք. Մեծամասնութիւնը Կը Պահէ Իր Միութիւնը Սկզբունքային Համաձայնութիւն Սապրի Համատէի Թեկնածութեան Շուրջ Մեծամասնութեան խմբակներուն պատկանող 50 երեսփոխաններ պատասխանած էին Օսման Տանայի ճաշի հրաւէրին` «Օթէլ Պրիսթոլ»-ի մէջ: Այս ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (13 Հոկտեմբեր 1964)

October 13, 2014

Հայաստան Հրազդանի Կիրճին Անձեռակերտ Քանդակները Քարերու անձեռակերտ քանդակներու, երկաթաքարէ բնական սիւներու ինքնատիպ թանգարան մըն է Հրազդանի կիրճը: Հայ մարդուն ձեռքով շէնցած, ճոխացած բնութեան մէջ իրենց ինքնատիպ գեղեցկութիւնը ցոյց կու տան բնական ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (11 Հոկտեմբեր 1964)

October 11, 2014

Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Պաշտօնական Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը Ներկայ Եղան` Վեհափառ Հայրապետը, Կրթութեան Նախարարը, Պետական Երեսփոխաններ, Սրբազան Հայրեր Եւ Խուռներամ Բազմութիւն Մը Բարերար Ս. Խանամիրեան Մայրիներու Ազգային Կարգի Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ Երէկ` ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1964)

October 10, 2014

Խմբագրական Յաղթանակ (Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճի Բացման Առիթով) Յաղթանակ մը եւս` մեր կեանքին մէջ: Յաղթանակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, որոնք մեր կեանքը արիւնեցին անցնող տասնամեակներու ընթացքին, որոնք սակայն յաղթահարուեցան անընկճելի կամքովը ժողովուրդի մը, ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (9 Հոկտեմբեր 1964)

October 9, 2014

Հայ Կեանք Գրիգոր Շահինեան Իրանի Մէջ Ճեմարանի ուսուցիչներէն մտաւորական եւ գրական քննադատ Գրիգոր Շահինեան վերջերս Իրան գացած էր արձակուրդով: Օգտուելով իր ներկայութենէն, «Արարատ» միութիւնը կազմակերպած է դասախօսութիւններու շարք մը` գրական ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (8 Հոկտեմբեր 1964)

October 8, 2014

«Օձ, Եկո՛ւր...» «Վասնզի գիտեմ, որ նուիրական հողին բոլոր արշալոյսները` տարիներէ ի վեր մեր արիւնէ՜ն են կարմիր»... Խորագիրը Վարուժանէն է, կողմնակի մէջբերումը` Սիամանթոյէն: Երկու անզոյգ փառքեր` ազգաշունչ մեր քերթողութեան մէջ: Յորդ ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (7 Հոկտեմբեր 1964)

October 7, 2014

Գահիրէի Ժողովին Առիթով Ոչ Յանձնառու Երկիրներու Ճամբան «Բառերը իրենց կշիռը կ՛առնեն փորձառութենէն»: Եթէ կայ բառ մը, որուն կը պատշաճի Պերթրան տը Ժուվենելի այս դատումը, ատիկա այսօր «ոչ յանձնառութիւնն» է: Գալով ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (4 Հոկտեմբեր 1964)

October 4, 2014

Խմբագրական Վերամուտ Խրախուսիչ է տեսնել խիտ շարքերը աշակերտ-աշակերտուհիներու, որոնք իրենց ծնողքին հետ կամ առանձին կ՛երթան արձանագրուելու ազգային ու երկրորդական վարժարան` կազմելու համար բանակը աշակերտութեան հսկայ թիւին, զոր այսօր կը հաստատենք ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (3 Հոկտեմբեր 1964)

October 3, 2014

22 Հանրային Պարտէզներ Պիտի Շինուին Պէյրութի Մէջ  Պէյրութի քաղաքապետութեան ճարտարապետ Ժորժ Ռիաշի կարգ մը մանրամասնութիւններ տուաւ այն հանրային պարտէզներու մասին, որոնց շինութիւնը նախատեսուած է մայրաքաղաքին մէջ: Հանրային այս վայրերը կը ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (2 Հոկտեմբեր 1964)

October 2, 2014

Աւետիս Ահարոնեանի Յիշատակին Նուիրուած Դասախօսութիւն Երեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական երեկոն` նուիրուած Աւետիս Ահարոնեանի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (1 Հոկտեմբեր 1964)

October 1, 2014

Խմբագրական Երբ Հոգին Սեւ Է Ընթերցողները ուշադրութեամբ կարդացած պէտք է ըլլան թուրք անուանի լրագրող Ահմեթ Էմին Եալմանի յօդուածը, զոր կարեւորութեամբ տուած էինք մեր նախանցեալ թիւով: Վերջին քառասնամեակի Թուրքիոյ արտաքին ու ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (30 Սեպտեմբեր 1964)

September 30, 2014

«Ու Ես Կ՛երթամ Դէպի Աղբիւրը Լոյսին» (Վերամուտի Առթիւ) Քանի մը օրէն մեր դպրոցները կը վերաբացուին նորէն, ու դասաւանդութիւնները կը սկսին կանոնաւորաբար: Մեր կրթական յարկերը որպէս փեթակ` կրկին ժամադրավայրը կը դառնան ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (29 Սեպտեմբեր 1964)

September 29, 2014

Հայկական Կեանք Ցիր Ու Ցան Հայեր 600 Հայ Ընտանիքներ Կ՛ապրին Ալֆորվիլի Մէջ, Ֆրանսա Առաջին անգամ Ալֆորվիլ այցելող հայ մը իւրաքանչիւր քայլափոխին կը հանդիպի միջակ ու յառաջացած տարիք ունեցող անցորդներու որոնք ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (27 Սեպտեմբեր 1963)

September 27, 2014

Խմբագրական Բախտորոշ Վէճ Մը Կիպրական տագնապին առիթով Մոսկուայի ցուցաբերած մեղմութիւնը մնաց անբացատրելի: Եղան զանազան ենթադրութիւններ, որոնցմէ ոմանք հաւատալի էին, ուրիշներ ցնորքի սահմաններուն կը մօտենային: Իրականութիւնն այն է, որ Խրուշչեւ, տագնապին ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1964)

50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1964)

September 26, 2014

«Սավիեմ Շոսոն... Դիւրավար` Փոքր Ինքնաշարժներու Նման», Կ՛Ըսեն Շարժավարները Երկուշաբթի կէսօրէ ետք կրցանք հիացումով դիտել պատկառելի զանգուածը 39 «Սավիեմ Շոսոն» նոր օթոպիւսներուն, որոնք արդէն իսկ հասած են Պէյրութ եւ կը ներկայացնեն ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (25 Սեպտեմբեր 1964)

September 25, 2014

Խմբագրական Փառաւոր Էջ Մը   Երէկ Լիբանան ապրեցաւ պատմական անմոռանալի օր մը: Իր սահմանադրական երդումով, Լիբանանի անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ուխտը կատարելէ ետք, երեսփոխանական ժողովի հանդիսաւոր նիստին, նախագահ Շարլ ... Շարն.