Category: 50 Տարի Առաջ

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 26, 2012

ՄԱԼԽԱՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ Տիկին Մալխասի Միացեալ Նահանգներ վերադարձի առթիւ, Համազգայինի Կեդր. վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ վաստակաւոր գրագէտ Մալխասի նուիրուած յիշատակի ոգեկոչումի հաւաքոյթ մը, շաբաթ, 20 յունուարի երեկոյեան, Ճեմարանի «Յ. Տէր ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (25 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 25, 2012

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԸ Լիբանան հրաշքներու երկիրն է, 1958-ին, երբ ամէն ոք մութ կը տեսնէր այս երկրի ապագան, լիբանանցիք, հիանալի ինքնագիտակցութեամբ մը, գտան իրաւախոհութեան այն ճամբան, որ անելէն դուրս պիտի բերէր ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 24, 2012

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ՄԷՋ Անցնող տարուան դեկտեմբեր ամիսը անկիւնադարձ մը կազմեց Պէյրութի Քարանթինա թաղի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի կեանքին մէջ: Արդարեւ, այս շրջանին արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր դպրոցին եւ իր շրջանակին ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 23, 2012

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՄԱՅՐ ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ 5000 ՏՈԼԱՐԻ ՆՈՐ ՆՈՒԷՐԸ «Հայրենիք»-ի մէջ (18 յունուար) կը կարդանք.-Ծանօթ է մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն` մայր Սոֆիա Յակոբեանի 10,000 տոլարի նուիրատուութիւնը Հայ օգնութեան միութեան, անցեալ ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 21, 2012

ԱՆՀԵՏԱՑՈՂ ՄԵԾԵՐԸ ՖԱՐԵՍ ԽՈՒՐԻ ԵՒ ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊ Դամասկոսի մէջ մեռաւ Ֆարես Խուրի, երկար հիւանդութենէ ետք: Սուրիացի յայտնի դիւանագէտը աւելի քան 85 տարեկան էր: Միջազգային դէմք դարձաւ, երբ ներկայացուց Սուրիան Միացեալ ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 20, 2012

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅՐ ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԸ Հռոմի հայ գաղութը դեկտեմբերի վերջին օրը նշած է հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մահուան 50-ամեակը: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք վարժարանի ընդարձակ դահլիճին մէջ սկսած է հանդիսութիւնը: ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 19, 2012

Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ԸՆԴ ԹԱՏԵՐԱՍԻՐԱՑ  («ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ»-ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ) Սիրելի՛ տղաք, Շատեր շատ բան գրած ու ըսած են ձեր խումբին ու գործունէութեան մասին` վկայ վերջին 20 տարուան հայ մամուլն ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (18 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 18, 2012

ՏՈՄՍԵՐ Ա. ՄԱԼԽԱՍ Շատ դժուար կը թուի Մալխասը ջնջել ապրողներու շարքէն եւ արձանագրել զայն` անդարձ մեկնած: Պարզապէս մահը չի պատշաճիր Մալխասին: Իր յառաջացած տարիքին մէջ իսկ, տակաւին վեց-եօթը տարի առաջ, ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (17 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 17, 2012

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՀԱՅԱՇԷՆԻ ՄԷՋ (ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»-Ի) Խորէն արք. Բարոյեան բարեջան առաջնորդ հայոց Լիբանանի, հովուական այցելութիւն տուաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ եւ անոր զաւակներուն, եկեղեցւոյս տօնին առիթով, 14 յունուար ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 16, 2012

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆՊԱՍՏԸ ՌՈՒՍ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ Հինէն ի վեր հայ գիտնականները կարեւոր նպաստ մը բերած են ռուս գիտութեան: Դեռ անցեալ դարու վերջերուն եւ մեր դարուն սկիզբը ռուս գիտութեան մէջ համբաւ ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 14, 2012

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՊՈԼՍՈՅ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՈՐՈԳՈՒԻ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՖՈՆՏԷՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ Է 98.000 ՈՍԿԻ Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք սրբազան, ընկերակցութեամբ Սուրէն արք. Քեմհաճեանի, այցելած է Գանտիլլի, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին ու ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 13, 2012

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը այս տարի կը թեւակոխէ իր գործունէութեան քսաներորդ տարին: Այս հանդիսաւոր առիթով թատերախումբին վարչութիւնը գովելի գաղափարն ունեցած է անգամ մը եւս հասարակութեան ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 12, 2012

ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ՊՈԼՍՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԱՊԱԳԱՅ ԾՐԱԳԻՐԸ Ծնունդի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցած են Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն եւ Կեսարիոյ եկեղեցիին մէջ: Պոլսոյ աթոռանիստ մայր եկեղեցիին ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 11, 2012

ՏՈՄՍԵՐ «ՄԻՀՐԱՆԱԿԱՆ» ԿՈՉ ՄԸ Ո՞վ չի գիտեր ստախօս հովիւ Միհրանին պատմութիւնը: Այն, որ քանի՜ քանի՛ անգամ խաբած էր գիւղացիները` «գայլ կա՛յ» պոռալով: Եւ օր մըն ալ, երբ իրապէս եկած էին ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 10, 2012

ԱԶԳԱՅԻՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱԼԽԱՍԻ Երէկ` երեքշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նոր Մարաշի Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ թաղմանական կարգն ու յուղարկաւորութիւնը գրագէտ Մալխասի: Շատ կանուխէն եկեղեցին եւ շրջակաները լեցուած ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 9, 2012

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱԼԽԱՍԸ «Հին պահակագունդ»-ի վերջին նուիրեալներէն մէկն ալ անդարձ բաժնուեցաւ մեզմէ: Մահը տարաւ ինչ որ կորնչելի էր Մալխասէն` մեզի ձգելով այն, որ բաժինն է անմահութեան, հայ ժողովուրդի սրտին մէջ: Շատոնց ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 6, 2012

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԾՆՈՒՆԴ Աշխարհի գլխուն ծանրացող ահաւոր տագնապի այս օրերուն տառապակոծ մարդկութեան փրկութեան յոյսն է դարձեալ, որ մշտանորոգ երազ ինչպէս, կը յաճախէ քրիստոնեայ մարդու հոգին: Ծնունդի տօներու խորհուրդին մէջ իյնա՞լ յոռետեսութեան ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 5, 2012

ՀԱՅԿՈՒՀԻ ԽՏԸՇԵԱՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԲԵՄԻ ՎՐԱՅ Դերասանուհի Հայկուհի Խտըշեան-Լա Շասանեը ծանօթ է փարիզահայութեան իր բեմական փայլուն գործունէութեամբ: Արդարեւ, երիտասարդ դերասանուհին ամէն անգամ ալ իր մասնակցութեամբ յաջողած է բարձրացնել որակը փարիզահայ բեմին ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (4 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 4, 2012

ՔՈՒԼԻՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՆ Պէյրութահայ «Քուլիս»-ականներու նորակազմ թատերախումբը իր առաջին ձեռնարկը ունեցաւ կիրակի, 17 դեկտեմբեր 1961 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ամերիկեան համալսարանի «Ուէսթ հոլ» սրահին մէջ, տալով գեղարուեստական երեկոյ մը: Քեմանչայի անզուգական ... Շարն.

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

January 3, 2012

ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱՅ (ԿԱՂԱՆԴԻ ԱՌԹԻՒ) Ուրախութիւն մը կայ ձմեռը, երբ օրերը մութ են ու տխուր: Ուրախութեան տօներ կան` Ծնունդն ու Կաղանդը: Ձմեռը, երբ տերեւաթափ ծառերը խաչեցեալին պէս են պողոտաներուն վրայ, ... Շարն.