Category: Լիբանանեան
Թամմամ Սալամ Ընդունեց Քի Մունի Ներկայացուցիչը
Փլամպլի եւ Սալամ Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ ... Շարն.
Արսալի Մէջ Խալետ Եւ Եուսեֆ Հուժէյրիները Կը Սպաննուին
Արսալի մէջ երէկ սպաննուեցան Եուսեֆ եւ Խալետ Հուժէյրիները, որոնք Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրիի հօրեղբօրորդիներն են։ Խալետ եւ Եուսեֆ Հուժէյրիներուն սպանութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուեցան երկու վարկածներ, որոնցմէ առաջինը այն էր, ... Շարն.
Միքաթի. «Լիբանանի Տնտեսական Կացութիւնը Տակաւին Լաւ Է Եւ Այդ Իմաստով Մտահոգ Չեմ»
Միքաթի՝ Տնտեսական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Տնտեսական խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին առումով ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Երկրագործութեան Նախարարին Հետ Կը Քննարկէ Կաթի Արտադրութեան Թղթածրարը
Սապունճեան՝ կաթնեղէնի արտադրութեան գործարաններու սեփականատէրերու պատուիրակութեան հետ Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց կաթի եւ կաթնեղէնի արտադրութեան գործարաններու սեփականատէրերու խմբակցութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ժաք Քալլասիի։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ արտաքին ... Շարն.
Ժահժահ. «Հըզպալլա Նաւահանգիստին Մէջ Ապօրինի Անցքեր Կը Տնօրինէ»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կէսօրէ ետք Մեհրապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի Աշուրայի առիթով արտասանած ճառերուն։ Ժահժահ նշեց, որ ... Շարն.
Իպրահիմ Պաշիրի Հարցաքննութիւնը Այսօրուան Յետաձգուեցաւ
Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ երէկ սկսաւ հարցաքննել Օժանդակութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Պաշիրը՝ պետութեան դրամը իւրացնելու եւ լուալու յանցանքով։ Սակայն Պաշիրի հարցաքննութիւնը այսօրուան յետաձգուեցաւ, որովհետեւ ան խնդրեց իր ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրած է միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 19 նոյեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին։ ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի ... Շարն.
«Պաապտայի Յայտարարութեան» Նկատմամբ Համախոհութիւնը Հաստատուած Է Եւ Անոր Դէմ Հակադրուելու Առիթ Չկայ» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ առաւօտեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց եւ նախագահեց «1943-ի ազգային ուխտէն «Պաապտայի յայտարարութիւն» խորագիրը կրող համագումարին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններ։ ... Շարն.
Մարուան Շարպել Կը Յայտարարէ Թրիփոլիի Ապահովական Ծրագիրի Երկրորդ Հանգրուանի Գործադրութեան Սկիզբը
Թրիփոլիի մէջ շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին արձանագրուեցան զինեալ բախումներ՝ ապահովութեան ուժերուն եւ զինեալներուն միջեւ։ Զինեալ բախումները պատճառեցին վիրաւոր մը եւ նիւթական մեծ վնասներ։ Նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Մարուան ... Շարն.
Միքաթի. «Թրիփոլիի Իրաւունքն Է, Որ Անոր Ղեկավարները Վերջ Տան Անոր Խոցելի Կէտերուն Շահագործումին»
Նեժիպ Միքաթի Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ հովանաւորեց Ազըմի երիտասարդներ շարժումին տարեկան ձեռնարկին, որուն ընթացքին խօսք առնելով շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակը իր դիրքաւորումը կը շարունակէ՝ գործադրելով ... Շարն.
Ժորժ Ժրէյժ՝ Պէյրութի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նոր Նախագահ
Ժորժ Ժրէյժ Իրաւաբաններու Պէյրութի սենտիքային մէջ երէկ տեղի ունեցան սենտիքայի նախագահի ընտրութիւններ, որոնց աւարտին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Ժորժ Ժրէյժ ընտրուեցաւ սենտիքայի նախագահ՝ պարտութեան մատնելով իր հիմնական մրցակիցը՝ Ֆատի ... Շարն.
Լիբանան Կազմ Ու Պատրաստ Կը Շարունակէ Ընդունիլ Սուրիացի Գաղթականները
Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ իր անձնակազմը կազմ ու պատրաստ է դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը դիմաւորելու Արեւելեան Պեքաայի եւ յատկապէս Արսալի կողմէն։ Ըստ նախարարութեան, այս նպատակով արդէն իսկ ... Շարն.
Ֆրենժիէ. «Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքին Չեմ Վստահիր»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ։ Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ իր կատարած յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ իրենց համար խիստ մերժելի ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Մեկնեցաւ Հռոմ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Վատիկան, ուր պիտի մասնակցի Ֆրանչիսկոս Ա. պապին նախագահութեամբ տեղի ունենալիք Արեւելքի պատրիարքութիւններուն նիստին, որուն ընթացքին լիբանանեան թղթածրարը իր բոլոր ճիւղաւորումներով պիտի քննարկուի։ Ռայի ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ եթէ արաբական ընկերութիւնը քայքայուած չըլլար, ապա արմատականութիւնը չէր յաջողեր պառակտել զայն։ ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ ... Շարն.
Պքերքէի Մէջ Հնչեցին Ազգային Երկխօսութեան Վերադառնալու Կոչեր Եւ Նախագահի Փոփոխութեան Ու Կառավարութեան Կազմութեան Գծով Յայտնուեցան Զօրակցութիւններ
Նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարք Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, ներկայութեամբ Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին։ Հանդիպումէն ետք ... Շարն.
«Դատական Գործառնութիւնները Պէտք Է Շարունակել Առանց Ճնշումներէն Ազդուելու» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Նախագահ Սլէյման եւ դատախազ Համմուտ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընդհանուր դատախազը փոխարինող դատախազ Սամիր Համմուտը, որուն հետ քննարկեց կարգ մը թղթածրարներու վերաբերող դատական աշխատանքի ... Շարն.
«Սուրիայէն Մեր Հեռացումը Պահանջողը Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Ամլացնող Նախապայման Կ՛առաջադրէ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Սէյիտ Նասրալլա՝ իր ուղղած ճառին ընթացքինԱշուրայի սգատօնին առիթով՝ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր անձամբ ներկայ գտնուեցաւ Ռուէյսի «Ռայա» դաշտին մէջ տեղի ունեցած հաւաքին։Այսպիսով, սէյիտ Նասրալլա նուազ քան ... Շարն.
Խօսք Առնելով Արաբական Դրամատուներու Միութեան 40-ամեակի Հանդիսութեան՝. Սարգիս Եողուրթճեան Անդրադարձաւ Միջազգային Դրամատնային Մարզերու Խրթին Հարցերուն
Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ կազմակերպութեամբ Արաբական Դրամատուներու միութեան, հինգշաբթի, 14 նոյեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պէյրութի Այն Մրէյսէ շրջանի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաբական դրամատուներու միութեան ... Շարն.
Եազիժի Պատրիարքը Ուղղուեցաւ Փարիզ
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Փարիզ, ուր պիտի ձեռնադրէ եպիսկոպոսներ եւ ապա պիտի մեկնի Գերմանիա։ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած իր յայտարարութիւններուն ... Շարն.

