Category: Լիբանանեան
Հաղորդագրութիւն
Երէկ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հարաւային արուարձանները ցնցած ականահարումին առնչութեամբ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. Բուռն կերպով կը դատապարտեմ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու ահաբեկչական պայթումը, որ թիրախ ունի լիբանանեան բոլոր ... Շարն.
Լիբանանեան Պատերազմի Դառն Օրերը Յիշեցնելով. Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններու Ռուէյս Շրջանը` Պատճառելով 24 Զոհ Եւ Շուրջ 250 Վիրաւոր
1975-ի բռնկած լիբանանեան պատերազմի դառն օրերը յիշեցնող ուժգին պայթում մը հինգշաբթի, 15 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին ցնցեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Ռուէյս շրջանը: Պայթումի յանցագործներուն ... Շարն.
Յուլիսեան Պատերազմի Յաղթանակի Հանդիսութեան Իր Խօսքին Մէջ. Սէյիտ Նասրալլա Իսրայէլի Գործակալ Իսլամական Արմատականներուն Վերագրեց Ռուէյսի Պայթումին Պատասխանատուութիւնը
Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին «Ան որ գործադրեց Ռուէյսի պայթումը վճռած է բռնկեցնել ամբողջ շրջանը, եւ կը գտնուինք սկզբնական փուլին մէջ», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ, Այթա ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին
Ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս կը յարգեն Ռուէյսի պայթումի զոհերուն յիշատակը Նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ներկայութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ապահովական թէ զինուորական պատկան կառոյցներու պետերուն, նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն ... Շարն.
Մամլոյ Արձակուրդ
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 16 օգոստոս 2013-ին: Շարն.
Առեւանգուած Թուրք Քաղաքացիներուն Հարցով Շարպել Ընդունեց Թրքական Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը
Լիբանանի մէջ թուրք օդաչուին եւ անոր օգնականին առեւանգումին թղթածրարը քննարկելու նպատակով նախանցեալ երեկոյեան Թուրքիոյ բանակի գաղտնի սպասարկութեան փոխտնօրէն Ապտիւլ Ռահման Պալըճք ժամանեց Պէյրութ` գլխաւորելով թրքական զինուորական պատուիրակութիւն մը: Ներքին գործոց ... Շարն.
Պէյթէտտինի Նախագահական Ամարանոցէն. «Պիտի Կազմուի Երկրի Ներկայ Կացութեան Համապատասխան Գործունէութիւն Տանող Կառավարութիւն Մը» Յայտարարեց Վարչապետ Սալամ
Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յետմիջօրէին Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հարցը: Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, ... Շարն.
Սէյիտ Նասրալլա Ստանձնեց Դիմադրութեան Պատասխանատուութիւնը Լապպունէի Մէջ Իսրայէլեան Վաշտը Թիրախ Դարձուցած Ռումբերու Պայթեցման Գծով
2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ յուլիսեան պատերազմին ... Շարն.
Մանսուր Իսրայէլի Դէմ Բողոքեց` Սահմանային Կապոյտ Գիծը Խախտելու Անոր Արարքին Համար
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցչութեան ընդմէջէն բողոք մը յղեց Իսրայէլի դէմ` 7 օգոստոս 2013-ին Լիբանանի դէմ անոր գործած ոտնձգութեան եւ սահմանային Կապոյտ գիծը ... Շարն.
Ժեմայէլ Ընդունեց Ազրպէյճանի Դեսպանը
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Մահեր Ալիեւը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ֆաթֆաթը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի մէկ պատուիրակութիւնը, զոր գլխաւորեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ: Հանդիպումէն ետք Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք Մուսթաքպալ հոսանքին պատուէրով կատարած ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ ... Շարն.
Առեւանգուած Թուրք Օդաչուներուն Եւ Ազեզի Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ազատ Արձակումին Թղթածրարը Տեղքայլի Մէջ Կը Մնայ
Էօզեըլտըզ եւ Սինիորա Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան միջոցներու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին անդամ երեսփոխանները երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Իսրայէլի Դէմ Ներկայացուելիք Բողոքին Մանրամասնութիւնները
Նախագահ Սլէյման եւ Մանսուր Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի նախագահական ամարանոցին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Իսրայէլի դէմ ներկայացուելիք բողոքին մանրամասնութիւնները, ինչպէս ... Շարն.
Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Մէջ Չընդունելու Սուրիացի Գաղթականները
Համախմբումի նիստէն պահ մը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ կարդաց համախմբումին նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը: ... Շարն.
Սապունճեան Ընդունեց «Լիպնոր»-ի Տնօրէն Խորհուրդը
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Լիպնոր» չափանիշերու եւ յատկութիւններու հաստատութեան տնօրէն խորհուրդը` նախագահութեամբ հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Լինա Տըրղամի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Լիպնոր»-ի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Միութիւնը Յունաստանի Եւ Բրիտանիոյ Մէջ Բացած Է Լիբանանեան Արտադրութեան Արտածումի Գրասենեակներ
Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ երէկ շեշտեց, որ միութիւնը մեծ ջանքեր ի գործ դրած է աշխուժացնելու իր պաշտօնական կայքէջը, որ առիթ ընծայած է անոր արագ կապեր հաստատելու եւ ... Շարն.
Մուսթաքպալի Պլոք. «Կը Դատապարտենք Թուրքերուն Առեւանգումը, Իսկ Հըզպալլա Պէտք Է Օժանդակէ Անոնց Ազատ Արձակումի Ջանքերուն»
Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն պահ մը Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի նիստին, որ տեղի ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ ... Շարն.
Ժոմպլաթ Սուրիայէն Հեռանալու Կոչ Կ՛ուղղէ Սէյիտ Նասրալլայի
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ սուրիական բանակը համայնքային կողմնորոշում ունեցող բանակ մըն է` աւելցնելով, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այս շաբթուան ընթացքին երկու պատկերասփռուած ճառեր պիտի արտասանէ: Առաջինը` այսօր երեկոյեան «Մայատին» կայանին հետ իր ունենալիք հարցազրոյցին ընթացքին, իսկ երկրորդը` ուրբաթ օր, յուլիսեան պատերազմին ... Շարն.

