Category: Լիբանանեան
Էլիաս Մըր Ամօթ Կը Նկատէ Վարչապետ Միքաթիի Առած Քայլը
Էլիաս Մըր Նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըր ամօթ նկատեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ իսլամական արգելափակեալներուն երաշխաւորագիները վճարելու քայլը: «Հակառակ անոր որ մենք համաձայն չենք, որ անհատ մը առանց դատավարութեան բերման ենթարկուի ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ան շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է մշակէ այնպիսի օրէնքներ, որոնց հիման ... Շարն.
Հանրապետութեան Եւ Խորհրդարանի Նախագահները Ընդունեցին Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութիւնը
Նախագահ Սլէյման` Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան հետ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Պուլկարիոյ, Լեհաստանի եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոլայ ... Շարն.
Բագրատունի Կ՛անդրադառնայ Ազգային Երկխօսութեան Հարցին
Եւրոպական խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Լեհաստանի, Պուլկարիոյ եւ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարները, երէկ այցելեց խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանական արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ապտել Լաթիֆ Զէյնի ... Շարն.
Վերա Եագուպեան Եւ Պարոյր Աղպաշեան` Խմբագիրներու Սենտիքայի Յանձնախումբերու Անդամ
Վերա Եագուպեան Խմբագիրներու սենտիքան Հազմիէի իր կեդրոնին մէջ երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Էլիաս Աունի: Նիստին ընթացքին սենտիքան նշանակեց իր խորհրդատուները, որոնք են Թոնի Ֆրանսիս, Մոհթազ Միտանի, Ֆուատ Խարսա, ... Շարն.
Զօր. Աուն Եռօրեայ Այցելութեամբ Մը Կը Ժամանէ Զահլէ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ եռօրեայ այցելութեամբ մը ժամանեց Զահլէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսին հետ: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ... Շարն.
Պրազիլի Մէջ Միքաթի Կ՛ընդգծէ Լիբանանին Հատուցումներ Կատարելու Իսրայէլի Պարտաւորութիւնը
Վարչապետ Միքաթի` «Ռիօ+20» խորհրդաժողովին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ռիօ տէ Ժանէյրոյի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման յատուկ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Այցելեց Պեքաայի Գործարանները
Ոգելից ըմպելիի գործարանի մը մէջ Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի եւ կարգ մը շրջաններու քաղաքապետերուն այցելեց Պեքաայի գործարաններն ու հաստատութիւնները, որոնց շարքին են ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մարտ 14-ի Ուժերու Քրիստոնեայ Ներկայացուցիչները
Ռայի պատրիարքը` շրջապատուած Մարտ 14-ի քրիստոնէական ուժերու ներկայացուցիչներով եւ եպիսկոպոսներով: Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող քրիստոնեայ ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԲԱՆԱԿԸ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, թէ յառաջիկայ 15 յուլիսէն սկսեալ Նահր Պարետ գաղթակայան մուտք գործելու նպատակով բոլոր արտօնագիրներու դրութիւնը պիտի ջնջուի: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Կը Պատրաստուի Նախագահելու Ազգային Երկխօսութեան Երկրորդ Նիստին
Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Ապու Ֆաուր Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, որ կը պատրաստուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր նախագահելու Ազգային երկխօսութեան երկրորդ նիստին, երէկ դրուատեց իսլամ-քրիստոնեայ վեհաժողովէն բխած բանաձեւերը` զանոնք նկատելով ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Պաղեստինեան Պատուիրակութիւն Մը
Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ ու Լիբանանի մէջ պաղեստինեան թղթածրարի պատասխանատու Ազզամ Ահմետը եւ անոր ... Շարն.
Ղոսըն. «Բանակը Որոշ Չափով Ինքնազսպումի Կ՛Ենթարկուի»
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ պաղեստինեան ղեկավարութիւններուն հետ իրենց ունեցած հաղորդակցութիւններուն ընթացքին անոնք շեշտած են խաղաղութիւնը պահպանելու իրենց յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց մերժումը` բանակին եւ պաղեստինցի գաղթականներուն միջեւ բախումներուն: ... Շարն.
Փոխվարչապետը Այցելեց Ամին Ժեմայէլի
Մուքպել եւ Ժեմայէլ Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ Ժեմայէլի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Իպրահիմ Քանաանը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ ինք Ռայի ... Շարն.
Շարպել. «Քաղաքական Բարձր Մակարդակի Վրայ Որոշում Տրուած Է Ճամբաները Փակելու Քայլերուն Վերջ Տալու»
Էխհորեսթ եւ նախարար Շարպել Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ քաղաքական բարձր մակարդակներու վրայ տրուած են այնպիսի որոշումներ, որոնք կը միտին արգիլել նստացոյցերն ու ճամբաները փակելու ... Շարն.
Ժահժահ. «Պաշշար Ասատի Վարչակարգին Կեանքը Կարճ Է»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց ուսանողական պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական կարգ մը պատասխանատուներուն Պրազիլ այցելութիւնը` Ռիօ տի Ժանէյրոյի մէջ տեղի ունեցող ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք շեշտեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է ընդառաջել առանց նախապայմանի տեղի ունեցող Ազգային երկխօսութեան նիստերուն: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆուատ ... Շարն.
Պըրրի Կը Խոստանայ Գործակցիլ Բանակին Եւ Հըզպալլայի Հետ` Արգիլելու Համար Ճամբաները Փակելու Արարքը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է վերջ տալ ճամբաները փակելու արարքներուն` աւելցնելով, որ բանակին եւ Հըզպալլայի հետ պիտի գործակցի` վերջ տալու համար գետնի վրայ որդեգրուող այս քայլերուն: ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ֆայեզ Ղոսընը
Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին ... Շարն.

