Category: Լիբանանեան
Արսալի Մէջ Լիբանանցի Քաղաքացի Մը Կ՛Առեւանգուի Եւ Ժամեր Ետք Ազատ Կ՛Արձակուի
Սուրիական ուժերը երէկ Արսալի մէջ առեւանգեցին Մոհամետ Խալետ Հուժէյրի անունով քաղաքացի մը, որ իր տան պարտէզին մէջ կեռաս կը քաղէր: Սակայն բաղդատած նախորդ առեւանգումի դէպքերուն, Հուժէյրիի առեւանգումը տեւեց միայն քանի ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Փոխվարչապետին Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման գոհունակութիւն յայտնեց Ուատի Խալետի մէջ առեւանգուած քաղաքացիներուն ազատ արձակումին համար: Ան շեշտեց, որ ժխտական բոլոր աշխատանքներն ու արարքները պէտք է կասեցնել` վերջ տալու համար երկրին ... Շարն.
Պըրրի. «Այս Հանգրուանին Երկխօսութիւնը Դարձած Է Անհրաժեշտութիւն Եւ Ոչ Թէ Կարիք»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածելու դաւադրական ծրագիր մը կայ, որ կը պատրաստուի Իսրայէլի կողմէ` նկատի ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Կը Շեշտէ Լիբանանեան Զբօսաշրջութիւնը Ծանուցելու Անհրաժեշտութիւնը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ամրան ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզին բարելաւման վերաբերող հանդիպումի մը, որ կը կրէր «Ի՞նչ կայ Լիբանանի մէջ» խորագիրը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, ... Շարն.
Միջազգային Դատական Ատեանի Հիմնումին Օրինականութիւնը` Կասկածի Տակ
Լա Հէյի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նիստ մը` այդ ատեանին հիմնումին օրինականութեան մասին: Դատավարութեան ընթացքին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած Մուսթաֆա Պատրէտտինի, Սելիմ ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Հովանաւորեց Նորարարութեան Վկայագիրներու Հաստատումը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան հովանաւորեց Հնարքներու եւ արհեստագիտութեան կեդրոնին կողմէ նորարարութեան վկայագիրներու հաստատումին յատուկ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Ճարտարարուեստի ուսումնասիրութեան հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Ֆրըն, նախկին նախարար Էլիաս Հաննա, Լիբանանի ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՏԻԿԱՆԸ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. պապը պիտի այցելէ Լիբանան: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երկխօսութեան յառաջիկայ նիստը 25 յունիսին ճշդեց` վարչապետ Նեժիպ ... Շարն.
Կառավարութիւնը Վաւերացուց Բարգաւաճման Ծրագիրներու Յատուկ Համաձայնագիրներ
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն բացակայեցան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ պետական նախարար Սելիմ Քարամ: Կառավարութիւնը քննարկեց 92 ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը` ընկերակցութեամբ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին անդամներուն ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Այցելեց Եարզէ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, երէկ այցելեց Եարզէ, ուր դիմաւորուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կողմէ: Ապա պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպայակոյտին ... Շարն.
Ամին Ժեմայէլ. «Պատրաստ Եմ Հանդիպում Ունենալու Սէյիտ Նասրալլայի Հետ»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ յայտնեց, որ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը միայն զէնքի ազդակին վրայ չէ հիմնուած, այլեւ` երկրին տնտեսական վիճակին եւ ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան այլ տուեալներու ... Շարն.
«Լիբանան-Սուրիա Սահմանային Իրավիճակը Մերժելի Է» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ... Շարն.
Հարիրի Կը Հերքէ «Էլ. Պի. Սի.» Կայանի Հաղորդումը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հերքեց «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռած տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Ռիատի մէջ իր եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հանդիպումին: Հարիրի զարմանք յայտնեց, որ նման ... Շարն.
Ըստ Վարչապետ Միքաթիի Թրիփոլիի Դէմ Դաւադրութիւնը Կը Շարունակուի` Անոր Միասնականութիւնը Երկփեղկելու Նպատակով
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող բախումները մերժող քաղաքացիական խորհուրդները, որոնց ջանքերը դրուատեց` հաստատելով, որ Թրիփոլիի դէմ դաւադրութիւնը կը շարունակուի 1975-էն ի վեր: Այդ դաւադրութեան հիմնական ... Շարն.
«Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Իրադարձութիւնները Վտանգի Փողեր Կը Հնչեցնեն» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պաապտայի մէջ նախանցեալ օրուան Ազգային երկխօսութեան նիստը շատ լաւ հանդիպում մը եղած է: Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. ... Շարն.
Ապատի Կ՛ողջունէ Նախագահ Սլէյմանի Նախաձեռնած Ազգային Երկխօսութեան Նիստը
Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը, որուն նպատակն է լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ կեցուածքները միասնականացնել եւ տեսակէտներու փոխանակում ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական զարգացումները: Հըս կոչ ուղղեց պահպանելու արաբական սկզբունքները ... Շարն.
Երեսփոխան Բագրատունիի Խօսքը` Ազգային Երկխօսութեան Նիստին
Երէկուան Ազգային երկխօսութեան նիստին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի իր այս հրաւէրին համար, ապա շեշտեց, որ թէ՛ հայ համայնքին, թէ՛ ՀՅ ... Շարն.
Ազգային Երկխօսութեան Նիստը Կոչ Ուղղեց Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սահմանային Կացութիւնը Հաւասարակշռելու
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի նախագահական պալատի 22 նոյեմբերի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստը: Նիստին ներկայ գտնուեցան նախագահ Սլէյման, խորհրդարանի ... Շարն.
Սլէյման Ահմետ Վերադարձաւ Ուատի Խալետ
Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ Ուատի Խալետ շրջանին մէջ Սլէյման Ահմետի առեւանգումին եւ այս արարքին իբրեւ պատասխան 9 ալեւիներ առեւանգելու հարցը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ: Ուատի Խալետի բնակիչները փակեցին Պքայաա - Ուատի Խալետ ... Շարն.

