Category: Լիբանանեան

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

May 22, 2012

Երէկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Էլի Մարունիի, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ: ... Շարն.

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Կայքէջին Հետ Հարցազրոյ Մը Ունենալով «Ոչ Լիբանանեան Կողմեր Կ՛ուզեն Հարցերը Հակակշիռէ Դուրս Բերել» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Կայքէջին Հետ Հարցազրոյ Մը Ունենալով «Ոչ Լիբանանեան Կողմեր Կ՛ուզեն Հարցերը Հակակշիռէ Դուրս Բերել» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

May 22, 2012

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կայքէջի հարցումներուն պատասխանելով անդրադարձաւ երկրի ընդհանուր կացութեան, յատկապէս վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ` նշելով, որ երկխօսութիւնը յարմարագոյն լուծումն է հարցերուն: ... Շարն.

Քուէյխաթի Զոհերը Հողին Յանձնուեցան Ցասումի Մթնոլորտի Մէջ. Սպաննուած Շէյխ Ապտել Ուահետի Հետեւորդները Կը Սպառնան Սաստկացնել Կացութիւնը, Եթէ Անտեսուին Իրենց Պահանջները

Քուէյխաթի Զոհերը Հողին Յանձնուեցան Ցասումի Մթնոլորտի Մէջ. Սպաննուած Շէյխ Ապտել Ուահետի Հետեւորդները Կը Սպառնան Սաստկացնել Կացութիւնը, Եթէ Անտեսուին Իրենց Պահանջները

May 22, 2012

Ցասումի եւ զայրոյթի բուռն մթնոլորտի մէջ ու կրակոցներու տարափին տակ երէկ յետմիջօրէին, Հիւսիսի Աքքարի շրջանի Հալպա գաւառի բնակիչները հողին յանձնեցին Քուէյխաթի դէպքին զոհերը` շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետն ու անոր ընկերակիցը: ... Շարն.

Գիշերային Բուռն Բախումներէ Ետք Թարիք Ժտիտէի Շրջանը Վերագտաւ Իր Զգուշաւոր Հանդարտութիւնը

Գիշերային Բուռն Բախումներէ Ետք Թարիք Ժտիտէի Շրջանը Վերագտաւ Իր Զգուշաւոր Հանդարտութիւնը

May 22, 2012

Շնորհիւ բանակի ու ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ միջնորդ խաղաղարար կողմերուն, երէկ կանուխ առաւօտուն կարելի եղաւ դադրեցնել կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին Արեւմտեան Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ ծագած բուռն բախումները: ... Շարն.

«Արաբական Կարգ Մը Երկիրներու` Լիբանանէն Հեռանալու Կոչը Ժամանակաւոր Է» Յայտարարեց Նախարար Ատնան Մանսուր

«Արաբական Կարգ Մը Երկիրներու` Լիբանանէն Հեռանալու Կոչը Ժամանակաւոր Է» Յայտարարեց Նախարար Ատնան Մանսուր

May 22, 2012

«Արաբական կարգ մը երկիրներու իրենց քաղաքացիներուն ուղղած կոչը` խուսափելու Լիբանան ժամանելէ, ժամանակաւոր որոշում է ու կ՛առնչուի երկրին ապահովական վերջին իրադարձութեանց», երէկ յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր` ընդգծելով, որ ինք ... Շարն.

Աշխատանքի Առիթներու 11-րդ Ցուցահանդէս. «Աշխատանքի Կարելիութիւններ Կան Բոլոր Մարզերու Մէջ» Յայտարարեց Նախարար Սապունճեան

Աշխատանքի Առիթներու 11-րդ Ցուցահանդէս. «Աշխատանքի Կարելիութիւններ Կան Բոլոր Մարզերու Մէջ» Յայտարարեց Նախարար Սապունճեան

May 22, 2012

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան բացումը կատարեց Աշխատանքի առիթներու 11-րդ ցուցահանդէսին` ամերիկեան «Էյ. Եու. Էս. Թի.» համալսարանին մէջ, ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ Հիամ Սաքրի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու, ակադեմականներու եւ ուսանողներու: 115 ... Շարն.

Շէյխ Ապտել Ուահետի Սպանութեան Դէպքը Բռնկեցուց Երկրին Մէջ Տիրող Լարուած Մթնոլորտը

Շէյխ Ապտել Ուահետի Սպանութեան Դէպքը Բռնկեցուց Երկրին Մէջ Տիրող Լարուած Մթնոլորտը

May 21, 2012

Հիւսիսային Լիբանանի Քուէյխաթ շրջանի դէպքը երէկ առանցքը կազմեց երկրի անցուդարձերուն` իր վրայ կեդրոնացնելով ժողովրդային թէ ղեկավար շրջանակներու ուշադրութիւնը: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ լիբանանեան թէ արտաքին հանրային կարծիքը կը հետեւէր Թրիփոլիի ... Շարն.

Արաբական Կարգ Մը Երկիրներ Կոչ Կ՛Ուղղեն Իրենց Հպատակներուն Հեռանալու Լիբանանէն

May 21, 2012

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար եւ Պահրէյն շաբաթավերջին կոչ ուղղեցին Լիբանան գտնուող իրենց քաղաքացիներուն հեռանալու Լիբանանէն եւ անհրաժեշտ պարագային կապ պահելու իրենց դեսպանատուներուն հետ: Վարչապետ Միքաթի փութաց անմիջական կապի մէջ մտնել ... Շարն.

Մաքասետ Իր Դպրոցները Կը Փակէ Այսօր

May 21, 2012

Մաքասետ բարեսիրական ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ այսօր իր բոլոր վարժարանները փակ պիտի պահէ` իբրեւ սուգի նշան, իր անդամներէն Ապտէլ Սալամ Մուֆթահի մահուան, որ քանի մը օրեր առաջ դանակոծումի ենթարկուած էր ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 21, 2012

«ՆԱՇՐԱ» լրատուական կայքէջը երէկ երեկոյեան, ապահովական աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնները ձերբակալած են երկու զինեալներ, որոնք երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլայի բնակարանին մօտ ճերմակ «Թոյոթա» տիպի ... Շարն.

Ժաաֆարի Սուրիոյ Անունով Նամակ Մը Կը Յանձնէ Պան Քի Մունի

Ժաաֆարի Սուրիոյ Անունով Նամակ Մը Կը Յանձնէ Պան Քի Մունի

May 19, 2012

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի երէկ Սուրիոյ անունով նամակ մը յանձնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, որուն մէջ ան նշեց, որ սուրիական իշխանութիւններուն տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանեան կարգ ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Կը Շեշտէ Հարցերը Երկխօսութեամբ Լուծելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Սլէյման Կը Շեշտէ Հարցերը Երկխօսութեամբ Լուծելու Կարեւորութիւնը

May 19, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որ նախագահը տեղեակ պահեց բանակին որդեգրած ապահովական նոր միջոցառումներուն մասին: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ... Շարն.

Միքաթի – Խէյրէտտին` Հանդիպում

Միքաթի – Խէյրէտտին` Հանդիպում

May 19, 2012

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Խէյրէտտին շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի խոստացած է յառաջիկայ շաբթուան ... Շարն.

Սաքր Կը Մերժէ Ազատ Արձակել Մաուլաուին Եւ Կը Պահանջէ Դատավարութեան Նոր Նիստ Մը Ճշդել

May 19, 2012

Թրիփոլիի մէջ ձերբակալուած Շատի Մաուլաուիի թղթածրարը եւ զայն ազատ արձակելու առումով պատրաստուած պահանջը երէկ անգամ մը եւս ուսումնասիրուեցան զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ Սաքըր Սաքըրի կողմէ: Սաքըր այդ թղթածրարը վերադարձուց ... Շարն.

Բանակը Այն Հելուէի Մէջ Կը Գրաւէ Զէնք Փոխադրող Ինքնաշարժ Մը

May 19, 2012

Լիբանանեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն յանցագործներու փախուստին կապակցութեամբ լիբանանեան բանակին միաւորները խստացուցին գաղթակայանին շուրջ իրենց որդեգրած ապահովական միջոցառումները, ինչպէս նաեւ անցարգելներ զետեղեցին Այն Հելուէի մօտակայ շրջաններուն մէջ: ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 19, 2012

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց Ֆրանսայի նոր նշանակուած վարչապետ Ժան Մարք Այրոյի, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի: Հարիրի յաջողութիւն մաղթեց անոնց աշխատանքներուն` նշելով, որ Միջազգային ... Շարն.

Թրիփոլիի Կացութիւնը` Համեմատաբար Աւելի Խաղաղ

Թրիփոլիի Կացութիւնը` Համեմատաբար Աւելի Խաղաղ

May 18, 2012

Թրիփոլիի մէջ երէկ զինեալ երեւոյթները անգամ մը եւս տիրեցին եւ արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնք սակայն մարդկային վնասներ չպատճառեցին: Շրջանին մէջ մթնոլորտը համեմատաբար աւելի խաղաղ էր, բայց ենթակայ բռնկելու: Պէտք է նշել ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ապպասի Հետ Քննարկեց Էսթոնիացի Զբօսաշրջիկներու Առեւանգումին Մանրամասնութիւնները

Նախագահ Սլէյման Ապպասի Հետ Քննարկեց Էսթոնիացի Զբօսաշրջիկներու Առեւանգումին Մանրամասնութիւնները

May 18, 2012

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ անցեալ տարուան ապրիլին առեւանգուած էսթոնիացի զբօսաշրջիկներու թղթածրարին մանրամասնութիւնները, ... Շարն.

Պըրրի – Ասիրի Հանդիպում

Պըրրի – Ասիրի Հանդիպում

May 18, 2012

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ազգային երկխօսութեան մասնակից քաղաքական ուժերը Թրիփոլիի իրադարձութիւններու քննարկման հրաւիրելու ... Շարն.

Անգարայի Մէջ Սինիորա Կը Հանդիպի Տաւութօղլուի

May 18, 2012

Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու զարգացումները: Շարն.