Category: Լիբանանեան
Իպրահիմ. «Մաուլաուիի Ձերբակալումը Գրաւուած Նաւուն Եւ Սուրիոյ Հետ Ոչ Մէկ Կապ Ունի»
Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանի մէջ հրատարակուող արաբական թերթերու լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ տակաւին ժամանակը չէ հասած Շատի Մաուլաուիի ձերբակալման բոլոր ... Շարն.
Թրիփոլիի Մէջ Մուսթաքպալ Պլոքի Արտակարգ Նիստ
Նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Թրիփոլիի «Քուալիթի ին» պանդոկին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի զօրակցութեան հեռանկարները: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ... Շարն.
ՀՅԴ Թրիփոլիի Կոմիտէն Մնայուն Կապի Մէջ` Շրջանի Հայութեան Հետ
Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն եւ Թրիփոլիի մէջ բնակող հայութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՀՅԴ Թրիփոլիի կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի հետ: Վ. Հարմանտայեան շեշտեց, որ ... Շարն.
Սաստիկ Բախումները Երրորդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան Թրիփոլիի Մէջ. Արիւնալի Ընդհարումներուն Շրջագիծը Կ՛ընդլայնի
Թրիփոլիի մէջ երէկ բախումները շարունակուեցան` Ժապալ Մըհսենի մէջ պատճառելով զոհ մը եւ արձանագրելով 10 վիրաւորներ: Շրջանին մէջ ամբողջ օրուան ընթացքին տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, որ կէսօրէ ետք խզուեցաւ եւ վերածուեցաւ բուռն ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման. «Կառավարութիւնը Պիտի Գործէ Մինչեւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ երկրին մէջ արձանագրուող քաղաքական բանավէճերէն եւ կառավարութեան ոչ արդիւնաբեր աշխատանքէն իր համբերութեան բաժակը հատնած է: Ան ըսաւ, որ ոչ ոք թող յանդգնի ... Շարն.
Պըրրի Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Նախագահ Սլէյմանի Կողմէ 8,900 Միլիառ Լ. Ոսկիի Թղթածրարին Վաւերացումը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք անհրաժեշտ կը նկատէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ 8,900 միլիառ լ. ոսկիի թղթածրարին վաւերացումը: Պըրրի ... Շարն.
«Կառավարութեան Պիտի Ներկայացնեմ Ճարտարարուեստի Սեփականատէրերու Միութեան Ապահովագրութեան Թղթածրարը» Ըսաւ Նախարար Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան վարչական խորհուրդը` գլխաւորութեամբ միութեան փոխնախագահ Զիատ Պըքտաշի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (տաման) կողմէ ապահովագրութեան սակը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«Ա. Էֆ. Փէ.» լրատու գործակալութեան համաձայն, իսրայէլացի զինուորական մը, որ մերժած է իր անունը բացայայտել, մտավախութիւն յայտնած է, որ «Իրանի դէմ յարձակումի պարագային Թեհրան կրնայ Հըզպալլայէն խնդրել, որ մեզի հարուածէ, ... Շարն.
Թրիփոլիի Մէջ Բախումները Հետզհետէ Կը Սաստկանան` Խլելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ
Շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցան բուռն բախումներ, որոնք պատճառեցին 4 զոհեր եւ վիրաւորեցին 23 ուրիշներ: Զինեալ այս դէպքերը սկսան, երբ ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ սալաֆական մը` Շատի Մաուլաուին խաբէութեամբ մը հրաւիրուեցաւ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԱՖՐԱՅԻ մէջ հրկիզուած գորգի «Պիպլոս» գործարանին մէկ կառոյցը, որ ենթակայ էր փուլ գալու, եւ որուն լոյսին տակ որոշուած էր վտանգը կանխարգիլել եւ այդ կառոյցին մէկ բաժինը փուլ չեկած քանդել, երէկ ... Շարն.
Սաֆրայի Մէջ Հսկայական Հրդեհ` Գորգերու «Պիպլոս» Գործարանին Մէջ
Երէկ առաւօտեան ժամը 8:30-ին Սաֆրայի մէջ գտնուող գորգերու «Պիպլոս» գործարանին մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ ըստ սկզբնական արդիւնքներուն ելեկտրական կարճ միացումի հետեւանքով արձանագրուած է: Հրդեհը շատ արագ տարածուած է ամբողջ ... Շարն.
5,5 Աստիճանի Երկրաշարժ` Լիբանանի Մէջ
Երէկ երեկոյեան Լիբանանը ցնցեց 5,5 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը: Երկրաշարժին ցնցումները զգացին Պէյրութի, Զահլէի, Լեռնալիբանանի, Նապաթիէի, Սուրի եւ Թրիփոլիի բնակիչները: Երկրաշարժին կեդրոնը կը գտնուէր Պէյրութի դիմաց` 130 քմ հեռաւորութեան վրայ: ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Մանսուրին Եւ Սապունճեանը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տնտեսութեան նախարար Սուլթան պըն Սայիտ Մանսուրին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Միքաթի Կը Շնորհաւորէ Հոլլանտը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի: Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կապուած հարցեր: ... Շարն.
«Ժամանակն Է, Որ Իսրայէլացիները Եւս Վախնան Իրենց Բնակարաններուն Մէջ» Ընդգծեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցաւ փառատօն մը, որուն ընթացքին նշուեցաւ յուլիսեան պատերազմէն ետք քար ու քանդ դարձած շրջանը վերանորոգելու եւ վերակառուցելու աշխատանքին յաջող աւարտը: Այս ... Շարն.
Պըրրի Կոչ Կ՛Ուղղէ Կառավարութեան Փոխելու Իր Գործելաձեւը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինքն է, որ կառավարութեան կը սպասէ եւ ոչ թէ հակառակը: Ան նկատել տուաւ, որ ինք կը սպասէ, ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Նախարար Մանսուրին
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տնտեսութեան նախարար Սուլթան պըն Սայիտ Մանսուրին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպանին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատրաստած է շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ ան պիտի նշանակէ ներքին ապահովութեան ուժերու ջոկատներուն պատասխանատուները: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել անձնական օդանաւով մը մեկնեցաւ Հռոմ: «ԱԽՊԱՐ» ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Խստիւ Դատապարտեց Դամասկոսի Պայթումները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ` խստիւ դատապարտելով Դամասկոսը ցնցած երկու արիւնալի պայթումները: Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ գործուած ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Դեսպան Քոչարեանը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերուն մէջ Պէյրութ-Երեւան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները: ... Շարն.

