Category: Լիբանանեան
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի համար կարեւոր է, որ զինք շրջապատող երկիրները ունենան ժողովրդավարական վարչակարգ, հեռու ըլլան համայնքային ծայրայեղութենէ, հաւատան բարեկարգումի եւ յարգեն մարդկային իրաւունքներն ու ... Շարն.
ՓԱՈՒԼԱ ԵՒ ՄԻՍԹՈՒՐԱ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թալալ Սահիլիի: ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆան տի Միսթուրան եւ պաշտպանութեան նախարար Ճիան Փաուլօ տի Փաուլան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի եւ վարչական ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴԻՐ Է ԻՐԱՔԻ ՀԵՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԼԱՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ» ՅԱՅՏՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ ընդունեց իրաքեան պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է Իրաքի հետ տնտեսական, առեւտրական եւ ճարտարարուեստական լաւ ... Շարն.
ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ԵՐԿՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵՑ ԻՐԵՆՑ ԴԷՄ ԳՈՐԾԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուները, որոնց ներկայութեան հաստատեց, որ կարելի է իրենց ստանձնած նախարարութիւններուն մէջ գործել եւ զանոնք ... Շարն.
ՂՈՍԸՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՕՐ. ԱՍԱՐԹԱՆ ԵՒ ԶՕՐ. ՍԻԵՐԱՆ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն ընկերակցեցաւ նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սիերա: Հանդիպումին ընթացքին Ղոսըն դրուատեց զօր. Ասարթայի ... Շարն.
ԶԱՍՊԻՔԻՆ. «ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼՈՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ»
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ ռուսական կեցուածքները անփոփոխ կը մնան: Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կը քաջալերէ Սուրիան իր ներքին հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու: Զասպիքին ընդգծեց, ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին օգնականը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան ... Շարն.
ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՁԱԽՈՂԱԾ Է ԱՅՆՊԷՍ, ԻՆՉՊԷՍ ՁԱԽՈՂԱԾ Է ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԱՐՇԱՒԻՆ ՄԷՋ» ՇԵՇՏԵՑ ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան երէկ երեկոյեան «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքին որդեգրման` ... Շարն.
«ՇՐՋԱՆԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄՐԱՊՆԴԵԼՈՒ ԱԶԴԱԿՆԵՐ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արեւմտեան Պեքաայի երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ շրջանին փորձառութիւնները մեր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող ազդակներ ... Շարն.
ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐՔԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ՀԵՏ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի տնտեսական իրավիճակը: Նիստին ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս եւ ... Շարն.
ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻՊԻԱՑԻ ԵՐԿՈՒ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց լիպիական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին լիպիացի դատաւորներ Մահմուտ Եասիր եւ Ապտել Լաթիֆ Քատտուր: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
ՂՈՍԸՆ ՊԵԼՃԻՔԱՑԻ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդունեց պելճիքացի իր պաշտօնակիցը` Փիթըր տի Քրեմը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումին ... Շարն.
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՄՊԼԱԹ – ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները: ... Շարն.
ԱՊՈՒ ՖԱՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ
Ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին` Ապատի յայտնեց, որ այդ ... Շարն.
ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ՊՔԵՐՔԷԻ ԵՒ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԶՕՐ ՉԷ»
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտ Նասրէտտինի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԵՐՈՒ յաւելման կառավարութեան որոշումը, որուն համաձայն, նուազագոյն աշխատավարձը պիտի վերածուի 675 հազար լ. ոսկիի, արդէն իսկ հրապարակուած է պետական պաշտօնաթերթին մէջ: Այս որոշումը գործադրութեան պիտի սկսի յառաջիկայ ամսուան սկիզբը: ԼԻԲԱՆԱՆԻ ... Շարն.
ՀՅԴ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ... Շարն.
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊՆ ԷՐ
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ղազի Արիտի եւ Ալաէտտին Թըրօ: Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 59 ... Շարն.

