Category: Միջազգային
Պոզտաղ. «Թուրքիոյ Համար Ժողովրդավարական Սահմանադրութեան Մը Գոյութիւնը Անհրաժեշտ Է»
Պեքիր Պոզտաղ «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ համար ժողովրդավարական սահմանադրութեան մը գոյութիւնը անհրաժեշտ է: Նախարարը նաեւ նշած է, որ անկախ անկէ, որ ... Շարն.
Մոսկուան Ընկերակցութեան Համաձայնագիրի Հարցով Եւրոպական Միութեան Եւ Ուքրանիոյ Երեք Պահանջ Ներկայացուցած Է
«Քորրեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Ռուսիա երեք պահանջ ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ միջեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք: Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման հարցերու նախարար Ալեքսէյ Ուլիաքայեւ այդ պահանջները «Թուիթըր»-ի միջոցով յղած ... Շարն.
Սկովտիան «Ոչ» Քուէարկեց Անկախութեան
Սկովտիոյ մէջ անկախութեան շուրջ տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին սկովտիացիք «Ոչ» քուէարկեցին անկախութեան եւ Բրիտանիան փրկուեցաւ մասնատումէ: Սկովտիոյ աւագ նախարար Ալեքս Սալմընտ, որ անկախութեան զօրակցողներու ճամբարը կը գլխաւորէ, ընդունեց պարտութիւնը եւ ... Շարն.
Սկովտիոյ Մէջ Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէին Արդիւնքները` Այսօր
Սկովտիոյ միլիոնաւոր բնակիչներ երէկ ուղղուեցան քուէատուփեր` հանրաքուէի. «Սկովտիան պէ՞տք է անկախ երկիր ըլլայ» հարցումին «Այո» կամ «Ոչ» պատասխանելու համար: 5579 քուէարկութեան կեդրոններու մէջ քուէարկութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ Պէյրութի ժամանակով կէս գիշեր: ... Շարն.
ՏԱՀԵՇ Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Քրտական 16 Գիւղեր Գրաւած Է
Քիւրտ մարտական պատասխանատու մը յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիւրտերը շրջանին մէջ քրտական կուսակցութիւններէն օգնութիւն խնդրած են` ետ մղելու համար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի յառաջխաղացքը: Քիւրտ մարտական այլ պատասխանատու մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, ... Շարն.
ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու Կանխարգիլման Ենթայանձնախումբը Խոչընդոտներու Հանդիպելէ Ետք Դադրեցուցած Է Ազրպէյճան Այցելութիւնը
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց կառոյցի կայքը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներու կանխարգիլման ենթայանձնախումբը Խոշտանգումներու եւ այլ դաժանութիւններու դէմ ուխտի լրացուցիչ արձանագրութեան համապատասխան իր լիազօրութիւնները կատարելու ընթացքին խոչընդոտներու հանդիպելով` որոշած է կասեցնել ... Շարն.
Իրան Հարցականի Տակ Կ՛առնէ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Դաշինքին Օրինականութիւնը
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարզիէ Աֆխամ յայտարարած է, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գործող ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին դէմ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ ստեղծուող միջազգային դաշինքին գործունէութեան իրաւական հիմքերը կասկածներ կը յարուցեն: ... Շարն.
Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Սկովտիոյ Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէն
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ բրիտանական կղզիներու հնագոյն քաղաքներէն մէկը` Սկովտիոյ մայրաքաղաք Էտինպուրկը կը պատրաստուի նոր էջ բանալու իր պատմութեան մէջ: Այսօր քաղաքի, ինչպէս նաեւ ամբողջ Սկովտիոյ բնակիչները պիտի մասնակցին անկախութեան ... Շարն.
Պոզքըր. «Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ Ռազմավարական Նպատակն Է»
Վոլքան Պոզքըր Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ բարեփոխումներ կատարել Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու համար: Ըստ ... Շարն.
Եգիպտոսի Եւ Մաքսային Միութեան Միջեւ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Աշխատանքային Խումբը Պիտի Հաւաքուի Հոկտեմբերին
Մունիր Ֆահրի Ապտելնուր Եգիպտոսի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի ներկայացուցիչ Ինաս Նաֆիյէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է, որ Գահիրէի եւ Մաքսային միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման նուիրուած ռուս-եգիպտական աշխատանքային խումբին առաջին նիստը ... Շարն.
Անգարա Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Չի Ճանչնար Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան Անօրինական Միացումն Ու Ընտրութիւնները»
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Թուրքիան չի ճանչնար 14 սեպտեմբերին Խրիմի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները: Քուէարկութեան միասնական օրը 14 սեպտեմբերին ... Շարն.
Հիլըրի Քլինթըն Կ՛ակնարկէ Նախագահական Ընտրութեան Իր Թեկնածութեան
Հիլըրի Քլինթըն Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն ակնարկած է 2016-ի նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրելու մտադրութեան: «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդած է, որ Քլինթըն այդ ... Շարն.
Լիպերիոյ Նախագահը Օպամայէն Օգնութիւն Խնդրած Է Իպոլայի Դէմ Պայքարելու Համար
Արլիֆ եւ Օպամա «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Լիպերիոյ նախագահ Էլըն Ճոնսըն Սրլիֆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն խնդրած է աջակցութիւն եւ օգնութիւն տրամադրել Լիպերիոյ` Իպոլա ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու համար` ... Շարն.
Ուքրանիոյ Խորհրդարանը Յատուկ Կարգավիճակ Շնորհեց Տոնպասի Որոշ Շրջաններուն
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ խորհրդարանը երէկ գումարած իր նիստին ընթացքին յատուկ կարգավիճակ տրամադրած է Տոնեցք եւ Լուկանսք շրջաններու որոշ բնակավայրերուն: Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի առաջարկած օրէնքին թեր քուէարկած են ... Շարն.
Թուրքիա Մտադիր Է Ապահովական Գօտի Մը Ստեղծել Ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ թրքական պատկերասփիւռի կայաններ հաղորդած են, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ «Թրքական բանակը ապահովական գօտի ստեղծելու հաւանականութեան շուրջ ծրագիրներ կը պատրաստէ» ընդդէմ Իրաքի ... Շարն.
Բրիտանիոյ Թագուհին Խօսած Է Սկովտիոյ Անկախութեան Վերաբերող Հանրաքուէին Մասին
Էլիզապեթ Բ. թագուհին «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհին խօսած է Սկովտիոյ անկախութեան հարցին մասին: Թագուհին յոյս յայտնած է, որ «մարդիկ շատ լաւ մտածեն ապագային մասին», երբ պիտի ... Շարն.
Ըստ Եւրոպական Խորհրդարանի. Եւրոպական Միութիւնը Լրջօրէն Պիտի Տուժէ Ռուսիոյ Հաստատած Պարենային Արգելքէն
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը «լրջօրէն պիտի տուժէ» այն մթերային արգելքէն, որ կը կիրարկէ Ռուսիան` ի պատասխան իր ... Շարն.
Միջազգային Կարճ Լուրեր
Սամանթա Փաուըր - ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր յայտարարեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը այսօր կէսօրէ ետք պիտի գումարէ արտակարգ ժողով մը` քննարկելու համար Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ Իպոլա ժահրի ... Շարն.
Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Հերթական Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Վաղը` Նիւ Եորքի Մէջ
Ճոն Քերրի ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն կը յուսայ Թեհրանի հետ համաձայնութեան գալ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին ... Շարն.
Ֆրանչիսկոս Պապ Հրաւիրուած Է Վրաստան
Ֆրանչիսկոս պապը Newsgeorgia.ru կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք արք. Մամպերթիի հետ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին ցանկութիւն յայտնած է, որ Ֆրանչիսկոս պապը այցելէ ... Շարն.

