Category: Միջազգային
«ԵՍ ՕՃԱԼԱՆԸ ԿԸ ԿԱԽԷԻ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թրքական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «եթէ 1999-ին մենք համախոհական կառավարութեան մաս կազմէինք, հաստատ պիտի պահանջէինք, որ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՔՍԱՅԻ ՄԶԿԻԹ ՆԵՐԽՈՒԺԵՑ
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը երէկ Աքսայի մզկիթի շրջափակ ներխուժելով բախում ունեցաւ պաղեստինցի ցուցարարներու հետ, որոնք ոստիկանութեան վրայ քարեր արձակեցին: Իսրայէլեան ոստիկանութեան բանբեր Միքի Ռոսընֆելտ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը մզկիթի ... Շարն.
«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԱՀԱՒՈՐ ԱՐԱՐՔՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց «ահաւոր արարքներ» գործելու եւ ցուցարարներուն հետ «անմարդկային» կերպով վարուելու յանցանքով: Թրքական «Էյ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիան ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՎՐԱՅ ՌՈՒՄԲ ՄԸ ՆԵՏՈՒԵՑԱՒ
Թրքական ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ անծանօթներ Պոլսոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական գրասենեակներէն մէկուն վրայ ձայնային ռումբ մը նետած են: Աղբիւրները նշեցին, որ «անձ մը կամ խումբ մը անձեր» ... Շարն.
ԱՆՏՈՐԱ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անտորան ճանչցած է Քոսովոյի անկախութիւնը: Քոսովօ Սերպիայէն իր անկախութիւնը հռչակած էր 2008-ին: Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, ճանաչման մասին պաշտօնական ծանուցում ուղարկուած ... Շարն.
ԼԻՊԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԿԱՊԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՄԵԾ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ
Լիպիոյ շուրջ կապի միջազգային յանձնախումբը երէկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած իր խորհրդաժողովին աւարտին յայտնեց, որ զօրավիգ կը կանգնի լիպիացի ժողովուրդին, որուն ներկայացուցիչը Ազգային փոխանցման խորհուրդն ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ ԺԻՒՓԷԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՂՈՒԹԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա «Ռուսիյա Ալիոմ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական լիկան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ դէմ բանաձեւի զարգացումներուն հեռուէն կը հետեւի, որովհետեւ ... Շարն.
«ԿԸ ՅՈՒՍԱՆՔ, ՈՐ ՍՈՒՐԻԱ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՒԵԼԻ ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՈՐԴԵԳՐԷ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ 122 սուրիացիներ Թուրքիա մուտք գործած են: «Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն թիւը ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ ՊԱՀՐԷՅՆԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ ԲՌՆԱԲԱՐԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Պահրէյնի կառավարութեան կոչ ուղղեց «յարգելու ընդդիմութեան բողոքի վերջին ցոյցերուն ընթացքին երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները բռնաբարած պաշտօնատարները հաշուետուութեան կանչելու իր խոստումը»` շեշտելով, որ «Պահրէյնի կայունութիւնը հիմնականին ... Շարն.
«ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԻ ՎԵՐԱԾԵԼՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «բոլորը կ՛ընդունին, որ Թուրքիա ազդեցիկ շրջանային պետութիւն մըն է»: Թրքական կառավարութեան նպատակը Թուրքիան միջազգային ուժի վերածելն է, նշեց ան` աւելցնելով, որ «Թուրքիան ... Շարն.
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱՅՍՐՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԶԿԻԹԻ ՄԸ ՀՐԿԻԶՈՒՄԸ
Միացեալ Նահանգներ դատապարտեցին Այսրյորդանանի մէջ մզկիթի մը հրկիզումը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն «Մաղիր գիւղին մէջ մզկիթի մը ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ ՄՏԱՀՈԳ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐՏՔՈՎ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա անհանգստութիւն յայտնած է Յունաստանի պետական պարտքին պատճառով յառաջացած իրավիճակին նկատմամբ: Ան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան ծիրին ... Շարն.
«ԹՐՔԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Իտալական «Աքի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ «թրքական կառավարութիւնը սուրիական ընդդիմութեան հետ չի ջանար որեւէ հաղորդակցութիւն հաստատել»: Ան նշած է, որ ... Շարն.
ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՑԵՂԱԽՈՒՄԲԵՐԷ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ԳՐԱՒԵՑԻՆ ԹԱՅԻԶԸ
Թայիզ քաղաքի ցեղապետներու պետ շէյխ Համուտ Սաատ Մախլաֆի յայտնեց, որ եմէնեան ընդդիմութեան կողմնակից ցեղախումբերէ զինեալներ, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած են Թայիզ քաղաքը: ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ԽՐԱՏԷ ԿԱԶԱՅԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՍՊԱՍԵԼ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու այս ամսուան վերջաւորութեան դէպի Կազա նոր նաւատորմիղի մը նաւարկումը ծրագրողներուն խրատեց սպասել եւ տեսնել, թէ Եգիպտոսի կողմէ Կազայի շրջափակման ջնջումը եւ պաղեստինեան ազգային միասնութեան ... Շարն.
ԵՄԷՆ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ՀԵՌԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐԸ Կ՛ԱՒԵԼՆԱՆ ՍԱԼԵՀԻ ՎՐԱՅ
Եմէնի ընդդիմութեան եւ Հաշետ ցեղախումբի ցեղապետ շէյխ Սատեք Ահմարի հետեւորդներուն յայտարարած զինադադարէն հազիւ ժամեր ետք, վերջիններէս երեք անձեր սպաննուեցան նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հաւատարիմ ուժերու արձակազէններուն կողմէ, իսկ անծանօթ զինեալներ ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ԲԱՆԱՁԵՒՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ
Սուրիոյ վարչապետ Ատել Սաֆար Սուրիոյ մէջ կուսակցութեանց օրինագիծի բանաձեւման «փորձառու եւ ատակ» անձնաւորութիւններէ կազմուած յանձնախումբի մը կազմութեան հրամանագիր մը հրապարակեց: Ըստ հրամանագիրին, օրինագիծը պէտք է «Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ ազգային ... Շարն.
ԻՍՐԱՅԷԼ ՍՈՒՐԻԱՆ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ. ԿՈԼԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄ ՄԸ 11 ԶՈՀ ԵՒ 220 ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑ
11 զոհ եւ 220 վիրաւոր արձանագրուեցաւ, երբ բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն մէջ իսրայէլեան ուժեր կրակ բացին ցուցարարներու վրայ, որոնք կը փորձէին փշաթելերը անցնելով սահմանին սուրիական կողմէն բռնագրաւեալ տարածք մուտք գործել: Ծագումով ... Շարն.
«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի հետ ... Շարն.
ՄԻՆՉ ՍԱԼԵՀ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՐԴԻՆ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԷ ԵՄԷՆԸ
Եմէնեան նախագահութեան մօտիկ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի որդի, Հանրապետական պահակագունդի հրամանատար Ահմետ Ապտալլա Սալեհ կը գտնուի նախագահական պալատին մէջ, իսկ Եմէնի փոխնախագահ ... Շարն.

