Category: Միջազգային

Տաւութօղլու Պաշտօնապէս Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Ատենապետի Եւ Երկրի Վարչապետի Պաշտօնին Թեկնածու Առաջադրուեցաւ

Տաւութօղլու Պաշտօնապէս Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Ատենապետի Եւ Երկրի Վարչապետի Պաշտօնին Թեկնածու Առաջադրուեցաւ

August 22, 2014

Տաւութօղլու եւ Էրտողան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Կեդրոնական գործադիր խորհուրդը նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Անգարայի մէջ իր գումարած ժողովին ընթացքին պաշտօնապէս Ահմեթ Տաւութօղլուն առաջադրեց իբրեւ վարչապետի ... Շարն.

Անգարա Սուլէյման Շահի Դամբարանը Կը Յանձնէ ՏԱՀԵՇ-ին

Անգարա Սուլէյման Շահի Դամբարանը Կը Յանձնէ ՏԱՀԵՇ-ին

August 22, 2014

Սուլէյման շահի դամբարանը «Արմէնփրես»` յղում կատարելով թրքական «Թարաֆ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ շուրջ երկու ամիս առաջ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանի 49 աշխատակիցներ պատանդ բռնած ՏԱՀԵՇ-ը անոնց ազատ արձակման ... Շարն.

«Խալիժ» Օրաթերթը Կը Գրէ. Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Կը Հսկէ ՏԱՀԵՇ-ի Գործունէութեան

«Խալիժ» Օրաթերթը Կը Գրէ. Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Կը Հսկէ ՏԱՀԵՇ-ի Գործունէութեան

August 22, 2014

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթը կը գրէ, որ գաղտնի սպասարկութիւններու բոլոր զեկուցումները, մամլոյ տեղեկութիւններն ու գետնին վրայ գոյութիւն ունեցող տուեալները կը հաստատեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական եւ ... Շարն.

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հարցեր

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Համագործակցութեան Հարցեր

August 22, 2014

Ալասանիա, Հասանով եւ Եըլմազ «Նովոսթի-Կրուզիա» գործակալութիւնը` յղում կատարելով Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիան մասնակցած է Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ եռակողմ ... Շարն.

Քուէյթ Ձերբակալեց Սուրիոյ Մէջ Ժապհաթ Նուսրան Ֆինանսաւորողներէն Մէկը

Քուէյթ Ձերբակալեց Սուրիոյ Մէջ Ժապհաթ Նուսրան Ֆինանսաւորողներէն Մէկը

August 22, 2014

Քուէյթի ապահովական ուժերը ձերբակալեցին 26-ամեայ Հըժաժ պըն Ֆահըտ Աժամին, երբ ան Քաթարէն հասաւ Քուէյթի օդակայան: Աժամի Սուրիոյ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումը ֆինանսաւորողներէն մէկն է: Ան այն վեց ծայրայեղականներէն է, որոնց անունը ՄԱԿ-ի ... Շարն.

ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Գլխատուած Ամերիկացի Լրագրողը Փրկելու Գործողութիւն Մը Ձախողած Է

ՏԱՀԵՇ-ի Կողմէ Գլխատուած Ամերիկացի Լրագրողը Փրկելու Գործողութիւն Մը Ձախողած Է

August 22, 2014

Պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են, որ ամերիկեան ուժերը փորձած են լրագրող Ճէյմս Ֆոլին եւ այլ ամերիկացի պատանդներ փրկել գաղտնի գործողութեամբ մը, որուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ բախում ունեցած են, սակայն վերջաւորութեան ... Շարն.

Ըստ «Ուաթան»-ի.  Քաթարի Վարուելակերպին Նկատմամբ Արաբական Վերապահութիւն Գոյութիւն Ունի

Ըստ «Ուաթան»-ի. Քաթարի Վարուելակերպին Նկատմամբ Արաբական Վերապահութիւն Գոյութիւն Ունի

August 22, 2014

Աղբիւրներ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ռիատի համաձայնութեան կէտերու գործադրութեան նկատմամբ Քաթարի յանձնառութիւնը կրնայ մասնակի ըլլալ, որովհետեւ Տոհա կ՛ուզէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ անկախ ըլլալ: Օրաթերթը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ ... Շարն.

«Մինսքի Ժողովը Ուքրանական Տագնապը Լուծելու Քայլ Մըն Է»  Կ՛ըսէ Նարիշքին

«Մինսքի Ժողովը Ուքրանական Տագնապը Լուծելու Քայլ Մըն Է» Կ՛ըսէ Նարիշքին

August 22, 2014

Սերկէյ Նարիշքին Ռուսական տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին յայտնեց. «Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն միջեւ գումարուելիք ժողովը ուքրանական տագնապը լուծելու քայլ մըն է»: Մինչ ... Շարն.

Իսրայէլ Կը Շարունակէ  Կազայի Դէմ Յարձակումը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Կազայի Դէմ Յարձակումը

August 21, 2014

Իսրայէլ երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումը, որուն զոհ գացողներուն շարքին էր Քասսամի փաղանգներու հրամանատար Մոհամետ Տէյֆի կինն ու զաւակը: Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ուալահ» կայքին հաղորդեց, որ Իսրայէլ ... Շարն.

Կիւլ. «Թուրքիոյ Յաջորդ  Վարչապետը Պիտի Ըլլայ  Տաւութօղլուն»

Կիւլ. «Թուրքիոյ Յաջորդ Վարչապետը Պիտի Ըլլայ Տաւութօղլուն»

August 21, 2014

Ապտիւլլա Կիւլ Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գործող նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հրաժեշտի ընդունելութեան ընթացքին Կիւլ յայտարարած է, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահ ընտրուելէն ... Շարն.

ՏԱՀԵՇ Կը Գլխատէ Առեւանգուած Ամերիկացի Լրագրող Մը

ՏԱՀԵՇ Կը Գլխատէ Առեւանգուած Ամերիկացի Լրագրող Մը

August 21, 2014

Երեքշաբթի, 19 օգոստոսին, ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը հրապարակեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛երեւի 2 տարի առաջ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած ամերիկացի լրագրող Ճէյմս Ֆոլին: Իսլամական կայքերուն վրայ հրապարակուած «Նամակ Ամերիկային» վերնագիրով տեսերիզին ... Շարն.

Ֆերկըսընէն Ոչ Հեռու  Սեւամորթ Մը Եւս Սպաննուած Է

Ֆերկըսընէն Ոչ Հեռու Սեւամորթ Մը Եւս Սպաննուած Է

August 21, 2014

«Քորրեսփոնտընթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Միզուրի նահանգի Ֆերկըսըն քաղաքին մէջ զանգուածային անկարգութիւններուն ճնշման ընթացքին ձերբակալուած է 78 մարդ: Նշենք, որ լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ձերբակալուածներուն շարքին է Ողջակիզումէն վերապրած ... Շարն.

Քաթար Մերժած Է Ռիատի  Համաձայնութեան Շուրջ  Զեկուցումը Ստորագրել

Քաթար Մերժած Է Ռիատի Համաձայնութեան Շուրջ Զեկուցումը Ստորագրել

August 21, 2014

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քաթար մերժած է ստորագրել Ռիատի համաձայնութեան գործադրութեան հսկելու պարտականութիւնը ունեցող յանձնախումբին վերջնական զեկուցումը, որ կը հաստատէ, որ Տոհան անցեալ ապրիլին Արաբական ծոցի վեց երկիրներուն ... Շարն.

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Զուիցերիա Մերժած Է Եւրոպական Միութեան  Երկիրներու` Իր Տարածքով  Ռուսիայէն Մթերք Ներածելու Առաջարկները

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Զուիցերիա Մերժած Է Եւրոպական Միութեան Երկիրներու` Իր Տարածքով Ռուսիայէն Մթերք Ներածելու Առաջարկները

August 21, 2014

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը մերժած է Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու` իր տարածքով Ռուսիայէն մթերք ներածելու խնդրանքը: Այդ ձեւով նշեալ երկիրները միութեան ոչ անդամ Զուիցերիոյ ... Շարն.

Փենթակոն. «Սուրիոյ Քիմիական  Զէնքի Ոչնչացումը Ամբողջացած Է»

Փենթակոն. «Սուրիոյ Քիմիական Զէնքի Ոչնչացումը Ամբողջացած Է»

August 20, 2014

Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Փենթակոն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ աւարտած են սուրիական քիմիական զէնքի ոչնչացման հոլովոյթը: Փենթակոնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ճոն Քիրպի յայտարարած է, որ քիմիական զէնքի ոչնչացման գործողութիւնը անցած ... Շարն.

Իրաքեան Ուժերը Թիքրիթը Ազատագրելու  Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

Իրաքեան Ուժերը Թիքրիթը Ազատագրելու Գործողութիւն Մը Շղթայազերծեցին

August 20, 2014

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ իրաքեան բանակը Թիքրիթի ուղղութեամբ հակայարձակումի անցած է: Իրաքեան կառավարութիւնը յայտարարած է Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայր Թիքրիթը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան սկիզբը: Ըստ զինուորականներուն, զօրքերը շարժած են ... Շարն.

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի  Պաշտպանութեան Նախարարները  Հանդիպած Են Նախիջեւանի Մէջ

Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան Նախարարները Հանդիպած Են Նախիջեւանի Մէջ

August 20, 2014

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Նախիջեւանի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի, Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Ալասանիայի եւ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի եռակողմ ... Շարն.

Կազայի Մէջ Զինադադարը Վերջ Գտաւ

Կազայի Մէջ Զինադադարը Վերջ Գտաւ

August 20, 2014

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին հրահանգեց վերսկսիլ հարուածները Կազայի դէմ` պատրուակելով, որ այդտեղէն երեք հրթիռ արձակուած է: Իսրայէլեան կառավարութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Համասի կողմէ զինադադարի խախտումին իբրեւ պատասխան ... Շարն.

Հակառակ Օպամայի  Հանդարտեցման Կոչին.  Ֆերկըսընի Մէջ  Բախումները Կը Շարունակուին

Հակառակ Օպամայի Հանդարտեցման Կոչին. Ֆերկըսընի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին

August 20, 2014

Ամերիկեան ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Միսուրի նահանգի Ֆերկըսըն քաղաքին մէջ գիշերանց տեղի ունեցած հերթական խռովարարութեանց ընթացքին ձերբակալուած են 31 անձեր: Շրջանի բնակչութիւնը, որուն շուրջ 65 առ հարիւրը սեւամորթ է, զայրացած է ... Շարն.

Ըստ ԱՓԱ-ի.  Ուաշինկթըն Մերժած Է Ազրպէյճանին  Վաճառել Աֆղանիստանէն  Դուրս Բերուած Սպառազինութիւնը

Ըստ ԱՓԱ-ի. Ուաշինկթըն Մերժած Է Ազրպէյճանին Վաճառել Աֆղանիստանէն Դուրս Բերուած Սպառազինութիւնը

August 20, 2014

Զինուորական աղբիւրներ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներ մերժած են Ազրպէյճանի դիմումը` կապուած Աֆղանիստանէն հեռացուած «Քուկըր» եւ HMMWV տիպի զինուորական փոխադրամիջոցներ իրեն վաճառելու հարցին: Այդ որոշումը պատճառաբանուած է ... Շարն.