Category: Յօդուածներ
Մայրերու Օր Եւ Համբարձում
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժիպէյլ), 9 մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ սոյն ձեռնարկը, Ժիպէյլի Հայ կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու: ... Շարն.
Մայրերու Օրուան Հաւաք
Սեւան Կարապետեան-Ադամեան Երեքշաբթի, 21 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը այս տարի եւս նշեց Հայ մօր տօնը, սակայն այս անգամ` վերանորոգուած ակումբի մէջ: Մասնաճիւղի վարչութեան անդամները ճիգ չէին խնայած ձեռնարկը ճոխ ... Շարն.
Համբարձման Տօնին Առիթով Պտոյտ
ԼՕԽ-ի Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տօնեց Համբարձումը Աշքութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ականներու, անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն: Թէեւ Համբարձումը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, սակայն մենք հաւաքուեցանք գարնանային մշտադալար ծառերուն ... Շարն.
Համբարձման Եւ Մայրերու Տօն
ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած Համբարձման եւ Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 16 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ... Շարն.
Քաջ Ու Հաւատաւոր (Ընկեր Լեւոն Գէորգեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան հայակերտ դպրոցին մէջ թրծուած, նկարագիր ու ոգի կազմած եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու ուխտը ամէնօրեայ հոգեկան հրճուանքի վերածած գաղափարապաշտ նուիրեալներուն կորուստը ծանր է անկասկած, մանաւանդ զանոնք մօտէն ... Շարն.
Կոյր Ոչխարին(ներուն) Պատմութիւնը
ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան արձակուրդ օրերէն մէկն է, բայց ես, ըստ սովորութեանս, կանուխ կ՛արթննամ, կարծէք թէ դպրոց պէտք է ըլլամ դիմաւորելու համար աշակերտները: Թանձր մշուշը լեցուած է ... Շարն.
Սուրիական Լրատուութեան Աննախընթաց Անդրադարձները Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ Ամեակի Առթիւ
Պատրաստեց` դոկտ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ ամեակին սուրիական լրատուութեան եւ մամուլի անդրադարձը այս տարի աննախընթաց էր իր տարողութեամբ եւ բնոյթով: Սուրիական մամուլի անդրադարձին մասին խօսելով` նշենք, որ ապրիլ 24-ի ... Շարն.
«Մա՜յր Իմ Թանկագին,Մա՜յր Իմ Կարօտակէզ»
ԱԶՆԻՒ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ¬ԼԵՊԼԵՊՃԵԱՆ «Դուն` հրեշտակ` մարդոց մէջէն, մարմնաւոր տեսքով քերովբէ, երկնաւոր թագուհի. օդին պէս` անխառն, լոյսին պէս` մաքուր, անշաղախ` երկինքի բարձրութեան վրայ երեւցող արեւին նման, գերազանց` քան բնակարան անկոխելի սրբարանը, Դուն` ... Շարն.
Ակնարկ. Ներթրքական Ալիքը Եւ Հայկական Հայեցակէտեր Ճշդելու Պահը
Ներթրքական նորագոյն իրադարձութիւնները յանկարծակիութեան գործօնով մեկնաբանելը որոշ տեղ մը միայն իր բացատրութիւնը ունի: Բնապահպանական հարցերու յառաջացուցած այս տարողութիւնը ճիշդ է կտրուկ մագլցողականութեան եւ յանկարծակիութեան բնութագիրը կը կրէ, այսուհանդերձ պարարտ ենթահողի ... Շարն.
«Սարդարապատով Վերածնուած Հայրենիք»
Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, որոնց բուն մեկնակէտ-յաղթանակն է Սարդարապատը, ուր վճռուեցաւ հայութեան լինելութեան գերխնդիրը: Այդ յաղթանակը վերիմաստաւորելու եւ վերարժեւորելու էր կոչուած դասախօսական երեկոն, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 17 մայիս ... Շարն.
Քուէյթահայութիւնը Նշեց Մայիսեան Յաղթանակի 95-ամեակը
ՄԱՐԱԼ ՀԱՄՊՈՅԵԱՆ Մայիս 28-ի հանդիսութեան Քուէյթի Կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 16 մայիս 2013-ին, Մովենփիք պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 95-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն-խրախճանք, որ իրականացաւ յանձնախումբին եռամսեայ ... Շարն.
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Գարնանային Ցուցահանդէս-Վաճառք Եւ Վիճակահանութիւն
25 մայիս 2013-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած առաջին «Գարնանային բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք»-ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի Հայաստանի աւելի քան ... Շարն.
Մայիսեան Տօնակատարութիւնը Առաւել Բարձրացուց Հալէպահայութեան Ազգային Ոգին
Հալէպ քաղաքին ապրած դժուարին ու ծանր պայմաններուն մէջ հալէպահայութիւնը նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ա. անկախութեան 95-ամեակը: Կիրակի, 26 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ հալէպահայութիւնը արժանաւոր կերպով ... Շարն.
Յարգանք Ու Պատիւ` Արժանաւորաց (Նազարեան Վարժարանի 50-ամեակ)
Մեր ժողովուրդը, իր ունեցած ազգային բազում բարեմասնութեանց ու սովորութեանց կողքին, ունի նաեւ յարգանքի ու մեծարանքի մասնաւոր առանձնաշնորհում մը, որով չի զլանար յայտնելու իր զգացած ազնիւ զգացումները այնպիսի մեծութիւններու նկատմամբ, որոնք ... Շարն.
Դեղերու Գործածութեան Մասին Դասախօսութիւն
Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի Բարգաւաճման ծրագրի յանձնախումբը կազմակերպեց դասախօսութիւն մը, հինգշաբթի, 16 մայիս 2013-ին, Թրատի Հայ աւետարանական կեդրոնի սրահին մէջ: Դասախօս դեղագործ Նանօր Թաշճեան խօսեցաւ դեղերու տեսակներուն եւ անոնց գործածութեան մասին: ... Շարն.
Գաղութէ – Գաղութ
Թեհրան Դասախօսութիւն` Սարդարապատի Հերոսամարտին Մասին Նախաձեռնութեամբ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան, 27 մայիսին հաստատութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամփոփ ակնարկ` Սարդարապատի ճակատամարտին» խորագրով դասախօսութիւն: Դասախօսներն էին` Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան երեսփոխան ... Շարն.
Նշմար. Անիմաստ Երկխօսութիւն
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Առընչ երէկ Անգարայի մէջ իր երկրին նախագահին հետ հանդիպումէն ետք պատրաստակամութիւն յայտնեց այսօր Թաքսիմի «արդար եւ օրինական» սկզբնական ցոյցի կազմակերպիչներուն հետ հանդիպում ... Շարն.
Նամականի. ՀՄԸՄ-ի Փառատօնին Առիթով
Ներկայ գտնուելէ ետք 26 մայիս 2013-ին տեղի ունեցած մայիսեան փառատօնին, կ՛ուզեմ շնորհաւորել ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը եւ փոխանցել սրտի խօսք մը բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն: 95 տարիներ շարունակ ՀՄԸՄ-ը հաւատքով եւ վստահութեամբ կրցաւ ... Շարն.
«Ես Սիրում Եմ Հայերին» Կ՛ըսէ Ֆարահ Տիպա Փահլեւի
Ֆարահ Տիպա Փահլեւի Էլօ Հերկելեանի հետ Արդէն իսկ միջազգային ճանաչման եւ գնահատման արժանացած «Նոազ արք» ցուցասրահը անցնող ամիսներուն յաջորդաբար մասնակցեցաւ միջազգային երկու ցուցահանդէսներու: Առաջինը` Նիւ Եորքի «Արթ Էքսփօ»-ին մէջ, որ ... Շարն.
Կիրակոս Գույումճեանի Կեանքի «Կայանները» Եւ Էութեան «Դիրքորոշումները
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Արաբական ծոցի երկիրներու հայկական իրականութիւնը սկսած է դառնալ կազմակերպուած եւ մնայուն գաղութային կեանք: Գաղութը սկսած է ստանալ կազմակերպուածութեան պատկեր` եկեղեցի, դպրոց, մշակութային եւ հաւաքական կեանք: Կիրակոս Գույումճեան աւելի ... Շարն.

