Category: Մարզական
Պլեթըր. «Կը Կասկածիմ, Որ Պէյլ Արժանի Է Իրեն Համար Վճարուած Այդ Գումարին»
Անդրադառնալով Կերըթ Պէյլի Ռէալ Մատրիտ փոխանցման հարցին` ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր ըսաւ, որ անոր փոխանցման համար վճարուած այդ գումարը արդարացուած չէ: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ... Շարն.
Մեսսի Կը Զօրակցի Մատրիտի 2020-ի Ողիմպիականի Խաղերուն Առաջադրած Թեկնածութեան
Այս շաբաթավերջին Պուէնոս Այրեսի մէջ իր գումարելիք համագումարին, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պիտի ընտրէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ 2020-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող քաղաքը: Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած մայրաքաղաքներն են Մատրիտ, Թոքիօ եւ ... Շարն.
Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին. Ճատրակի Միօրեայ Մրցաշարք` Խըրէյպեթ Շուֆ Ակումբին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Խըրէյպեթ Շուֆ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը: Խըրէյպեթ Շուֆ ակումբը իւրաքանչիւր տարի կը կազմակերպէ ... Շարն.
Աթլեթիքօ – Տուքլա Փրակա Համաձայնագիրի Կնքում
Լիբանանեան Աթլեթիքօ եւ Տուքլա Փրակա (Չեխիա) ֆութպոլի ակումբները երկու տարուան համաձայնագիր մը կնքեցին իրարու հետ, ինչ որ առիթ պիտի տայ երկու կողմերուն փոխադարձ բանակումներ կատարելու: Ասկէ բացի, ըստ կնքուած համաձայնագիրին, ... Շարն.
«Ֆրանսա Պէտք Է Լաւ Օրինակ Քաղէ Պայէրն Միւնիխէն» Կ՛ըսէ Ռիպերի
Պայէրն Միւնիխի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի հիմնական եւ կարեւոր մարզիկ Ֆրանք Ռիպերի ըսաւ, որ եթէ Ֆրանսա կ՛ուզէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել, պէտք է լաւ օրինակ քաղէ Պայէրն Միւնիխէն: «Եու. ... Շարն.
Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Տիտղոսակիր Միւրէյ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը
Էնտի Միւրէյ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տիտղոսակիր Էնտի Միւրէյ (Անգլիա, 3-րդ) ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 6-7, ... Շարն.
Պայէրնի Միջնապահ Մարթինես Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան
Պայէրն Միւնիխի սպանացի միջնապահ Խաւի Մարթինես ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան, յայտնեց անոր ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութիւնը: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ 25 տարեկան Մարթինեսի այս վիրաբուժութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ ան միշտ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Վան Տեր Վաարթ Քաշուեցաւ Հոլանտայի Կազմէն
Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ երէկ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռաֆայէլ Վան տեր Վաարթ քաշուեցաւ Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Լուրը հաղորդող ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Կրենիէ Բացակայ` Ֆրանսայի Կազմէն
Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիոնի միջնապահ Քլեման Կրենիէ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դուրս մնաց Ֆրանսայի կազմէն եւ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ վաղը Վրաստանի դէմ տեղի ... Շարն.
Թայ-Չի-Չուան. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Աւետիս Սերոբեան Տիրացաւ 2 Ոսկի Մետալի Եւ «Մասթըր»-ի Տիտղոսին
Վերջերս, Չինաստանի Ժիաօ-Զուօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Թայ-Չի-Չուանի 2013-ի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ մեծ թիւով մարզիկներու: Հինգ օրուան զտումի մրցումներէն ետք 3400 մասնակցողներուն թիւը նուազեցաւ 300-ի: Այդ 300-ին կարգին էր ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն (15 Տարեկանէն Վար). Պերճ Գուքազեան Եւ Քլարա Շելալա Հանդիսացան Լիբանանի Ախոյեան
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան (15 տարեկանէն վար) մրցումներուն, Պերճ Գուքազեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) տիրացաւ տիտղոսին` աւարտականի մրցումին 3-0 արդիւնքով (11-9, 11-4 եւ 11-7) ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Նախապատրաստուիլ Չեխիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին
Ինչպէս ծանօթ է, ուրբաթ 6 սեպտեմբերին, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Փրակայի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Չեխիոյ: Առաջին օրուան փորձերուն, որոնք եղան միակ բաց մարզումները, ... Շարն.
Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Ֆետերեր Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Ռոժէ Ֆետերեր Ռաֆայէլ Նատալ Թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցած ճակատումներուն, տղոց Դ. հանգրուանին գծով ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Տեշան Հրապարակեց Ֆրանսայի Կազմը
Տիտիէ Տեշան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց իր կազմը, 6 եւ 10 սեպտեմբերին յաջորդաբար Վրաստանի եւ Պիելոռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի մրցումներուն ... Շարն.
Ֆելայնի Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի
Մարզիկներու փոխանցման վերջին օրը, Մանչեսթըր Եունայթըտ իր կազմին միացուց Էվըրթընի պելճիքացի յառաջապահ Մարուան Ֆելայնին` փոխան 42,80 միլիոն եւրոյի, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: 25 տարեկան Ֆելայնի քիչ մը ուշ պիտի միանայ ... Շարն.
Ռէալ Մատրիտի Նորեկ Մարզիկ Պէյլ Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Երէկ` երկուշաբթի, 2 սեպտեմբերին, ի վերջոյ իր աւարտին հասաւ այս ամրան ամէնէն երկար տեւած` Թոթենհամի յառաջապահ Կերըթ Պէյլի փոխանցման ոդիսականը, երբ ան պաշտօնապէս ստորագրեց Ռէալ Մատրիտի տոմարներուն վրայ, փոխան` 100 ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Զոյգի Ախոյեանութիւն. Աւօ Մումջողլեան – Ռաշիտ Պըպպօ Զոյգը` Լիբանանի Ախոյեան
Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Աւօ Մումջողլեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) - Ռաշիտ Պըպպօ (Ռիատի Պէյրութ) զոյգը հանդիսացաւ Լիբանանի տղոց զոյգի ախոյեան` ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Բանանց – Փիւնիկ` 2-2
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ Փիւնիկ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Բանանցի հետ, սակայն մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Միքան, որ 2-1 ... Շարն.
Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի Համաշխարհային Մտաւոր Խաղերուն
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 12-19 դեկտեմբերին Փեքինի մէջ տեղի ունենալիք ճատրակի համաշխարհային մտաւոր խաղերուն` մասնակցելով արագ, կայծակնային եւ ... Շարն.
Քաքա Վերադարձաւ Ա. Սէ. Միլան
Պրազիլցի միջնապահ-յառաջապահ Քաքա երէկ` երկուշաբթի, 2 սեպտեմբերին, վերադարձաւ իր նախկին ակումբը` Ա. Սէ. Միլան, չորս ոչ այդքան լաւ տարիներ մնալէ ետք Ռէալ Մատրիտի մէջ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Բացառիկ յատկութիւններով ... Շարն.

