Category: Մարզական

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն.  Լորի Թաշճեան Եւ Կրեթթա Թասլաքեան Մաս Կազմեցին Տուպայ Մեկնող Լիբանանի Պատուիրակութեան

Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի Ախոյեանութիւն. Լորի Թաշճեան Եւ Կրեթթա Թասլաքեան Մաս Կազմեցին Տուպայ Մեկնող Լիբանանի Պատուիրակութեան

December 5, 2012

Լորի Թաշճեան                       Կրեթթա Թասլաքեան 12-15 դեկտեմբերին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի պիտի ունենան Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները: Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք պիտի մեկնին Տուպայ` ... Շարն.

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին Տեղի Ունենալիք Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը

December 5, 2012

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները պիտի շարունակուին կիրակի, 9 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ԺԱՄ Եղիշէ Մանուկեան ... Շարն.

Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Նարեկ Մելքոնեան Նուազագոյնը Ապահովեց Պրոնզ Մետալ Մը

December 5, 2012

Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարեկ Մելքոնեան (91 քկ եւ վեր) յաջողեցաւ նուազագոյնը պրոնզ մետալ մը ապահովել ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն, Շալքէ, Մալակա Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Գրաւեցին Իրենց Խմբակներուն Պարագլուխի Դիրքերը

December 5, 2012

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ կատարուած Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ տեղի ունեցան վերջին ճակատումները: Նոյնը պիտի ըլլայ ... Շարն.

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Երեք Մրցումներ` Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան Գծով

December 5, 2012

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. դասակարգի 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ: Նշենք, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը այս հանգրուանին գծով տեղի ունենալիք երկու մրցում փոփոխութեան ենթարկեց: Ստորեւ` ... Շարն.

Կռփամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստան Եօթը Մարզիկով Կը Մասնակցի Մրցաշարքին

December 5, 2012

Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստան եօթը մարզիկով պիտի մասնակցի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ... Շարն.

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքայի 9-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

December 5, 2012

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի վերջին ճակատումին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սատաքա արձանագրեց իր 9-րդ յաջորդական յաղթանակը (անիկա այլ խումբերու նման մրցում մը նուազ կատարած է), երբ 11-0 ... Շարն.

Վալվերտէ Նշանակուեցաւ Վալենսիայի Մարզիչ

Վալվերտէ Նշանակուեցաւ Վալենսիայի Մարզիչ

December 5, 2012

Էռնեսթօ Վալվերտէ «Լա լիկա»-ի խումբերէն Վալենսիայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Էռնեսթօ Վալվերտէ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: Ան իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը: ... Շարն.

Էն. Պի. Էյ. Նիւ Օրլինզ Յաղթեց Պաքսի

December 5, 2012

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումնեուն, Նիւ Օրլինզ արձանագրեց իր 5-րդ յաղթանակը` 102-81 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Միլուոքի Պաքսը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռոպին Լոփեզ նշանակեց 21 կէտ, որուն շնորհիւ անոր ... Շարն.

Ժան Համմամ Ընթրիքի Երեկոյով Մը Պիտի Պատուէ Մարզական Լրագրողները

December 5, 2012

Տարիներու իր սովորութեան համաձայն եւ տօնական օրերուն առիթով, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, երկուշաբթի, 17 դեկտեմբերին «Մըհաննա» ճաշարանին մէջ (Ժալ էլ Տիպ) պիտի պատուէ ... Շարն.

Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն.  Տարօն Սողոմոնեան Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Կռփամարտ. Աշխարհի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Տարօն Սողոմոնեան Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

December 4, 2012

Տարօն Սողոմոնեան Կռփամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, երէկ 56 քկ դասակարգի մրցումներուն Հայաստանի ներկայացուցիչ Տարօն Սողոմոնեան, որ կը կատարէր իր երրորդ մրցումը` ... Շարն.

ՀՄԸՄ Ռաուտա Նշեց Իր Հիմնադրութեան Ա. Տարեդարձը

ՀՄԸՄ Ռաուտա Նշեց Իր Հիմնադրութեան Ա. Տարեդարձը

December 4, 2012

ՀՄԸՄ Ռաուտայի հիմնադրութեան Ա. տարեդարձին առիթով (25 նոյեմբեր 2011), շրջանի նորընտիր վարչութիւնը գաղափարը ունեցաւ այդ տարեդարձը նշել Տըքուանէի եւ Ռաուտայի շրջանի ՀՄԸՄ-ականներուն եւ շրջանի հայութեան հետ: Այս առիթով Ռաուտայի ակումբին ... Շարն.

«Չեմփիընզ Լիկ». Պայքար` Պարագլուխի Դիրքը Գրաւելու Համար

December 4, 2012

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ այսօրուան եւ վաղուան մրցումներով վերջնականապէս կը յստականան 1-16-րդ հանգրուան հասնող 16 խումբերը, որոնց վիճակաձգութիւնը տեղի ... Շարն.

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորման Մէջ  Արոնեան` 2-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորման Մէջ Արոնեան` 2-րդ Դիրքին Վրայ

December 4, 2012

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am)` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ճատրակի ողիմպիականի եռակի ախոյեան Լեւոն Արոնեան ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ 2815 կէտով կը ... Շարն.

Հենրիխ Մխիթարեան` Շախտիորի Նոյեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հենրիխ Մխիթարեան` Շախտիորի Նոյեմբեր Ամսուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

December 4, 2012

Իր լուրը քաղելով Շախտիոր Տոնեցքի պաշտօնական կայքէջէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ընտրուած է ակումբի նոյեմբեր ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան ստացած է ... Շարն.

Ժիւտօ. Հայաստանի Պատանիներու Հաւաքականին Կազմը Յստակացաւ

December 4, 2012

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միքա մարզական ակումբի մարզահամալիրին մէջ աւարտեցան Հայաստանի ժիւտոյի պատանիներու ախոյեանութեան մրցումները: Մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացաւ 2013-ի հաւաքականը, որ ըստ Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին տեղեկութիւններուն, ... Շարն.

Միջին Արեւելքի Ռելիներու Ախոյեանութիւն.  Նասեր Աթիէ Ախոյեան` 8-րդ Անգամ Ըլլալով

Միջին Արեւելքի Ռելիներու Ախոյեանութիւն. Նասեր Աթիէ Ախոյեան` 8-րդ Անգամ Ըլլալով

December 4, 2012

Նասեր Աթիէ Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 2012 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցաւ Տուպայի միջազգային ռելին: Քաթարցի վարորդ Նասեր Աթիէ 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Միջին Արեւելքի ախոյեան, երբ վերջին ... Շարն.

Դաւիթ Խաչատրեան Տիրացաւ Profc-ի Տիտղոսին

Դաւիթ Խաչատրեան Տիրացաւ Profc-ի Տիտղոսին

December 4, 2012

Դաւիթ Խաչատրեան PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանը ներկայացնող Դաւիթ Խաչատրեան պարտութեան մատնելէ ետք իր ռուս մրցակիցը` Քիրիլ Սուխումլինովը, տիրացաւ Profc-ի թեթեւ դասակարգի տիտղոսին (արհեստավարժ կռփամարտի կռուի ախոյեանութիւն): Թէեւ ... Շարն.

Անի Ամիրաղեան` Հայաստանի Լաւագոյն Թենիսվումընը

Անի Ամիրաղեան` Հայաստանի Լաւագոյն Թենիսվումընը

December 4, 2012

Անի Ամիրաղեան Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնը, տարուան մը արդիւնքները նկատի առնելով, կը կատարէ մրցանակաբաշխութիւն` տալով տիտղոսներ եւ վկայագիրներ: Հայաստանի լաւագոյն թենիսվումըն ընտրուեցաւ Անի Ամիրաղեան, իսկ լաւագոյն թենիսմենը` ... Շարն.

Լիբանանեան Ֆութպոլ1 Ամալ Մաարաքէ – ՀՄԸՄ` 1-1

December 3, 2012

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: ՀԸՄԸ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ամալ Մաարաքէի, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ... Շարն.