Category: Մարզական

«2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԲԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ 12 ՅՈՒՆԻՍԻՆ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՖԻՖԱ-Ն

July 29, 2011

ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքէ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ 2014-ի Մոնտիալի բացման մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 յունիսին, իսկ աւարտական մրցումը` 13 յուլիսին: Ան աւելցուց ըսելով, որ ... Շարն.

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ՅԱՂԹԵՑ ՍՓՈՐԹԻՆԿԻ

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ 16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ՅԱՂԹԵՑ ՍՓՈՐԹԻՆԿԻ

July 29, 2011

Պասքեթպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանի 16 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու ազգային խումբը մրցեցաւ Սփորթինկի դէմ (Եգիպտոս): Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին ... Շարն.

2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒԹԵԱՆ

July 29, 2011

Շաբաթ, 30 յուլիսին, Պրազիլի մէջ տեղի պիտի ունենան 2014-ի Մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքի վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ այս վիճակաձգութեան ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի ֆետերասիոնի երկու ներկայացուցիչները: Առաջինն ... Շարն.

ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍՈՎ 7 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԵՐԵՒԱՆ

July 29, 2011

Ռուսական Շիննիք Եարոսլաւի յառաջապահ Արթուր Սարգիսով յառաջիկայ 7 օգոստոսին պիտի ժամանէ Երեւան` պատրաստուելու համար 10 օգոստոսին Քաունասի մէջ տեղի ունենալիք Լիթուանիա - Հայաստան ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին: 26 յուլիսին Հայաստանի ... Շարն.

ՀԱԿԱՌԱԿ ԶԻՆՔ ԲՌՆԱՏԷՐ ՈՐԱԿԵԼՈՒՆ ՊԼԵԹԸՐ ՉՊԱՏԱՍԽԱՆԵՑ ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄԻ

July 29, 2011

ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր, հակառակ անոր որ բռնատէր որակուեցաւ ֆութպոլէն ցմահ կախակայուած Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամէն, սակայն մերժեց որեւէ յայտարարութիւն կատարել իր դէմ ուղղուած այդ ամբաստանութեան առնչութեամբ: ... Շարն.

ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՇԽԱՐՀԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՐԿՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ

July 29, 2011

Ասթանայի մէջ երէկ տեղի ունեցած աշխարհի կռփամարտի պատանիներու ախոյեանութեան մրցումներուն լոյսին տակ, մարզիկները ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը: Կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Գոռ Ջեւելեկեան եւ Սերիոժա Յակոբեան, որոնք յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին ... Շարն.

ՕԶՊԻԼԻՍԻ ԱՊԱԳԱՆ` ՄԻՇՏ ԱՆՈՐՈՇ

July 29, 2011

Հոլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Այաքս Ամսթերտամի մաս կազմող հայազգի միջնապահ Արազ Օզպիլիս, Հոլանտայի երիտասարդներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Քոր Փոթի կողմէ հրաւիրուած է մաս կազմելու անոր խումբին: Մարզիչը ... Շարն.

ՌԱԶՄԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՉԵԽԱԿԱՆ ՓԱՆԻՔ

ՌԱԶՄԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՉԵԽԱԿԱՆ ՓԱՆԻՔ

July 29, 2011

Հայաստանի պատանիներու ֆութպոլի հաւաքականներու նախկին ֆութպոլիստ Ռազմիկ Յովհաննիսեան կը պատրաստուի մեկնիլ Չեխիա, ուր 2009-ին հինգ տարուան պայմանագիր մը ստորագրեց Մոսթ քաղաքի Փանիք խումբին հետ: Յովհաննիսեան վերջին երկու տարեշրջաններուն փոխ տրուեցաւ ... Շարն.

ՆՈՐԱՅՐ ԿԷՕԶԱԼԵԱՆ ՄԻԱՑԱՒ ԻՄՓՈՒԼՍԻ

July 29, 2011

Բանանց Երեւանի յառաջապահ Նորայր Կէօզալեան իր կազմը լքելով միացաւ Իմփուլսի` մէկուկէս տարուան պայմանագիր մը կնքելով անոր հետ: 2007-ին Բանանցի միացած Կէօզալեան վերջին շրջանին շատ յաճախ նկատի կ՛առնուէր իբրեւ պահեստի մարզիկ: ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏԻՐԱՑԱԾ  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏԻՐԱՑԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՏՐԱԿԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ

July 28, 2011

Հայաստանի նախագահ, ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Ճատրակի աշխարհի 8-րդ խմբային ախոյեանութեան ընթացքին աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրացած Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը` Լեւոն Արոնեանը, Սերկէյ ... Շարն.

ԱՐԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ

ԱՐԱ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ

July 28, 2011

Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան յատուկ նամակով մը շնորհաւորեց Հայաստանի նախագահ եւ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեանը` Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով: «Հայաստանի հաւաքականը ... Շարն.

ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ՌՈՏ ՊԱՅՔԻ ՄՐՑՈՒՄ` «ՄԱՐԻՆԱ» ՄԱՅՐՈՒՂԻԻՆ ՎՐԱՅ

July 28, 2011

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Պելճիքայի դեսպան Եոհան Վերքամենի, նախորդ շաբաթավերջին «Մարինա» մայրուղիին վրայ տեղի ունեցաւ Ռոտ Պայքի մրցում` մասնակցութեամբ 24 հեծելանւորդներու: Անոնց կարգին էր նաեւ Արմէն Արսլանեան, որ ... Շարն.

«ՔՈՐԱԼ ՊԻՉ»Ի ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

July 28, 2011

Այսօր` հինգշաբթի, 28 յուլիսին, «Քորալ Պիչ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի տարեկան համագումարը, որ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին: Նախքան այս համագումարին սկսիլը, խօսքեր պիտի արտասանեն երիտասարդութեան եւ ... Շարն.

ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՌԱՖԻԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՌԱՖԻԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

July 28, 2011

Պուքրէշի մէջ (Ռումանիա) սկսած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան առաջին օրը Հայաստանի համար եղաւ յաջող օր մը` նկատի ունենալով, որ հայրենի ըմբիշ Ռաֆիկ Մանուկեան 74 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ... Շարն.

ՃԱՏՐԱԿ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԻՍԿԱՊԷՍ ՀՐԱՇԱԼԻ ԽՈՒՄԲ Է» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՐԷԵՒ

July 28, 2011

Ռուսիոյ ճատրակի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եւգենի Փարէեւ` անդրադառնալով Հայաստանի ազգային հաւաքականի ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեան հանդիսանալուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Իսկապէս, Հայաստանի հաւաքականը հրաշալի խումբ մըն է, որուն անդամները կը ... Շարն.

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ. ՎԱՀԱԳՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ` ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ

July 28, 2011

Տրապիզոնի մէջ սկսած Եւրոպայի պատանիներու ողիմպիական խաղերուն առաջին օրը, Վահագն Յովսէփեան ժիւտոյի 50 քկ դասակարգին մէջ պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հայաստանի` երրորդ դիրքի մրցումին յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի մրցակիցին` Մահարամովին: ... Շարն.

ԱՐԱԶ ՕԶՊԻԼԻՍ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻԹՈՒԱՆԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

ԱՐԱԶ ՕԶՊԻԼԻՍ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼԻԹՈՒԱՆԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

July 28, 2011

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համաձայն, Այաքս Ամսթերտամի մաս կազմող յառաջապահ Արազ Օզպիլիս շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ յառաջիկայ 10 օգոստոսին տեղի ունենալիք Հայաստան - Լիթուանիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին: Օզպիլիս, որ ... Շարն.

ՖԻՖԱ-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՈՐ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՆԱՑ 70-ՐԴ. ԼԻԲԱՆԱՆ 18 ԴԻՐՔԻ ՈՍՏՈՒՄ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ

July 28, 2011

Երէկ, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր միջազգային դասաւորումը: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ յաջորդ դասաւորումը պիտի հրապարակուի յառաջիկայ 24 օգոստոսին: Ոչ մէկ փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ առաջին երեք դիրքերուն ... Շարն.

ՀԱՅ ՍՈՒԶՈՐԴՆԵՐԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԻՇ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ` ՍՈՒԶՈՒԵԼՈՎ ԱՐԱԳԱԾ  ԼԵՐԱՆ ՔԱՐԻ ԼԻՃԻՆ ՅԱՏԱԿԸ

ՀԱՅ ՍՈՒԶՈՐԴՆԵՐԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԻՇ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ` ՍՈՒԶՈՒԵԼՈՎ ԱՐԱԳԱԾ ԼԵՐԱՆ ՔԱՐԻ ԼԻՃԻՆ ՅԱՏԱԿԸ

July 28, 2011

26 յուլիսին Երեւանի մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Այաս» ակումբի նախագահ, «Կիլիկիա» նաւու նաւապետ Կարէն Փալայեան բացատրութիւններ տուաւ, թէ ի՛նչ ձեւով հայ սուզորդները միջազգային մրցանիշ հաստատեցին` սուզուելով Արագած լերան ... Շարն.

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԱՅԺՄՈՒ ԹԻՒԸ` 109

July 28, 2011

Ինչպէս ծանօթ է, 13-21 օգոստոսին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւան պիտի հիւրընկալէ Համահայկական 5-րդ խաղերը: «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Համահայկական 5-րդ խաղերու կազմակերպչական կոմիտէն ըսած է, որ այժմու տուեալներով մասնակցող քաղաքներուն ... Շարն.