Category: 50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1964)

January 4, 2014

Խմբագրական Ծնունդ Ծնաւ անշուք գոմի մը մէջ, աղքատ ու համեստ ընտանիքի մը ուրախութեան արցունքներով: Լոյսի ճառագայթ մըն էր, որ կու գար պատռելու դարերու խաւարը, ու աւելի ահաւոր խաւարը հոգիներուն, որոնք ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (3 Յունուար 1964)

January 3, 2014

Սիսեցի Երիտասարդներու Միութեան Հիմնարկէքի Հանդիսութիւնը Կիրակի, 29 դեկտեմբեր 1963, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին տեղի ունեցաւ Սիսեցի երիտասարդներու միութեան սեփական տան հիմնարկէքի հանդիսութիւնը` հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Վարչութեան կողմէ ուղերձ կարդաց ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1963)

December 31, 2013

Խմբագրական Ամանոր Վերջին էջն ալ փրցուեցաւ օրացոյցին: Տարի մըն ալ անցաւ` կարօտովը հին օրերուն: Անեզրութեան մշուշէն եկող տարիները կ՛անցնին իրար ետեւէ այնքան արագ, որ կարծէք երէկը այսօր էր, ինչպէս այսօրը` ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1963)

December 30, 2013

Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Վերաբացումը Կիրակի, 29 դեկտեմբեր 1963-ին վերաբացուեցան Ռըմէյլ թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ դռները եւ կրկին ղօղանջեց հաւատքի Աստուածահաճոյ  զանգակը: Մեծ պաստառի մը վրայ արձանագրուած գրութեամբ, թաղի ժողովուրդը բարի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1963)

December 28, 2013

Ազգային Գաւառական Ժողովի Երէկուան Նիստը Ընտրուեցան Կրօնական Եւ Քաղաքական Նոր Ժողովները Ազգային գաւառական ժողովը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի, ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 1963-ին` երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1963)

December 27, 2013

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Ստորեւ ամփոփ մասեր այն ճառերէն, զորս արտասանեցին Հրաչ Տասնապետեանը եւ Անդրանիկ Ուրֆալեանը, շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 1963-ին Պուրճ Համուտի Գերմանիկ սրահին մէջ Դաշնակցութեան 73-րդ տարեդարձի օրուան ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1963)

December 24, 2013

Նոթեր Ու Նետեր Ընդհանրականի Ծրագիրը Ատենէ մը ի վեր, խորհրդային մամուլին մէջ կը գրուի նոր նիւթի մը մասին, որ կը կոչուի «Ընդհանրական հայրենիք»: Այս մեծ ու նոր նիւթին մասին հետեւողականօրէն ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1963)

December 23, 2013

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ Շաբաթ, 21 դեկտեմբեր 1963, երեկոյեան ժամը 9:30-ին, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» ընդարձակ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը: Սրահը ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1963)

December 21, 2013

Խմբագրական Մեր Ուժին Աղբիւրը Այսօր` շաբաթ, Պուրճ Համուտի հայաշատ շրջանին մէջ պիտի տօնուի Դաշնակցութեան օրը: որ այս տարի կը զուգադիպի մեր կուսակցութեան առաքելատիպ հիմնադիրներէն` Սիմոն Զաւարեանի մահուան յիսնամեակին: Որքան կը ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1963)

December 20, 2013

Մ. Իշխանին Նուիրուած Յարգանքի Երեկոն Երէկ` հինգշաբթի, 19 դեկտեմբեր 1963, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանի Շրջանային Միութեան կազմակերպած եւ բանաստեղծ Մ. Իշխանին նուիրուած յարգանքի երեկոն, ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1963)

December 19, 2013

Սովետ «Պլան»-ները Եւ... Օղին Խորհրդային Միութեան մէջ պայքար մը ծայր տուած է ոգելից ըմպելիի գործածութեան դէմ: Համայնավար տեսաբաններ օղին կը նկատեն գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը... խորհրդային երկրագործութեան ձախողութեան եւ ստեղծուած անել ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1963)

December 18, 2013

Հայկազեան Քոլեճի Հայ Գիրքի Եւ Մամուլի Ցուցահանդէսը Հայկազեան քոլեճի հայագիտական բաժնի եւ հայկական ակումբի կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր 1963, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան քոլեճի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գիրքի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1963)

December 17, 2013

Տոմսեր Ֆիտել Քասթրոյի «Ընկեր Փանջունին» Ամերիկեան իշխանութեանց կողմէ հրատարակութեան յանձնուեցան տարաբախտ նախագահ Քենետիի ահաբեկիչ վատանուն Լի Օզուըլտի քանի մը նամակները, որոնք այնքան կը յիշեցնեն Երուանդ Օտեանի հռչակաւոր տիպարը` ընկեր Փանջունին: ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1963)

December 16, 2013

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Տօնախմբութիւնը Վեհափառը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան Երէկ` կիրակի, 15 դեկտեմբեր 1963, Ս. Յակոբի տօնին առթիւ, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տօնակատարութիւնը կատարուեցաւ մեծ շուքով: Այս առթիւ Խորէն Ա. կաթողիկոս պիտի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1963)

December 14, 2013

Խորէն Ա.Ի Անդրանիկ Կոնդակը Մեր Հայրապետական անդրանիկ կոնդակով երբ Մեր խօսքը կ՛ուղղենք ձեզի բոլորիդ, առաջին հերթին, մեր զգացումներուն ու մտածումներուն մէջ կը վերակենդանանան այն աննախատեսելի եւ դժնդակ օրերը, ուր յետ ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1963)

December 13, 2013

Երեւանի Անցեալը 1880-ին Լոյս Տեսած Է «Պսակ»-ի Առաջին Թիւը Երեւանի մէջ հրատարակուած առաջին թերթը եղած է «Պսակ»-ը, որուն առաջին թիւը լոյս տեսած է 1880 մարտ 15-ին: Թերթին հրատարակութիւնը որոշ ընդմիջումներով ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1963)

December 12, 2013

Նոթեր Ու Նետեր Մեր Անուններն Ու Մականունները Ֆրանսահայերէն ոմանց անուններն ու մականունները ենթարկուած են ճարպիկ փոփոխութիւններու` հրաժարելով հայկականութենէ ու մտնելով ֆրանսական աւազանի մէջ: Եւ այդպէս, Հրանդներն ու Հրաչները եղած են ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1963)

December 11, 2013

Փոթորիկին Վնասները Լիբանանի Մէջ Քամին Խանգարեց Օդակայանին Եւ Նաւահանգիստին Երթեւեկը Դամասկոսի Ճամբան Փակուեցաւ Ձիւն, կարկուտ, անձրեւ, փոթորիկ եւ քամի. քանի մը օրէ ի վեր բնութիւնը ոչ մէկ բան պակաս թողուց ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1963)

December 10, 2013

Հայը` Երէկ Եւ Այսօր Ասկէ ճիշդ կէս դար առաջ, տակաւին վերջապէս յստակ ու բիւրեղացած չէր հայ քաղաքական միտքը: Հետեւաբար պարզ ու որոշ չէին հայ ժողովուրդին քաղաքական պահանջները: Անփոփոխելի բովանդակութիւն ու ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1963)

December 9, 2013

Տոմսեր Ճշմարիտ Մեծութիւնը Բազմաթիւ ժողովուրդներու խառնուրդով ամերիկեան ազգի մը կազմութիւնը, Նոր Աշխարհի մէջ, պատմութեան ամէնէն ինքնատիպ վարձատրութիւնն էր, որուն հետաքրքրութեամբ հետեւած են աշխարհի բոլոր կողմերէն, նոր գաղափարներու իրագործման ջատագով առաջնորդներ: ... Շարն.