Category: Լիբանանեան
Արտաքին Հարցերու Եւ Տեղեկատուութեան Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Միացեալ Նիստ
Խորհրդարանական նիստէն պահ մը Արտաքին հարցերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, ներկայութեամբ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի, ... Շարն.
Լիբանանեան Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Թեհրանի Ազգային Առաջնորդարան
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ, լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը այցելեց Թեհրանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ... Շարն.
Պէյրութի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատան Դէմ Յարձակելու Սպառնալիքներ
Երէկ կէսօրին շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Քրայթեմի մէջ գտնուող «Քոլեճ Փրոթեսթանթ»-ը պարպուած է իր աշակերտներէն` ընդառաջելով ստացուած սպառնական հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը, որուն մէջ հաստատուած է, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական ... Շարն.
Մաքսատան Ուժերու Պատասխանատուն Եւ Անդամները Կը Հարցաքննուին Եւ Ազատ Կ՛արձակուին
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Թահթա Թայիլաթ ալ մասուլիյա» յայտագիրին անձնակազմը խոշտանգած մաքսատան ուժերու անդամներ եւ անոնց պատասխանատուն` Իպրահիմ Շամսէտտին երէկ Պէյրութի Արդարութեան պալատին մէջ հարցաքննութեան ենթարկուեցան: Չորսուկէս ժամուան հարցաքննութենէն ետք անոնք ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որ ընդգծեց «Պաապտայի յայտարարութեան» յանձնառու մնալու եւ չէզոք քաղաքականութեան հետեւելու անհրաժեշտութիւնը: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի ... Շարն.
Միքաթի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Քաթար
Միքաթի եւ շէյխ Թամիմ Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ` ներկայութեամբ Քաթարի վարչապետ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Դրուատեց Ապահովութեան Խորհուրդին Հաղորդագրութիւնը
Նախագահ Սլէյման եւ Տաուք Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ մէկ կողմէ ճշմարտութեան փնտռտուքը եւ միւս կողմէ ինքնապաշտպանութիւնը կ՛ենթարկուին օրինական եւ կանոնագրային մեքանիզմներու, որոնց մէջ առաւելագոյն չափով կարեւոր են ... Շարն.
Մաքսատան Պաշտօնեաները Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Իրենց Աշխատանքները
Մաքսատան ուժերուն կողմէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Թահթա Թայիլաթ ալ մասուլիյա» յայտագիրին անձնակազմին խոշտանգումէն օր մը ետք, մաքսատան պաշտօնեաները զօրակցութիւն յայնեցին մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մըրհիի եւ պոյքոթի ենթարկեցին իրենց աշխատանքները: ... Շարն.
Խորհրդարանի Նախագահը Վերադարձաւ Լիբանան
Պըրրի` Թեհրանէն հրաժեշտ տալու պահուն Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Իրան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը: Թեհրանի մէջ Պըրրիի եւ լիբանանեան պատուիրակութեան հրաժեշտ տուին Իրանի Ազգային ժողովի ... Շարն.
«Նախագահական Պաշտօնին Համար Կ՛ուզենք Անձնաւորութիւն Մը, Որ Հաւատայ «Պաապտայի Յայտարարութեան» Ոգիին» «Վանայ Ձայն»-ին Կ՛ըսէ Սելիմ Սայեղ
Սելիմ Սայեղ եւ «Վանայ ձայն»-ի խօսնակ Հալա Հատտատ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ, նախկին նախարար Սելիմ Սայեղ «Վանայ ձայն»-էն ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Քըրնեթ ... Շարն.
Ասատ. «Ժոմպլաթ Սուրիոյ Նախագահական Պալատ Չի Կրնար Մուտք Գործել, Սակայն Թայմուր Կրնայ»
Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ հանդիպումները աշխուժացնելու շրջագիծին մէջ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալաէտտին Թըրրոյի, նախանցեալ օր այցելեց Ղովմի կուսակցութեան` շնորհաւորելու համար կուսակցութեան հիմնադրութեան ... Շարն.
Սապունճեան. «Պէտք Է Զրուցել Եւրոպացի Գործընկերներուն Հետ Եւ Համոզել Զանոնք Առեւտրական Արդար Գործակցութեան Կարեւորութեան Գծով»
Վ. Սապունճեան` Ճարտարարուեստի բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան նախանցեալ երեկոյեան լիբանանցի գործատէր Ռոժէ Ազարի Արամունի բնակարանին մէջ նախագահեց շարք մը գործատէրերու նիստին, որուն ընթացքին կոչ ... Շարն.
Շարպել. «Լիբանանցիները Կը Մերժեն Պատերազմը»
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կառոյցները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` բացայայտելու համար իրանեան դեսպանատան ... Շարն.
Ֆրենժիէ. «Ասատ Դիմադրութեան Մեծագոյն Զօրակիցն Է»
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին տագնապին լուծման համար այս հանգրուանին լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ ... Շարն.
Յայտարարութիւն
Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատու գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Խստիւ կը դատապարտենք «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի «Թահթա թայիլաթ ալ մասուլիյա» յայտագիրի անձնակազմին նկատմամբ կատարուած յարձակումը: Կատարուածը կը նկատենք տեղեկատուութիւնը եւ լրատուամիջոցները ... Շարն.
«Ազդակ» Եւ «Վանայ Ձայն» Կը Դատապարտեն «Ժատիտ» Պատկերասփիւռի Կայանի Լրագրողներուն Խոշտանգումը
Երէկ «Ազդակ»-ի եւ «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութիւններն ու անձնակազմերը երկու անջատ դատապարտագիրներով խստիւ դատապարտեցին Մաքսատան վարչութեան կեդրոնական Պէյրութի կեդրոնատեղիին առջեւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներուն վրայ կատարուած յարձակումը: «Ազդակ» եւ «Վանայ ձայն» ... Շարն.
«Ժատիտ»-ի Անձնակազմը Դարձեալ Խոշտանգումի Թիրախ` Այս Անգամ Մաքսատան Ձեռամբ
Կեդրոնական Պէյրութի դրամատուներու փողոցը երէկ վկայեց ապահովական միջադէպ մը, որուն ընթացքին սակայն անիւներ չհրկիզուեցան, փողոցներ չփակուեցան եւ զինեալ բախումներ չարձանագրուեցան: Բողոքողները այս անգամ լրագրողներ էին, որոնք նախ եւ առաջ «Ժատիտ» ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Ամրապնդելու Ազգային Միասնականութիւնը, Կայունութիւնն Ու Չափաւորականութիւնը
Նախագահ Սլէյման եւ Խուրի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Իրանի եւ Արեւմուտքին միջեւ հիւլէական թղթածրարին մասին գոյացած համաձայնութիւնը ըլլայ սկիզբ մը` երկխօսութեան եւ քաղաքական լուծումները առաջնահերթ նկատելու ... Շարն.
Պըրրի Աւարտեց Իրան Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը
Պըրրի եւ Ռաֆսանժանի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պըրրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութիւնը, ... Շարն.
Զօր. Աուն. «Պետական Հաստատութիւններուն Մէջ Արձանագրուած Անիշխանութիւնը Հրդեհներ Կրնայ Բռնկեցնել»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ նախագահելէ ետք համախմբումին ընթացիկ նիստին, յայտնեց, որ պետական հաստատութիւններուն մէջ արձանագրուած անիշխանութիւնը հրդեհներ կրնայ բռնկեցնել: Ան շեշտեց, որ համալսարաններուն ... Շարն.

