Category: Լիբանանեան
Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Օրէնսդրական Աշխատանքը Զանազանելու Քաղաքական Կողմնակցութիւններէ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն աւարտին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ անյայտ կորսուածներուն եւ դիտմամբ բանտարկուածներուն թղթածրարները ամբողջական լուծման կը ... Շարն.
Պըրրի. «Կը Զօրակցինք «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովին Լիբանանի Մասնակցութեան»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները: Միւս կողմէ, Պըրրի զօրակցութիւն յայտնեց «Ժընեւ-2» ... Շարն.
Ապպաս. «Առեւանգուած Եպիսկոպոսներուն Գտնուած Վայրը Յստակ Է, Եւ Սկսած Ենք Ուղղակի Բանակցիլ Առեւանգողներուն Հետ»
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան սպաներուն հետ` զանոնք տեղեակ պահելու երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւններուն մասին: Հանդիպումին ընթացքին Ապպաս մերժեց ... Շարն.
Վ. Սապունճեան Շնորհաւորեց Ճարտարարուեստի Լիբանանցի Սեփականատէրերը Եւ Ընդգծեց Ժետտայի Ցուցահանդէսին Լիբանանի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ շնորհաւորեց ճարտարարուեստի արդիւնաբերութեան արտածումին համեմատութեան արձանագրած աճը, որ 7 առ հարիւր է, երբ օգոստոս 2012-ի արդիւնքները կը բաղդատուին օգոստոս 2013-ի արդիւնքներուն հետ: Վ. Սապունճեան ... Շարն.
Միքաթի Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Իպրահիմիի Լիբանան Այցելութեան Նախապատրաստութիւնները
Փլամպլի եւ Միքաթի Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցով միջազգային ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Ճաքարթայի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ճոանա Ազզիէն իմացաւ, որ Ինտոնեզիոյ ծովամոյն նաւուն 33 լիբանանցի զոհերուն դիակները հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին պիտի ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Հանրապետութեան Նախագահին
Երէկ` երկուշաբթի, 28 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին: Վեհափառ հայրապետին ընկերացան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Լիբանանի ... Շարն.
Թրիփոլի Կը Մնայ Պատերազմի Մթնոլորտի Մէջ, Իսկ Բանակը Կը Դառնայ Պապ Թըպպանէէն Բացուած Կրակին Նոր Թիրախը
Զինեալ մը` Պապ Թըպպանէի մէջ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին շարունակուեցան: Զինեալ բախումներուն պատճառով Թրիփոլիի փողոցները ամայացան եւ դպրոցները մնացին փակ: Երեկոյեան Սուրիա փողոցն ու ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Մքարիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցերը
Նախագահ Սլէյման եւ Մքարի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերն ու ... Շարն.
«Պէտք Է Վերջ Տալ Սուրիոյ Ճակատագիրին Սպասելու Ու Գրաւներ Դնելու Քաղաքականութեան Եւ Լուծել Լիբանանի Ներքին Հարցերը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած խօսքի պահուն «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցին հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ այդ հաստատութիւնը եւս մաս ... Շարն.
Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում
Միքաթի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ներկայ իրավիճակը: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին իր ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Թրիփոլի Շրջանային Հակադիր Առանցքներուն Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող Տագնապին Զոհն Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթական իր յօդուածին մէջ հարց տուաւ, թէ արդեօք Թրիփոլի ստիպուա՞ծ է վճարելու այս կամ այն քաղաքական ուժերուն ստացագիրները եւ զոհը դառնալու շրջանային հակադիր ... Շարն.
Բանակը Դատական Իշխանութիւններուն Կը Յանձնէ Լիբանանցի Մը Եւ Թուրք Մը
Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ականուած ինքնաշարժներու պատրաստութեան եւ զանոնք պայթեցնելու յանցանքով բանակը դատական իշխանութիւններուն յանձնած է լիբանանցի Մոհամետ Նայեֆ Աթրաշը եւ թուրք ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆՇԱՆԱԿԵԱԼ վարչապետ Թամմամ Սալամ անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ժընեւ: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի` շեշտելով, որ սուրիական բանտերուն մէջ կան 622 լիբանանցի արգելափակեալներ ... Շարն.
«Քրիստոնեաները Պէտք Է Շարունակեն Իրենց Գոյատեւումը Արեւելքի Մէջ» . Ընդգծեց Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Ա. Համագումարը
Նախագահ Սլէյման իր խօսքը կ՛ուղղէ Համագումարին ներկաներուն Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն Ա. համագումարը` Ռապուէի մէջ գտնուող Քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութեան համաշխարհային կեդրոնին մէջ: Արեւելքի քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն հոգեւոր պետերուն կողքին, համագումարին ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Սալամը
Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Սալամ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան առնչուող իրադարձութիւնները: Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Նշանակեալ Վարչապետ Թամմամ Սալամի Հետ
Շաբաթ, 26 հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս անձնական ու մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան տեղական եւ շրջանային հարցեր: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Ազատ Արձակուած Լիբանանցիները
Պըրրի` ազատ արձակուած լիբանանցիներուն հետ հանդիպման ընթացքին Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց ազատ արձակուած լիբանանցիներուն պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ առեւանգուած լիբանանցիներուն ... Շարն.
Թրիփոլիի Մէջ Զինեալ Բախումները Աւելի Ծանր Թափով Կը Շարունակուին Զոհերուն Թիւը Կը Հասնի 13-ի
Թրիփոլիի մէջ շաբաթավերջին տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, սակայն առանց վերջ տալու արձակազինութեան, որուն պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ` Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ: Բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը շարունակեցին ... Շարն.
Ապպաս-Իպրահիմի Հանդիպում
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Քաթար կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հալէպի մէջ առեւանգուած ... Շարն.

