Category: Լիբանանեան
Ռայի Պատրիարքը Կ՛ընդունի Սամի Ժեմայէլը, Իսկ Զահլէի Երեսփոխանական Պլոքը Կը Բողոքէ Հըզպալլայի Հաղորդակցութեան Ցանցին Դէմ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յետմիջօրէին ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց համար երեսփոխանական ընտրութեան յատուկ օրէնքի ... Շարն.
Ռապիէի Մէջ. «Թիւ 1701 Բանաձեւին Եւ «Պաապտայի Յայտարարութեան» Գործադրութիւնը Կը Կազմեն Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Հիմքը» Շեշտեց Տէյվիտ Հէյլ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան արարողակարգային հարցերու պատասխանատու Միշել տը ... Շարն.
«Ամերիկեան, Հաւատադրժողական Եւ Իսրայէլեան Եռեակ Տարազը Պիտի Ձախողի» Շեշտեց Ալի
Սուրիոյ դէմ ամերիկեան բռնարարքները մերժող արաբական-միջազգային խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի երէկ յայտնեց, որ 30 ամիսներէ ի վեր իր դէմ վայրագ յարձակումներու եւ բռնարարքներու ... Շարն.
Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Երեսփոխանական Պլոքի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Սինիորայի
Սինիորայի հետ հանդիպումէն պահ մը Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Միշել Մուսա եւ Եասին Ժապեր, այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն ներկայացուց ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի մեկնի Վատիկան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ` քննարկելու համար միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, Սուրիոյ զարգացումները եւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն վերաբերող հարցեր: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Ցաւակցական Այցելութիւն Կու Տայ Ժոմպլաթին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, բաղկացած` ընկերներ Յակոբ Խաչերեանէ, Սեպուհ Յովնանեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի: Այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց Ժոմպլաթին` ... Շարն.
Սարաֆանտի Մէջ. Զբօսաշրջական Նաւ Մը` Ընկղմած
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ զբօսաշրջական նաւ մը, որուն վրայ կար 20 հոգի, երէկ ընկղմեցաւ Սարաֆանտի ծովեզերքին մօտ: Փրկարար ջոկատները անմիջապէս օգնութեան փութացին եւ դուրս բերին նաւուն վրայ գտնուողները, որոնց ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման – Սինիորա Հանդիպում
Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները` քաղաքական եւ կառավարական առումով, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Պաշիր Ժեմայէլի 31-րդ Տարելիցի Նշում Պիքֆայայի Մէջ
Հոգեհանգստեան արարողութեան մասնակիցները Հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլի նահատակութեան 31-րդ տարելիցին առիթով շաբաթավերջին Պիքֆայայի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, երեսփոխաններ ... Շարն.
Միքաթի Զօր. Սերրայի Հետ Քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Վերաբերող Հարցեր
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան ... Շարն.
Սէյիտ Սաֆիէտտին. «Հըզպալլա Անձնական Ապահովութեան Սկզբունքին Դէմ Է»
Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը Դիմադրութեան առանցքը որդեգրող կողմերուն դէմ մղուած պայքարին մէկ օղակն է` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը կը գործէ ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Աւարտեց Ռումանիա Կատարած Իր Հովուապետական Այցելութիւնը
Նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման արարողութենէն պահ մը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ աւարտեց Ռումանիա կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը` Պուքրէշի նորակառոյց Մար Շարպել եկեղեցւոյ մէջ նախագահելով կիրակի օրուան պատարագին: Ռայի պատրիարքը ... Շարն.
Եաղի. «Պեքաան Հրթիռարձակումի Թիրախ Դարձնողները Անոնք Են, Որոնք Ականուած Ինքնաշարժներ Ղրկած Էին Հարաւային Արուարձաններ»
Հըզպալլայի Պեքաայի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղի յայտնեց, որ Պեքաայի Լապուէ եւ Զպուտ շրջանները հրթիռարձակումի թիրախ դարձնող կողմերը անոնք են, որոնք ականուած ինքնաշարժներ ղրկած էին դէպի Հարաւային արուարձաններ: Եաղի հաստատեց, ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի զարմանք յայտնեց Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին նկատմամբ լիբանանեան քաղաքական որոշ ուժերու կողմէ ցուցաբերուած համամտութեան կեցուածքին առնչութեամբ: ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցը ուղղակիօրէն ... Շարն.
Իշխանութեան Պետերը Կը Ծանօթանան Խորհրդարանի Նախագահին Նախաձեռնութեան
Նախագահ Սլէյման եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի պատուիրակութիւնը Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Եասին Ժապեր, Միշել Մուսա եւ Ալի Պեզզի, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման, Նախարարներ Եւ Երեսփոխաններ Կը Ցաւակցին Ժոմպլաթին
Նախագահ Սլէյման` երեսփոխաններ Արսլանի եւ Ժոմպլաթի միջեւ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Մուխթարա` ցաւակցութիւն յայտնելու համար Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, անոր մօր` Մէյ Արսլան - ... Շարն.
Միքաթի. «Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Արագ Լուծումը Կը Նպաստէ Լիբանանի Շահերուն»
Փլամպլի եւ Միքաթի Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ արաբ իրաւաբաններու յատուկ հանդիպումի մը ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները համոզուեցան, որ կարելի չէ խրամատներուն մէջ ... Շարն.
Հարիրի. «Միջազգային Ընտանիքին Ջոջերը Սուրիացի Ժողովուրդը Լքեցին Դարուս Հրէշներուն Ձեռքը»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ նշեց, որ սուրիացի ժողովուրդը միջազգային ընտանիքի ջոջերուն տարազներուն մէջ նկատի չէ առնուած: «Անոնց համար կարեւորը քիմիական զէնքն ... Շարն.
Ռումանիոյ Մէջ. «Խաղաղութիւնը Եւ Երկխօսութիւնը Պէտք Է Յաղթանակեն Պատերազմին Եւ Բրտութեան» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Ռայի պատրիարքը եւ Անթոնեսքու Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Ռումանիոյ Ծերակոյտի նախագահ Քրին Անթոնեսքուի հետ` ներկայութեամբ Ռումանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռանա Մուքատտեմի եւ լիբանանեան-ռումանական բարեկամական ... Շարն.
«Պաապտայի Յայտարարութիւն»-ը Դիմադրութեան Եւ Անոր Զէնքին Մասին Ոչ Մէկ Ակնարկութիւն Կատարած Է» Նշուեցաւ Հանրապետութեան Նախագահութեան Կողմէ
Գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եհիա Հանրապետութեան նախագահութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը Դիմադրութեան եւ անոր զէնքին մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարած է, միաժամանակ նաեւ չէ անդրադարձած Դիմադրութեան ... Շարն.

