Category: Լիբանանեան
Նախագահ Սլէյման Կառավարութիւնը Նիստի՞ Պիտի Հրաւիրէ
Նախագահ Սլէյման եւ Մքարի Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին հրաժարեալ կառավարութիւնը հրաւիրել նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ պատրաստութիւնները` ... Շարն.
«Ընտրական Օրէնքին Վաւերացումէն Ետք Վեց Ամսուան Կարիքը Կայ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պատրաստելու» Շեշտեց Մարուան Շարպել
Հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնը, ուրկէ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցը պետութեան ողնաշարը կը կազմէ` աւելցնելով, որ ... Շարն.
Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումին Համաձայն Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Միակ Լուրջ Միջոցը Ընտրական Օրէնքն Է
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ համախմբումին համաձայն, ... Շարն.
Մուսթաքպալ Կոչ Կ՛ուղղէ Կազմելու Չէզոք Կառավարութիւն Մը
Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ Մուսթաքպալ կոչ կ՛ուղղէ կազմելու չէզոք կառավարութիւն մը, որուն անդամները ... Շարն.
Շէյխ Ռաֆիյի` Կրակոցի Թիրախ
Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան ինք թիրախ դարձած է կրակոցի մը, երբ մզկիթին մէջ կը գտնուէր` նկատել տալով, որ ... Շարն.
Զօր. Աուն Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Փաուլի շեշտեց, որ իր ... Շարն.
Իր Քաղաքացիները Լիբանան Ուղղուելէ Զգուշացնելու Ամերիկեան Կոչերը` Ռութին Գործառնութիւն
Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած զգուշացումը, որպէսզի ամերիկացի քաղաքացիները Լիբանան չուղղուին, ռութին գործառնութիւն մըն է, որ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շնորհաւորեց Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Խալետ Մաշաալը` անոր վերընտրութեան առիթով եւ ընդգծեց, որ առաջնահերթութիւնը պաղեստինեան ներքին միասնականութեան ամրապնդումն է, որովհետեւ անիկա միակ զէնքն է` դիմադրելու թշնամիին ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Կ՛այցելէ Պքերքէ
Նախագահ Սլէյման եւ կարտինալ Ռայի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման Պքերքէի մէջ ներկայ գտնուեցան Ս. Զատկուան տօնին առիթով մատուցուած պատարագին: Նախքան Ս. պատարագի մատուցումը, նախագահ ... Շարն.
Պքերքէի Մէջ. Ֆրանսայի Համար Պատարագ` Նախագահութեամբ Ռայի Պատրիարքին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Ֆրանսայի համար մատուցուած Ս. պատարագի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի, ֆրանսական դեսպանատան անձնակազմը, ինչպէս նաեւ մեծ ... Շարն.
Ռապիէի Մէջ Մեծամասնական Ուժերու Ընդարձակ Նիստ
Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Ռապիէի բնակարանին մէջ գումարուեցաւ մեծամասնական ուժերու ընդարձակ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ կառավարութեան ուժանիւթի եւ ... Շարն.
Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Պուսթրոս Պալատ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի ... Շարն.
Ուատի Խալետի Մէջ Ութ Սուրիացիներ Կ՛առեւանգուին
Անծանօթ զինեալներ երէկ Ուատի Խալետի մէջ բռնի ուժով կեցուցին փոքր վան մը, որ կը փոխադրէր 14 սուրիացի բանուորներ: Զինեալները առեւանգեցին ութ բանուորներ, որոնք ալեւի համայնքի զաւակներ էին: Այս մասին անմիջապէս ... Շարն.
Ռաատ. «Ընտրական Որեւէ Նոր Օրէնք Պէտք Է Բոլոր Լիբանանցիներուն Համար Արդար Ներկայացուցչութիւն Ապահովէ»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ ընտրական որեւէ նոր օրէնք պէտք է բոլոր լիբանանցիներուն համար արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ, ինչպէս նաեւ երաշխաւորէ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ հաւասարութիւնը: ... Շարն.
Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Հարիրի Շնորհաւորական Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Կը Կատարէ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Փաղանգաւոր ... Շարն.
Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Կեդրոնին Մէջ Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Պաշտօնական Արարողութիւն
Ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոնին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւն մը` ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի եւ անոր յաջորդին` գնդապետ-զօրավար Ռոժէ Սալեմի միջեւ: ... Շարն.
Մանսուր Ընդունեց Եմէնի Նախկին Նախագահը Եւ Սուրիոյ Ու Ռուսիոյ Դեսպանները
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր անցեալ շաբաթավերջին Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եմէնի նախկին նախագահ Ալի Սալեմ Պիտի հետ: Մանսուրի այցելեց նաեւ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեաները, որոնք Արեւմտեան տօնական օրացոյցին կը պատկանին: Պըրրի Լիբանանին ապահով եւ կայուն յարութիւն մաղթեց` հեռու այն վտանգներէն, որոնք ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ Ներկայ Գտնուեցաւ Յիսուսի Թաղման Կարգի Արարողութեան
Թաղման կարգի արարողութենէն պահ մը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման երէկ ներկայ գտնուեցան Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ կատարուած Յիսուսի Թաղման կարգի արարողութեան եւ Աւագ ... Շարն.
Պըրրի. «Եթէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Պիտի Չկատարուին, Ապա Պէտք Է Կազմել Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւն Մը»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ յաջորդ վարչապետին յատկանիշները տակաւին կարելի չէ եղած ճշդել, որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են յաջորդ կառավարութեան ստանձնելիք աշխատանքներուն հետ: «Եթէ այդ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ... Շարն.

