Category: Լիբանանեան

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

March 25, 2013

Աստուածածնայ աւետման տօնին եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երեքշաբթի, 26 մարտ 2013-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 27 մարտին: Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ստանձնեց Միքաթիի  Հրաժարականը Եւ Քերրիէն  Իմացաւ Օպամայի Ողջոյնները

Նախագահ Սլէյման Ստանձնեց Միքաթիի Հրաժարականը Եւ Քերրիէն Իմացաւ Օպամայի Ողջոյնները

March 25, 2013

Նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ իր գրաւոր հրաժարականը յանձնեց նախագահ Սլէյմանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ... Շարն.

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Եւ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Կայացման Քննարկումները Պէտք Է Անմիջապէս Կատարուին»

March 25, 2013

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է անմիջապէս վերսկսիլ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հրաւիրած լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին` քննարկելու համար կառավարութեան կազմութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման կարելիութիւնները: ... Շարն.

Բանակին Ջանքերուն Շնորհիւ Ժապալ Մըհսենի Եւ Պապ Թըպպանէի Մէջ Զգուշաւոր Լռութիւն

March 25, 2013

Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները, կրակոցները, ռումբերու արձակումն ու արձակազինութիւնը շարունակուեցան մինչեւ կիրակի առաւօտ, երբ լիբանանեան բանակը աւարտեց Պապ Թըպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի մէջ իր որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն գործադրումը, ինչպէս նաեւ ... Շարն.

Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով Ռայի Պատրիարքը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերադառնալու Ազգային Երկխօսութեան Եւ Մշակելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

March 25, 2013

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց  Ծաղկազարդի տօնին առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` նշելով, որ եկեղեցին եւ քաղաքական իշխանութիւնները կոչուած են գործելու լիբանանցի ... Շարն.

Ռաատ. «Միքաթի Փափաքեցաւ Առաջքը Առնել Հաստատութեան Մը Մէջ Ստեղծուելիք Անիշխանութեան»

March 25, 2013

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ ներկայացուած հրաժարականը իրենց համար երբեք անակնկալ մը չէր` աւելցնելով, որ այս կառավարութեան կազմութենէն ի վեր իրենք ... Շարն.

Միքաթի. «Վարչապետի Պաշտօնը Վերստանձնելու Առումով Նախապայմաններ Ունիմ»

March 25, 2013

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կան բազմաթիւ պատճառներ, որոնք զինք մղած են հրաժարելու իր պաշտօնէն` աւելցնելով, որ հորիզոնին վրայ լուծումներ չեն երեւիր, այլ յաւելեալ ... Շարն.

Զօր. Աուն. «Կառավարութեան Հրաժարականը Մեզի Չնեղացուց, Որովհետեւ Անոր Ընթացքին Մասին Մենք Շարք Մը Վերապահութիւններ Ունէինք»

March 25, 2013

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ Միքաթիի հրաժարականը զիրենք թէ՛ զարմացուցած է եւ թէ՛ չէ զարմացուցած, «սակայն անոր հրաժարելուն պատճառները անհեթեթ էին», աւելցուց ան: Զօր. ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 25, 2013

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, որ Տոհայի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ եւ անոնց ... Շարն.

Միքաթի Յայտարարեց  Իր Կառավարութեան Հրաժարականը

Միքաթի Յայտարարեց Իր Կառավարութեան Հրաժարականը

March 23, 2013

Միքաթի կը յայտարարէ իր հրաժարականը Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան վարչապետարանէն յայտարարեց իր կառավարութեան հրաժարականը` առիթ տալով, որ Լիբանանի ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմուի: Ան մաղթեց, որ իր կառավարութեան հրաժարականը ... Շարն.

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ  Սլէյմանի Եւ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Մարոնի Ղեկավարներու Հետ

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի Եւ Խորհրդակցական Հանդիպում Մը Ունեցաւ Մարոնի Ղեկավարներու Հետ

March 23, 2013

Կարտինալ Ռայի եւ նախագահ Սլէյման Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն եւ ... Շարն.

Ժապալ Մըհսենի Եւ Պապ Թըպպանէի Միջեւ Զինեալ Բախումները Հետզհետէ Կը Սաստկանան

March 23, 2013

Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները, կրակոցները, ռումբերու արձակումն ու արձակազինութիւնը երէկ շարունակուեցան` պատճառելով 6 զոհ եւ աւելի քան 30 վիրաւոր: Նախանցեալ կէս գիշերէն մինչեւ երէկ երեկոյ արձանագրուած մարդկային այս վնասներուն կողքին, ... Շարն.

Այն Թինէի Մէջ   Պըրրի-Միքաթի Հանդիպում

Այն Թինէի Մէջ Պըրրի-Միքաթի Հանդիպում

March 23, 2013

Միքաթի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ օր մը առաջ կառավարութեան կողմէ պետական ... Շարն.

Սապունճեան Նախագահեց Ճարտարարուեստի  Հետազօտութեան  Հիմնարկի Վարչութեան Ա. Նիստին

Սապունճեան Նախագահեց Ճարտարարուեստի Հետազօտութեան Հիմնարկի Վարչութեան Ա. Նիստին

March 23, 2013

Նախարար Սապունճեան` ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկի վարչութեան կազմին հետ Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Լիբանանեան համալսարանին մէջ նախագահեց Ճարտարարուեստի հետազօտութեան հիմնարկի վարչութեան Ա. նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ ... Շարն.

Կառավարութիւնը Պետական Պաշտօնեաներուն  Եւ Ուսուցիչներուն Աշխատավարձի  Յաւելումները Փոխանցեց Խորհրդարան

Կառավարութիւնը Պետական Պաշտօնեաներուն Եւ Ուսուցիչներուն Աշխատավարձի Յաւելումները Փոխանցեց Խորհրդարան

March 22, 2013

Ութ ժամուան նիստէն ետք կառավարութիւնը երէկ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը փոխանցեց խորհրդարան: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար, նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի ... Շարն.

Թրիփոլիի Մէջ Դարձեալ Ապահովական Խախտումներ Կ՛արձանագրուին

March 22, 2013

Թրիփոլիի մէջ նախանցեալ երեկոյեան սկսած ապահովական միջադէպերն ու արձանագրուած խախտումները սաստկացան երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն: Աւելի ուշ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ կրակոցները շարունակուեցան եւ վերածուեցան փոխադարձ հրթիռարձակումի եւ ... Շարն.

«Մարդկային Հոսք` Դէպի Նախագահական  Պալատ Եւ Սենտիքայական Գարուն»   Շեշտեց Հաննա Ղարիպ

«Մարդկային Հոսք` Դէպի Նախագահական Պալատ Եւ Սենտիքայական Գարուն» Շեշտեց Հաննա Ղարիպ

March 22, 2013

Երէկուան ցոյցէն պահ մը Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ նախագահական պալատ տանող ճամբուն վրայ կէսօրէ առաջ գործադրեց իր հսկայ ցոյցը, որուն մասնակցեցան ուսուցիչներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ պետական պաշտօնեաներու հոծ բազմութիւն մը` ... Շարն.

Լիբանանի Ընդհանուր Ապահովութիւնը Սուրիական Ուժերէն Ստանձնեց Հասսան Սրուրը

March 22, 2013

Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ սուրիական ապահովութեան ուժերէն ստանձնեց լիբանանցի քաղաքացի Հասսան Սրուրը, որ սուրիական ուժերուն կողմէ Թալքալախի մէջ Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգում կատարող եւ Սուրիոյ բախումներուն մաս կազմող ... Շարն.

Սահմանամերձ Շրջանին Վերեւ Լուսաւորող Ռումբեր

March 22, 2013

Երէկ երեկոյեան ժամը 9:30-ին, իսրայէլեան ուժեր Քֆարքիլայի սահմանամերձ շրջանին վերեւ արձակեցին լուսաւորող ռումբեր` խախտելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:   Շարն.

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին   Վարչապետ Միքաթի Մանսուրէն Պահանջեց  Լիբանանի Դէմ Սուրիոյ Ռմբակոծումներուն Մասին  Հետապնդումներ Կատարել

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Վարչապետ Միքաթի Մանսուրէն Պահանջեց Լիբանանի Դէմ Սուրիոյ Ռմբակոծումներուն Մասին Հետապնդումներ Կատարել

March 21, 2013

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն պահանջեց սուրիական իշխանութիւններուն հետ հետապնդել Լիբանանի դէմ Սուրիոյ ... Շարն.