Category: Լիբանանեան

Զէյթունա Պէյի Մէջ  Սենտիքայական Համակարգումի  Խորհուրդը Կը Պահանջէ Իր Իրաւունքները

Զէյթունա Պէյի Մէջ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Պահանջէ Իր Իրաւունքները

March 15, 2013

Ցուցարարները` Զէյթունա Պէյի մէջ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց կազմակերպեց նստացոյց մը, որուն ընթացքին խօսք առաւ պետական պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար, որ ողջունեց բոլոր պաշտօնեաները, որոնք կը ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ուղղուեցաւ  Փղոսկրեայ Ափունք

Նախագահ Սլէյման Ուղղուեցաւ Փղոսկրեայ Ափունք

March 15, 2013

Ժողովրդային ջերմ ընդունելութիւն` նախագահ Սլէյմանին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, աւարտելով Սենեկալ կատարած իր այցելութիւնը, երէկ ուղղուեցաւ Փղոսկրեայ ափունք: Ապիճանի մէջ նախագահ Սլէյման արժանացաւ ժողովրդային ջերմ եւ պաշտօնական ընդունելութեան: Նախագահ ... Շարն.

Սինիորա. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Սկզբունքով Կը Գործենք Բոլորս»

March 15, 2013

Մարտ 14-ի Մայրիներու յեղափոխութեան տարեդարձին առիթով, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ Նահատակաց հրապարակին վրայ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Մարտ 14-ը աւելի հզօր դուրս ... Շարն.

Միքաթի Կութիերեսի Հետ Քննարկեց  Սուրիացի Գաղթականներու  Վերաբերող Հարցեր

Միքաթի Կութիերեսի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներու Վերաբերող Հարցեր

March 15, 2013

Միքաթի` Կութիերեսի հետ հանդիպման ընթացքին Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի մէջ գաղթականներու հարցերու գերագոյն ներկայացուցիչ Անթոնիօ Կութիերեսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ գաղթականներու ... Շարն.

Ֆայեզ Ղոսըն. «Ընդհանուր Առմամբ Կացութիւնը Մտահոգիչ Է Եւ Սադրանքները Հորիզոնին Վրայ Կ՛Երեւին»

March 15, 2013

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան վերջ տայ վերջին քանի մը օրերուն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն: Նախարարութեան մէջ Ղոսըն հանդիպում ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 15, 2013

ԵՐԷԿ առաւօտեան ձախողութեամբ պսակուեցաւ Երկրագործութեան մարզի հետազօտութեանց գրասենեակի նախագահ Միշել Աֆրամի առեւանգումի փորձը, որ կատարուեցաւ Զահլէի մէջ: Ան կրցաւ փախուստ տալ առեւանգողներէն եւ ուղղուեցաւ ոստիկանատուն` իր վկայութիւնը արձանագրելու: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանը ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Ափրիկեան  Իր Շրջապտոյտին Սկսաւ Ալճերիայէն,  Ապա Ուղղուեցաւ Սենեկալ

Նախագահ Սլէյման Ափրիկեան Իր Շրջապտոյտին Սկսաւ Ալճերիայէն, Ապա Ուղղուեցաւ Սենեկալ

March 14, 2013

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ափրիկեան իր շրջապտոյտին սկսաւ Ալճերիայէն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ապտել Ազիզ Պութաֆլիքայի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումին հեռանկարները, յատկապէս վառելանիւթի մարզին ... Շարն.

Վարչապետարանին Մէջ   Միքաթի Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ  Նախկին Վարչապետներու Հետ

Վարչապետարանին Մէջ Միքաթի Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Նախկին Վարչապետներու Հետ

March 14, 2013

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետներ Սելիմ Հըսը, Օմար Քարամէն եւ Ֆուատ Սինիորան, որ ներկայ էր անձնական հանգամանքով եւ իբրեւ ներկայացուցիչ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.

Պըրրի Կը Զգուշացնէ Երկրին  Ապահովական Կայունութեան  Սպառնացող Վտանգներէն

Պըրրի Կը Զգուշացնէ Երկրին Ապահովական Կայունութեան Սպառնացող Վտանգներէն

March 14, 2013

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շարք մը երեսփոխաններու հետ: Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին շրջագիծին մէջ կատարուած այս հանդիպումին ընթացքին, Պըրրի զգուշացուց Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող ... Շարն.

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Այսօր Իր Նստացոյցը Կը Կատարէ Պէյրութի Նաւահանգիստին Դիմաց

March 14, 2013

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ շարունակեց յայտարարուած բաց գործադուլն ու դասադուլը, որուն շրջագիծին մէջ 23-րդ օրն ըլլալով իր նստացոյցը  կատարեց Պաապտայի սերային դիմաց: Նստացոյցին ընթացքին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 14, 2013

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին «շնորհակալութիւն» յայտնեց «Նախ Լիբանան» կարգախօսը կրող քաղաքական ուժերուն, որ Թրիփոլին հասցուցած են սադրանքներու սեմին: Ան նշեց, ... Շարն.

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին  Վարչապետ Միքաթի Կը Քննադատէ Արաբական  Լիկային Մէջ Մանսուրի Արտայայտած Կեցուածքները

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին Վարչապետ Միքաթի Կը Քննադատէ Արաբական Լիկային Մէջ Մանսուրի Արտայայտած Կեցուածքները

March 13, 2013

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Կառավարութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 51 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստէն բացակայեցան փոխվարչապետ Սամիր ... Շարն.

Խլրտումներ` Առ Ի Զօրակցութիւն Շէյխ Ասիրի

March 13, 2013

Երէկ երեկոյեան լիբանանեան բանակը Սայտայի մէջ փորձեց կալանաւորել սալաֆական շէյխ մը, որ կը վարէր կեղծ թիւով ինքնաշարժ մը: Հետագային յայտնի դարձաւ, որ սալաֆական շէյխը Սայտայի Պիլալ Պըն Ռապահ մզկիթի իմամ ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Կ՛այցելէ Սենեկալ, Կանա, Փղոսկրեայ Ափունք Եւ Նիկերիա

March 13, 2013

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ սկսաւ դէպի Ափրիկէ պաշտօնական այցելութեան մը, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական անձնաւորութիւններու, բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ լիբանանեան գաղութներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանրապետութեան նախագահին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս ... Շարն.

22-րդ Օր. Սենտիքայական Համակարգումի  Խորհուրդին Նստացոյցը Կատարուեցաւ  Կրթութեան Նախարարութեան Դիմաց

22-րդ Օր. Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդին Նստացոյցը Կատարուեցաւ Կրթութեան Նախարարութեան Դիմաց

March 13, 2013

Հաննա Ղարիպ իր խօսքը կ՛ուղղէ բազմութեան 22-րդ օրուան ընթացքին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը իր նստացոյցը  կատարեց կրթութեան նախարարութեան դիմաց` մասնակցութեամբ աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք շեշտեցին, որ պարզուած այս կացութեան միակ ... Շարն.

«Պէտք Է Մշակել Ընտրական Նոր Օրինագիծ Մը,  Որ Իրաւունքը Կը Հասցնէ Իրաւատէրերուն»  Շեշտեց Նախարար Մանճեան

«Պէտք Է Մշակել Ընտրական Նոր Օրինագիծ Մը, Որ Իրաւունքը Կը Հասցնէ Իրաւատէրերուն» Շեշտեց Նախարար Մանճեան

March 13, 2013

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին խստիւ մերժեց երկիրը դէպի 1960-ի ընտրական օրէնք տանող որեւէ քայլ` կոչ ուղղելով վաւերացնելու ընտրական նոր օրէնք մը, որ իրաւունքը հասցնէ իրաւատէրերուն: Մանճեան ... Շարն.

Զօր. Քահուաժի  Ընդունեց Սիլվըրմենը

Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Սիլվըրմենը

March 13, 2013

Սիլվըրմեն եւ զօր. Քահուաժի Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի օգնականի տեղակալ Լորընս Սիլվըրմենը, որուն հետ քննարկեց ... Շարն.

Պըրրի Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց  Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

March 13, 2013

Փաուլի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ Մահմուտ Պըրրիի: Հանդիպումէն ... Շարն.

Զօր. Աուն. «Ուղղափառ Հանդիպումին Մշակած Ընտրական Օրինագիծը Արգելակող Կողմերը Պատասխանատու Են Երկրին Անիշխանութեան»

March 13, 2013

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ երէկ կէսօրէ ետք համախմբումը իր ընթացիկ նիստը գումարեց Ռապիէի մէջ: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, ... Շարն.

Ապահովական Շարք Մը Միջադէպեր` Լիբանանի Մէջ

March 13, 2013

Շթորայի մէջ երէկ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ թմրեցուցիչի մաքսանենգութիւն կատարող խմբակ մը հալածելու ընթացքին արձանագրուեցաւ փոխադարձ կրակոց` ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ հալածուող մաքսանենգներուն միջեւ. կրակոցին ընթացքին սպաննուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ... Շարն.