Category: Լիբանանեան

Մոհամետ Ամին Մզկիթին Մէջ Քարոզի Պահուն Երիտասարդներ Կը Փորձեն Բռնի Ուժով Վար Իջեցնել Շէյխ Խալիֆէն

March 2, 2013

Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ երէկ կէսօրին կատարուած ուրբաթ օրուան նամազին ընթացքին, եօթը երիտասարդներ փորձած են մզկիթին մէջ գտնուող աղօթքի հարթակէն վար իջեցնել շէյխ Հիշամ Խալիֆէն, որ Տար Ֆաթուայի կրօնական կալուածներուն ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 2, 2013

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժուտան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը: Ժուտա նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Յորդանանի ... Շարն.

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Դարձեալ Նստացոյց Մը Կը Կատարէ Ելեւմուտքի Նախարարութեան Եւ ՅԱՏ-ի Կեդրոնին Դիմաց

March 1, 2013

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ 10-րդ օրն ըլլալով շարունակեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին խորհրդարան փոխանցումը պահանջել: Մեծ թիւով ցուցարարներ, որոնց միացաւ նաեւ Լիբանանեան համալսարանի պաշտօնէութիւնը, բողոքի նստացոյցեր կատարեցին ... Շարն.

Հունգարիոյ Վարչապետ Օրպան Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

Հունգարիոյ Վարչապետ Օրպան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

March 1, 2013

Նախագահ Սէյման եւ Օրպան Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ եւ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու ... Շարն.

Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Պատրաստ Է Դիմադրելու Լիբանանը Դէպի Սադրանքները Մղող Որեւէ Փորձի»

March 1, 2013

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լեռնալիբանանի հոգեւոր հանդիպումին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին լիբանանեան տարբեր համայնքները ներկայացնող հոգեւոր անձնաւորութիւններ: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ... Շարն.

Պըրրի Ներկայ Եւ Նախկին Պատասխանատուներու Հետ  Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծին Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Ներկայ Եւ Նախկին Պատասխանատուներու Հետ Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծին Վերաբերող Հարցեր

March 1, 2013

Ղոսըն եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող ապահովական կացութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ ... Շարն.

Ասորիներու Լիկան Կը Պարգեւատրէ  Եոնաթան Պեթ Քոլիան

Ասորիներու Լիկան Կը Պարգեւատրէ Եոնաթան Պեթ Քոլիան

March 1, 2013

Պարգեւատրումի երեկոյէն պահ մը Ասորիներու լիկան նախանցեալ օր պարգեւատրեց Իրանի խորհրդարանին մէջ ասորիներու ներկայացուցիչ Եոնաթան Պեթ Քոլիան: Պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցան Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան ... Շարն.

Ռայի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքին Հետ

March 1, 2013

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուած էր Ռուսիա, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներուն ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 1, 2013

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք նեղացած են ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնել չկարենալու իրականութենէն: «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ տագնապին պատճառով Լիբանանի մէջ ընտրական համախոհական ... Շարն.

Սենտիքայական Համակարգումի  Խորհուրդը  Ծովածաւալ Բազմութեամբ Ողողեց Պէյրութը

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Ծովածաւալ Բազմութեամբ Ողողեց Պէյրութը

February 28, 2013

Ծովածաւալ բազմութիւնը` Պաշուրայի շրջանին մէջ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ շարունակեց պահանջել իր իրաւունքները եւ ձեռնարկեց մեծ ցոյց-քայլարշաւի մը, որ սկսաւ Պարպիրի կամուրջէն, անցաւ Պասթայէն, հասնելով մինչեւ վարչապետարան: Ցոյցին մասնակցեցաւ ծովածաւալ ... Շարն.

Կառավարութեան Ընթացիկ  Նիստ` Վարչապետարանին Մէջ

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ` Վարչապետարանին Մէջ

February 28, 2013

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ գումարեց ընթացիկ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Թէեւ կառավարութիւնը քննարկումի չենթարկեց պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները խորհրդարան փոխանցելու մանրամասնութիւնները, ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Նախագահեց  Պաշտպանութեան Գերագոյն  Խորհուրդի Նիստին

Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին

February 28, 2013

Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստէն պահ մը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին: Նիստէն ետք խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Ատնան Մերհեպ կարդաց Պաշտպանութեան ... Շարն.

«Կը Զգանք, Որ Ոմանք Կը Փափաքին Երկրին Մէջ Սադրանքներ Ստեղծել»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Կը Զգանք, Որ Ոմանք Կը Փափաքին Երկրին Մէջ Սադրանքներ Ստեղծել» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

February 28, 2013

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած յայտագիրին ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ինք ողջ առողջ է` աւելցնելով, որ այդ ... Շարն.

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Պէտք Է Կատարել Ճշդուած Թուականին»

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Կատարել Ճշդուած Թուականին»

February 28, 2013

Պըրրի` Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ ընդունեց երեսփոխանները, որոնց հետ քննարկեց ընտրական օրէնքին ... Շարն.

Ուահապ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Յետաձգումը Անխուսափելի Է»

February 28, 2013

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ ընդունեց Մարատա հոսանքի երիտասարդական թեւի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս ընտրական օրէնքի մը շուրջ խորհրդակցութիւնները տակաւին առկայ ... Շարն.

Միքաթի Ընդունեց Նախարար Մանճեանը

Միքաթի Ընդունեց Նախարար Մանճեանը

February 28, 2013

Մանճեան եւ Միքաթի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պետական նախարար Փանոս Մանճեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն, պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող ... Շարն.

Բանակը Շայահի Մէջ Կը Ձերբակալէ Եգիպտացի Մը

February 28, 2013

Լիբանանեան բանակին գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հարաւային արուարձաններու Շայահ շրջանին մէջ ձերբակալեց Մոհամետ Զաքին, որ եգիպտացի քաղաքացի մըն է եւ այդ շրջանին մէջ գտնուող ու բջիջային հեռաձայնի յատուկ ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 28, 2013

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մոսկուայի մէջ կատարած ... Շարն.

Սենտիքայական Համակարգումի   Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Դէպի Մայրաքաղաք  Պէյրութ Մարդկային Հոսքի Մը

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Դէպի Մայրաքաղաք Պէյրութ Մարդկային Հոսքի Մը

February 27, 2013

Նստացոյցը` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան առջեւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը, որ անկոտրում կամքով եւ երկրորդ շաբաթն ըլլալով կը շարունակէ իր բաց գործադուլը, երէկ նստացոյցեր կազմակերպեց հիմնականօրէն տնտեսութեան եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան նախարարութիւններուն դիմաց: ... Շարն.

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ընտրական  Օրինագիծերուն Վերաբերող Հարցեր

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ընտրական Օրինագիծերուն Վերաբերող Հարցեր

February 27, 2013

Նախագահ Սլէյման` Մարտ 14-ի ուժերու անկախ քրիստոնեայ անձնաւորութիւններուն հետ հանդիպման պահուն Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ... Շարն.