Category: Լիբանանեան
«Լիբանանը Դարձած Է Սուրբ Հող` Իր Նահատակներուն Շնորհիւ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց իր եղբօր` Սելիմ Ռայիի մահուան առիթով: Ռայի պատրիարքին այցելեցին եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. ... Շարն.
Զօր. Աուն. «Լուրջ Փոփոխութիւններ Չեմ Տեսներ Մինչեւ Յառաջիկայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իր կարծիքով, մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները լուրջ փոփոխութիւններ չկան: «Բայց եւ այնպէս մենք փոփոխութեան ... Շարն.
«Կը Մաղթենք, Որ Կեղծուած Դեղորայքին Թղթածրարը Չքաղաքականացուի» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ
Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ բացայայտուած կեղծուած դեղորայքին թղթածրարը արդէն իսկ արդարութեան նախարարութեան փոխանցուած է: Ան մաղթեց, որ այդ թղթածրարը չքաղաքականացուի` շեշտելով, որ առողջապահութեան նախարարութիւնն էր, որ նախաձեռնեց ... Շարն.
Մարալ Կիտանեան Պիտի Մեկնի Յորդանան
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան այսօր` երկուշաբթի, 12 նոյեմբեր 2012-ին, պիտի մեկնի Յորդանան: Ամմանի մէջ դոկտ. Մ. Կիտանեան պիտի մասնակցի Վիճակագրական հետազօտութեան արաբական հիմնարկի 37-րդ ընդհանուր նիստին, ... Շարն.
Թուրքիոյ Մէջ Տնտեսական Խորհրդաժողով
Կազմակերպութեամբ «Իքթիսատ ուալ Աամալ» տնտեսական կազմակերպութեան, յառաջիկայ հինգշաբթի, 15 նոյեմբերին, Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ տնտեսական խորհրդաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին 300 անձնաւորութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն արաբական աշխարհն ու Թուրքիան: ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ չորեքշաբթի օր գումարելիք իր նիստին ընթացքին կատարէ Լիբանանեան համալսարանի նախագահներուն նշանակումները: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մուխթարայի մէջ ընդունեց Լիբանանի ... Շարն.
«Փտածութեան Նուազեցման Առումով Լիբանան ՄԱԿ-ի Կողմէ Վերաորակաւորման Պիտի Ենթարկուի» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Փտածութեան դէմ պայքարի նիստէն պահ մը Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց փտածութեան դէմ պայքարի յատուկ նիստի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին, փտածութեան նուազեցման առումով Լիբանան ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Հաստատեց Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին Կայացնելու Կարեւորութիւնը
Նախագահ Սլէյման` Հաւատարմութիւն պետութեան շարժումի պատուիրակութեան հետ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ աշխարհի մէջ արձանագրուած արհեստագիտական զարգացումը անկարելի կը դարձնէ ծայրայեղութիւնը: Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն ... Շարն.
Պըրրի Քննարկեց Ուսուցիչներու Պահանջներուն Վերաբերող Հարցեր
Պըրրի` ուսուցիչներու պատուիրակութեան հետ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սայտայի եւ Սուրի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Քֆուրի եպիսկոպոսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ հարաւային Լիբանանի ... Շարն.
«Կառավարութիւնը Ժամանակի Կարիք Ունի` Շարունակելու Համար Աշխատավարձերու Յաւելումները Ֆինանսաւորելու Թղթածրարին Քննարկումը» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կարիք ունի երկար ժամանակի` շարունակելու համար պետական մարզի պաշտօնեաներուն տրուելիք աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու միջոցներուն քննարկումը: Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ 15 տարիներէ ի ... Շարն.
«Ուիսամ Հասանի Հետաքննութիւնը Իր Բնական Ընթացքին Մէջն Է» Շեշտեց Հաթեմ Մատի
Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան գծով լիբանանեան պետութեան բացած հետաքննութիւնը բնական եւ լաւ ընթացքի մէջ է: Այս ... Շարն.
Փ. Մանճեան. «Կառավարութիւնը Համաձայնած Է Պետական Մարզի Պաշտօնեաներու Աշխատավարձի Թղթածրարին Քննարկումը Յետաձգել»
Պետական նախարար Փանոս Մանճեան երէկ յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայնած է երեք շաբաթով յետաձգել պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին քննարկումը: Ան նշեց, որ կառավարութեան անցեալ նիստին ընթացքին Կեդրոնական ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի: Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ իրենք շնորհաւորութիւններ փոխանցած են Ռայի ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Դիմադրութեան Զէնքը Նուազագոյնը Նոր Թաէֆի Համազօր Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ տնտեսական շռայլութեան օրերը վերջ գտած են, եւ երկիրը կը գտնուի տնտեսական ու ապահովական լուրջ տագնապներու դիմաց: Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց արագ կերպով ... Շարն.
Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ամերիկեան Զինուորական Պատուիրակութիւն Մը
Զօր. Քահուաժի` ամերիկեան զինուորական պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան անդամ գնդապետ-զօրավար Ուիլիըմ ... Շարն.
Մանսուր – Մելանթոնիօ Հանդիպում
Մանսուր եւ Մելանթոնիօ Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ պրազիլցի յատուկ պատուիրակ Սեզարիօ Մելանթոնիոն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր շեշտեց, ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ կարելի չէ լուռ մնալ այն իրականութեան դիմաց, որ Հըզպալլան Ալէյի եւ Շուֆի մէջ հողաշերտեր կը գնէ: Ան շեշտեց, որ պէտք է Լեռնալիբանանի գաղթականներուն ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Քաղաքական Եւ Ապահովական Շարք Մը Հարցեր
Նախագահ Սլէյման եւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխաններ Էլի Մարունիի եւ Իմատ Հութի հետ, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական ... Շարն.
Պքերքէի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Շնորհաւորութիւններ
Զօր. Աուն եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ շնորհաւորութիւններ ընդունեց իր կարտինալ ընտրուելուն առիթով: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն այցելեց Ռայի ... Շարն.
«Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Քաղաքացիներուն Թղթածրարը Շահագործող Կողմերը Մեղսակից Են Լիբանանցիներուն Առեւանգումին» Շեշտեց Շէյխ Զուղէյպ
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հարցին հետեւելու նպատակով շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած շէյխ Ապպաս Զուղէյպ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր ներքին հաշիւներով կը փափաքին շահագործել առեւանգուած լիբանանցիներուն ... Շարն.


