Category: Լիբանանեան
Կառավարութիւնը Գումարեց Դրական Նիստ Մը
Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի ... Շարն.
Երկնաքարեր Լուսաւորեցին Լիբանանի Երկինքը
Երէկ երեկոյեան Պսալիմի, Հալաթի, Պիքֆայայի, Հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի շրջաններուն բնակիչները երկինքին մէջ նկատեցին կոնաձեւ լուսաւոր մարմիններ, որոնք երկնաքարեր էին: Շարն.
Վեսթըրֆելէ Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթըրֆելէ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան: Վեսթըրֆելէ իր այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` լիբանանեան ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթիի Շքախումբին Մաս Կազմող Ինքնաշարժ Մը Ենթարկուեցաւ Արկածի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի շքախումբին մաս կազմող ինքնաշարժ մը երէկ Մասթիթա - Ժիպէյլ շրջանին մէջ ենթարկուեցաւ արկածի: Արկածին պատճառով երկու զինուորներ եւ քաղաքացի մը վիրաւորուեցան: Վարչապետ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Ընդվզում Յայտնեցին Իրենց Հարազատներու Թղթածրարին Նկատմամբ Ցուցաբերուած Անտեսումին Դէմ
Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 5:00-ին, Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքները կազմակերպեցին նստացոյց մը, որուն իբրեւ հետեւանք անոնք ժամանակաւոր կերպով փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան: Այդ պատճառով ճամբորդները իրենց ճամպրուկներով ստիպուեցան ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Կը Շեշտէ Լիբանանի Մէջ Կատարուած Ցուցահանդէսներուն Կարեւորութիւնը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան Ֆորում տը Պէյրութի մէջ բացումը կատարեց Սննդանիւթի եւ ծրարումի ճարտարարուեստի Թ. արաբական ցուցահանդէսին` «Ֆուտ Էքսփօ 2012»-ին, որ կը վայելէր վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հովանաւորութիւնը: Նախարար Սապունճեան շրջեցաւ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր սուրիական բանակէն զինուորներ ամբաստանեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանը սպաննելու յանցանքով: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընկերակցութեամբ երեսփոխան ... Շարն.
Մինչ Արսալի Մէջ Ապահովական Խախտումներ Կ՛Արձանագրուին, Կառավարութեան Այսօրուան Նիստէն Շատ Բան Կ՛ակնկալուի
Կառավարութիւնը այսօր նոր շունչով մը պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման: Պաապտայի մէջ գումարուելիք այս նիստին տարբերութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ կառավարութեան մաս ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Եւ Քաթար
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուրկէ ուղղուեցաւ Քաթար եւ ապա վերադարձաւ Պէյրութ: Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ... Շարն.
Պըրրի Կը Նախագահէ Դրական Մթնոլորտով Համակուած Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումի Մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին, որ դրական մթնոլորտով եւ լաւատեսութեամբ համակուած էր: Պըրրիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք երեսփոխանները յայտնեցին, որ ան ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Քննարկեց Պասրայի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Կարելիութիւնները
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան ընդունեց Իրաքի Պասրա նահանգի տեղական կառավարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նահանգի վարչապետ Սապահ Հասան Պազունի եւ Պասրայի մէջ ներդրումներու խորհուրդի նախագահ Խալաֆ Պատրանի, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Մանսուր Պասրայի Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ Լիւքսամպուրկի յատուկ պատուիրակ Ժան Վալթզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Վալթզ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց ... Շարն.
Հանդիպում Մարոնիներու Պատրիարքին Պշարա Ռայի Հետ
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ... Շարն.
Թրիփոլիի Մէջ Առաւօտեան Տիրեց Զգուշաւոր Հանդարտութիւն, Իսկ Երեկոյեան Արձանագրուեցաւ Զինեալ Բախում Եւ Հրթիռարձակում
Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն դադրելէն ետք, Թրիփոլիի մէջ կեանքի նշոյլներ սկսան նշմարուիլ: Աշակերտները ուղղուեցան իրենց դպրոցները, առեւտրական հաստատութիւններն ու վաճառատուները բացին իրենց դռները եւ թաղերուն մէջ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Վաւերացուց Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Կազմը
Երէկ երեկոյեան նախագահ Միշել Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ստորագրեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի ներկայացուցած Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի կազմին ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Խորհրդանշական Նստացոյցով Մը Փակեցին Օդակայանի Ճամբան
Երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:00-ին, Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքները կազմակերպեցին նստացոյց մը, որուն իբրեւ հետեւանք անոնք ժամանակաւոր կերպով փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան: Ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենց նախաձեռնած այս ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Պաշտպանութեան Նախարարը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս` Թրիփոլիի զարգացումները: Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ... Շարն.
«Իշխանութեան Կողմերը Կը Սերտեն Բարի Աւարտի Մը Յանգելու Կարելիութիւնները» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, զօր. Աուն յայտնեց, որ ներկայիս լիբանանեան ... Շարն.
Ազգային Պայքարի Ճակատ Պլոքի Նախարարները Կ՛այցելեն Պըրրիի
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ընկերակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին իր կատարած այցելութիւնը ... Շարն.

