Category: Լիբանանեան
Պիրէի Մէջ Բախում` Թուրք Պաշտօնատարին Թիկնապահներուն Եւ Լիբանանցի Երիտասարդներու Միջեւ
Անցեալ կիրակի օր, Աքքարի Պիրէ գիւղաքաղաքին մէջ, Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերտար Քըլըճ թիկնապահներուն եւ գիւղաքաղաքի երիտասարդներուն միջեւ արձանագրուեցաւ բախում եւ ծեծկռտուք: Քըլըճ եւ Պիրէի նախկին քաղաքապետ Մոհամետ Ուեհպէ ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Նասրի Խուրին
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններու պահպանման քայլերն ու միջոցները: Հանդիպումէն ետք Խուրի յայտնեց, ... Շարն.
Հարիրի. «Կարելի Չէ Համամասնական Դրութեամբ Ընտրական Օրէնքի Մասին Խօսիլ` Զէնքի Ուժին Ներքեւ»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ զէնքի ուժին ներքեւ անկարելի է խօսիլ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին մասին: Հարիրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրական օրէնքին առնչութեամբ ... Շարն.
Շէյխ Ահմետ Ասիր Հըզպալլան Եւ Սուրիական Վարչակարգը Կ՛Ամբաստանէ Լիբանանի Մէջ Ոճիրներ Գործելու Յանցանքով
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր յայտնեց, որ ինք Սայտայի մէջ հոգեւոր նոր կեդրոն մը կառուցելու նպատակ ունի: Միւս կողմէ, շէյխ Ասիր Դիմադրութիւնը ամբաստանեց Լիբանանէն Սուրիոյ սահմանները ... Շարն.
«Կը Գտնուինք Կանխամտածուած Աշխարհագրական Պատերազմի Մը Մէջ, Որուն Նպատակն Է Բնակեցումը Պարտադրել» Կ՛Ըսէ Սամի Ժեմայէլ
Փաղանգաւոր կուսակցութեան Պաապտայի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին 37-ամեակին առիթով անցեալ շաբաթավերջին Շիյահի մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը վկայենք քաղաքական ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, ... Շարն.
Մամլոյ Արձակուրդ
Յոյն ուղղափառ համայնքի Ս. Զատկուան տօնին առիթով եւ համաձայն մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 16 ապրիլ 2012-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 17 ապրիլին: Շարն.
Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 37-Ամեակին Առիթով Անցեալէն Դասեր Քաղելու Կոչեր Եւ Հաւաքներ
Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին առիթով երէկ իշխանութեան երկու պետերն ու տարբեր համայնքներու հոգեւոր հովիւներ կոչ ուղղեցին անցեալէն դասեր քաղելու եւ նոյն մահացու սխալին մէջ չիյնալու: Նշեալ բովանդակութիւնը կրող պատգամներէն ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ցաւակցութիւն Յայտնեց Ասորի Կաթողիկէ Նախկին Պատրիարքին Վախճանումին Առիթով
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց ասորի կաթողիկէ համայնքի պատրիարքարանը, ուր Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքին փոխանցեց իր ցաւակցութիւնները նախկին պատրիարքին` կարտինալ Իգնատիոս Մուսա Ա. Տաուտի վախճանումին առիթով: Եունան ... Շարն.
Ալի Շաապանի Նահատակութեան Առիթով Ցաւակցութիւնները Կը Շարունակուին
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի նահատակ քամերամեն Ալի Շաապանի ընտանիքը, աւարտելէ ետք Մայֆատունի մէջ ցաւակցութիւններ ընդունելու արարողութիւնը, փոխադրուեցաւ Պէյրութ եւ Ռամլեթ Պայտայի հոգեւոր կեդրոններէն մէկուն մէջ շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ: Ալի Շաապանի ընտանիքին ... Շարն.
Մըրատ – Ապատի Հանդիպում
Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի հետ: Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ Ապատիի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւններն ... Շարն.
Մանսուր. «Իմամ Մուսա Սատըրի Ճակատագիրին Մասին Ցարդ Վերջնական Տեղեկութիւններ Չկան»
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի աճիւններուն յայտնաբերման մասին շրջանառութեան մէջ դրուած ... Շարն.
«Շարպել Նահհաս Բարեկամ Է, Իսկ Ֆայեզ Քարամի Հարցով Դատական Իշխանութիւնը Իր Վճիռը Արձակած Է» Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ներքին կուսակցական տարակարծութիւններն ու խնդիրները բնական են քաղաքական բոլոր ուժերուն համար, ... Շարն.
Ա. Հարիրի. «Լիբանանցիները Արդարութեամբ Եւ Հաւասարութեամբ Կը Կառավարուին»
Իքլիմ Խարրուպի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ 20 բժիշկներու պարգեւատրման հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի: Հանդիսութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Ա. ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաւանական կը նկատեն, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը վաւերացուի: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ տրամաբանական չէ իսլամ արգելափակեալները հինգ տարի շարունակ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Նախարարական Նիստի Մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան նախագահ Սլէյմանի Աւստրալիա կատարելիք այցելութեան օրակարգն ու նախապատրաստութիւնները: Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, ... Շարն.
Շքըր Ալի Շաապանի Հօր Կը Փոխանցէ Նախագահ Ասատի Ցաւակցութիւնները
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի նահատակ քամերամեն Ալի Շաապանի ընտանիքը երէկ Մայֆատունի մէջ շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ իր զաւկին կորուստին առիթով: Այս շրջագիծին մէջ քաղաքական մեծ թիւով անձնաւորութիւններ եւ անոնց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Միւֆթի Շաարը Եւ Նախարար Սահնաուին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին ազգային միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
Դոկտ. Սամուէլեան Պիտի Մեկնի Մարոք
Մարոքի մէջ յառաջիկայ 17-18 ապրիլին պիտի գումարուի Արաբական դրամական ֆոնտի (Արապ Մոնեթըրի ֆանտ- _Էյ. Էմ. Էֆ.) 35-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն պիտի մասնակցի Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան` ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Քննարկեց Սուտանի Հետ Ստորագրուած Համաձայնագիրներուն Գործադրութեան Հեռանկարները
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուտանի դեսպան Իտրիս Սլէյման Եուսեֆը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ Սուտանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութեան հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.

