Category: Միջազգային
«ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆԸ ԹՈՒՐՔ-ԻՐԱՆԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓՃԱՑՈՒՑ» ԿԸ ԳՐԷ «ՔՐԻՇՉԸՆ ՍԱՅԸՆՍ ՄՈՆԻԹԸՐ»
Ամերիկեան «Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր» օրաթերթը կը գրէ, որ «Արաբական գարուն»ը Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները վատթարացուց: «Արաբական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւններու առնչութեամբ Իրանի եւ Թուրքիոյ ցուցաբերած մօտեցումները ... Շարն.
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՅԱՑԱՒ
Արաբական լիկան երէկ Գահիրէի մէջ դռնփակ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար լիկայի նախաձեռնութեան վերաբերեալ Սուրիոյ պատասխանը: Նիստի աւարտին Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի, որ ... Շարն.
ԱՅՍՕՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԵՌԱԿՈՂՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԸ
Այսօր Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ Յունաստանի վարչապետ Ճորճ Փափանտրէսի ունենալիք արտակարգ հանդիպումէն մէկ օր առաջ Գերմանիա զգուշացուց Յունաստանը, թէ վերջինս սնանկութենէ փրկելու Եւրոպական գօտիի ... Շարն.
ՀԵՏԵՒԵԼՈՎ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ՔԱՆԱՏԱ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԴԱԴՐԵՑՈՒՑ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քանատայի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Պաղեստինի անդամակցութեան պատճառով կը դադրեցնեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ֆինանսաւորումը: Ըստ անոնց, Պաղեստինի անդամակցութիւնը «պիտի խանգարէ» միջինարեւելեան խաղաղութեան հոլովոյթը: Քանատայի կողմէ ... Շարն.
ԼՈՆՏՈՆԵԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ՈՐՈՇԵՑ ԱՍԱՆԺԸ ՇՈՒԷՏԻՆ ԱՐՏԱՅԱՆՁՆԵԼ
Լոնտոնի դատարանը որոշած է «Ուիքիլիքս»ի հիմնադիր Ճուլիըն Ասանժը արտայանձնել Շուէտին, ուր անոր քրէական հետապնդում կը սպառնայ: Դատարանը մերժած է Ասանժի բողոքը եւ համաձայն չէ գտնուած անոր փաստաբաններու ներկայացուցած այն փաստարկներուն, ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԱԾ ԵՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան գերմանական «Պիլտ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Գերմանիոյ նկատմամբ ջերմ վերաբերմունք ունեցող թուրքերը հիասթափուած են այդ պետութենէն: Ընդգծելով, որ Գերմանիոյ մէջ ... Շարն.
ՄԱԿ ԼԻՊԻՈՅ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՎՆԱՍԱԶԵՐԾԵԼՈՒ ԻՐ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԶԷՆՔԸ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որ Լիպիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ վնասազերծելու երկրին մէջ յատնաբերուած հիւլէական զէնքը: Նախ եւ առաջ խօսքը կը վերաբերի միջցամաքային հրթիռներու վնասազերծման: Բանաձեւին մէջ Ապահովութեան ... Շարն.
ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻ
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը եւ «Սանա» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեցին, որ սուրիական տագնապին վերաբերեալ վերջնական փաստաթուղթին շուրջ Սուրիա-արաբական յանձնախումբ համաձայնութիւնը այսօր պիտի յայտարարուի Գահիրէի մէջ` Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի արտակարգ նախարարական ... Շարն.
«ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՈՒՄԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՉ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԷ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՄԸՔՏԱՏ
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ռուսիա Եոմ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ կարգ մը կառավարական եւ միջազգային կազմակերպութիւններ իրենց հաւաստիութիւնը կորսնցուցած են, որովհետեւ «ճշմարտութիւններուն մէկ աչքով ... Շարն.
ԸՍՏ «ԼԸ ՖԻԿԱՐՕ»Ի ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը` վկայակոչելով անանուն դիւանագիտական աղբիւրներ, կը գրէ, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ճգնաժամը յաղթահարելու ուղիներ փնտռելու համար գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: «Իրանցի եւ ... Շարն.
ԻՐԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԵԼ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Իրան ամերիկացի ղեկավարներուն ուղղուած նամակի մը մէջ Միացեալ Նահանգներէն պահանջած է» Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Ժապըրի ահաբեկման ծրագրման հարցով Թեհրանը ամբաստանելուն համար ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒՑԱԾ Է ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ԾԱԾԿՈՑՆԵՐԸ
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա որոշած է վերադարձնել Իսրայէլի ծածկոցներու խմբաքանակը, որ աւերիչ երկրաշարժէն ետք ուղարկուած էր Վանի նահանգ` իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն: Ըստ տեղւոյն աղբիւրներուն, բնական նիւթերէ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱԹԱԹՈՒՐՔԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ Է
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պայազիտ քաղաքին մէջ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան շրջանային կառոյցը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ)` թուրք զինուորներու կողմէ սպաննուած զինեալներուն համար յայտարարութիւն մը կատարած է, ... Շարն.
ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՆՑԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ մէջ խումբ մը փաստաբաններ Դաշնակցային գլխաւոր դատախազութեան դիմում ներկայացուցած են ընդդէմ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ զինուորական ղեկավարութեան: Գերմանացի փաստաբանները Ռեճեփ ... Շարն.
ՌՈՒՍԻԱ – ՎՐԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Ռուսիա համաձայն գտնուած է, որ իր եւ Վրաստանէն անջատուած երկու շրջաններու` Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին վրայ տեղակայուին միջազգային դէտեր, որոնք առեւտուրին պիտի վերահսկեն: Մոսկուա երէկ յայտարարած է, որ կ՛ընդունի ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՀԱՅԷՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ անոր ընկերակցող սուրիական պատուիրակութեան հետ: Անոնք քննարկեցին Սուրիոյ վերջին զարգացումները: Հանդիպումին ներկայ էր ... Շարն.
ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՕԹԱՆ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Երէկ աւարտեցաւ Լիպիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի առաքելութիւնը: Որոշումը տրուած էր օրեր առաջ` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կայացած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք: Բայց եւ այնպէս, երկրին մէջ պիտի մնայ զինուորական փոքրաթիւ ուժ մը, ... Շարն.
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՌԱՏ ՁԻՒՆԸ 6 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափերուն տեղացած առատ ձիւնին պատճառով միլիոնաւոր քաղաքացիներ մնացած են առանց ելեկտրականութեան: Ըստ պաշտօնական տուեալներու, արձանագրուած է առնուազն վեց զոհ: Ժամական 110 քիլոմեթր արագութեամբ փչող քամիի ուղեկցութեամբ տեղացած ... Շարն.
ԼԻՊԻԱ ՓԱՍՏԱՑԻՕՐԷՆ ՃԱՆՉՑԱՒ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԱՏՈՒԱԾԸ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի առողջապահութեան նախարար Ապտել Ռահման Քսան Հիւսիսային Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ քսան համաձայնագիր ստորագրած է: Ան միջազգային ճանաչում չվայելող ինքնակոչ ... Շարն.
ՊԱՂԵՍՏԻՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ԱՆԴԱՄ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ երէկ տեղի ունեցած քուէարկութեամբ մը Պաղեստինը ընդունեց իբրեւ լիիրաւ անդամ, ինչ որ պիտի ամրապնդէ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան պաղեստինեան ջանքերը: Այսպիսով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ ՄԱԿ-ի առաջին կազմակերպութիւնն է, որուն կ՛անդամակցի Պաղեստինը: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ... Շարն.

