Category: Մարզական
«Էն. Պի. Էյ.». Ճէյմս Նշանակեց 38 Կէտ, Բայց Հիթ Պարտուեցաւ
Լեպրըն Ճէյմզ (աջին) «էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Շարլոթ Հոռնեթց հանդիսացաւ մեծագոյն յաղթականը, երբ երկարաձգման ընթացքին 116-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրուքլին Նեթցը: Երէկուան մրցումներուն ... Շարն.
Պայքաթոն – Թրիփոլիի Յայտագիրը
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, կիրակի, 30 մարտին, կազմակերպութեամբ «Սոշըլ Ուէյ» միութեան, Թրիփոլիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Պայքաթոն - Թրիփոլիի հեծելարշաւի մրցումը` «Թրիփոլին` խաղաղութեան քաղաք» անուան տակ: Նշենք, որ հեծելարշաւի այս ... Շարն.
Վալտես Բացակայ` 2014-ի Մոնտիալէն
Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային բերդապահ Վիքթոր Վալտես, որ նախանցեալ օր Սելթա Վիկոյի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին վիրաւորուեցաւ, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել այս տարեշրջանին ... Շարն.
Լիբանանի Վոլիպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Հեննաուիի
PROFOTO Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հեննաուի երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի 15-րդ Հանգրուանը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Պիպլոս պիտի հիւրընկալէ Շանվիլը Ժիպէյլի մէջ, մինչ երկրորդ ճակատումին Պըժժէ պիտի ... Շարն.
Ռուբէն Հայրապետեան Պատրաստ Է Քննարկելու Հայկական Ֆութպոլին Հետ Կապուած Հարցերը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հայկական ֆութպոլի բոլոր համակիրները, ֆութպոլասէրները, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բարեկամներու ակումբի անդամները, լրագրողները եւ հայկական ֆութպոլով շահագրգիռ բոլոր անձերը կարելիութիւնը ունին 4 ապրիլին ... Շարն.
Ճատրակ. Ֆայսալ Խէյրալլա` Արագ Ճատրակի Լիբանանի Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Շըհիմի քաղաքապետութեան մէջ տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի Լիբանանի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ Լիբանանի տարբեր շրջաններէն շուրջ 70 ճատրակ խաղացողներու: Առաւելագոյն 9 կէտէն 8,5 կէտ ապահովել ախոյեան հանդիսացաւ Ֆայսալ ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները եւ հրապարակելէ ետք այս շաբաթավերջի ճակատումներուն յայտագիրը, տուաւ շարք մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյններուն կ՛անդրադառնանք ... Շարն.
Հենտպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Յունաստան
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի հենտպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի հենտպոլի աղջկանց հաւաքականը երէկ մեկնեցաւ Լարիսսա (Յունաստան) իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Չելէյնճ Թրոֆի» միջազգային մրցաշարքին: ... Շարն.
Մասնակցութեամբ Ութ Խումբերու. «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Մինի Ֆութպոլի 5-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Կազմակերպութեամբ Արտասահմանեան լրագրողներու ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան, սկսաւ հայաստանեան մարզական լրատու գործակալութիւններուն մինի ֆութպոլի 5-րդ մրցաշարքը: Անոր կը մասնակցին հետւեւեալ ութ խումբերը. News.am, boom.am, emedia.am կայքերու, «Լայմ», ... Շարն.
123 Կոլ` 18 Մրցումի Ընթացքին. Լիվըրփուլի Հրաշք Մանուկը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կարճ, բայց հետաքրքրական յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ Լիվըրփուլի 7 տարեկան հրաշք մանուկին` Պեն Թրումենի, որ ըստ երեւոյթին նոր ծագող ֆութպոլի աստղ մըն ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Այս Անգամ Յաղթեց Սաժեսի (68-63)` Ղազիրի Մէջ
Սաժես - ՀՄԸՄ մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ եւ դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Սաժես իր դաշտին` Ղազիրի մէջ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը: ՀՄԸՄ-ի ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. «Քիծ-Աթլեթիքս»-ի Մրցումները Տեղի Ունեցան Մեծ Խանդավառութեամբ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպեց եւ իրականացուց «Քիծ աթլեթիքս»-ի խաղերը` իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով: Մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 23 մարտ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ` ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: Մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի մրցումներուն մասնակցող վարժարաններէն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ ... Շարն.
Կռփամարտ. Վանես Մարտիրոսեան` Տիտղոսակիր
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ հանդէս եկող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Վանես Մարտիրոսեան հանդիսացած է տիտղոսակիր: Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած իր այս ճակատումին, Մարտիրոսեան կէտերով ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Կէտեր Կը Կորսնցնէ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արարատ կէտեր կորսնցուց, երբ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գանձասարի հետ: Անոր անմիջական ... Շարն.
ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ . Մինի Ֆութպոլի Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Արդիւնքները
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի մրցաշարքին փոքր եւ միջակ դասակարգի քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ 22 մարտ 2014-ին, Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ: ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ամալ Պիքֆայա, Սանթրալ Եւ Անուար` Յաղթական
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մաս կազմող Ամալ Պիքֆայա 85-64 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանեան բանակին` Շանվիլի դաշտին վրայ: Նոյն խմբակին մաս կազմող Սանթրալ ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Ցարդ Միայն Փէյսըրզ, Հիթ Եւ Սփըրզ Ապահոված Են Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած հանդիպումներուն, Պրուքլին Նեթց - Տալաս Մավըրիքս ճակատումը երկարաձգումէն ետք աւարտեցաւ ի նպաստ առաջինին` 107-104 արդիւնքով: Նշենք, որ ցարդ միայն ... Շարն.
Տել Փոթրօ Ենթարկուեցաւ Վիրաբուժութեան
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի նախկին արժանթինցի ախոյեան Խուան Մարթին տել Փոթրօ, որ ենթարկուեցաւ ձախ դաստակի վիրաբուժութեան, շատ հաւանաբար մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը չկարենայ վերադառնալ ... Շարն.
Ռամոս. «Յոյսով Եմ, Որ Մալենքօ Այսուհետեւ Ռէալ Մատրիտի Մրցումները Չի Սուլեր»
Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, որ նախանցեալ օր Ռէալ Մատրիտ - Պարսելոնա «Քլասիքօ»-ին կարմիր քարտ մը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ, յայտնապէս դժգոհ մնացած է օրուան կեդրոնի իրաւարարէն` Ունտիանօ Մալենքոյէն: «Ինչպէս միշտ` ... Շարն.

