Category: Մարզական
1-3 Յուլիսին` Փաթրիք Ասսաֆի Անուան Փինկ Փոնկի Մրցաշարք
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ, 1-3 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Փաթրիք Ասսաֆի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի 9-րդ մրցաշարքը` Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ): Տեղի պիտի ունենան հետեւեալ դասակարգերու մրցումները. ... Շարն.
Ղասսան Սարգիս Ընտրեց Իր 24 Մարզիկները
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, երէկ հրապարակեց անունները այն 24 մարզիկներուն, որոնք նկատի առնուեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի մարզիչ Ղասսան Սարգիսի կողմէ: Ազգային խումբին պատասխանատուները այսօր` չորեքշաբթի, 19 յունիսին, ... Շարն.
Այսօր Կ՛աւարտի Մարզիչի Փրօ Արտօնագիրի Դասընթացքը
Շաբաթասկիզբին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին` ֆութպոլի ակադեմիային մէջ սկսաւ մարզիչի ՓՐՕ արտօնագիրի դասընթացքը: Անիկա կ՛աւարտի այսօր` չորեքշաբթի, 19 յունիսին: Այս դասընթացքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր ... Շարն.
Փիրս Կորսնցուց Իր Պաշտօնը
Անգլիոյ ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբի մարզիչ Սթիւըրթ Փիրս երէկ կորսնցուց իր պաշտօնը, երբ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով ... Շարն.
Ամառնային Ուսանողական Խաղեր (Քազան). Հայաստան Երեք Ծանրաբարձներով Կը Մասնակցի Խաղերուն
Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականը ներկայիս Ծաղկաձորի մէջ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ` պատրաստուելով Քազանի մէջ (Ռուսիա) 6-17 յուլիսին տեղի ունենալիք ամառնային ուսանողական խաղերուն: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին թղթակիցը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պօղոս ... Շարն.
Եուրօ-2013-ի Ախոյեանութիւն (21 Տարեկանէն Վար). Սպանիա Տիրացաւ Տիտղոսին` 4-2 Արդիւնքով Յաղթելով Իտալիոյ
Թիակօ Երէկ աւարտեցաւ Եուրօ-2013-ի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը Սպանիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ` Երուսաղէմի մէջ: Սպանիա տիրացաւ տիտղոսին, երբ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Իտալիոյ: Սպանացիներուն աստղը հանդիսացաւ Թիակօ` իր ... Շարն.
Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Մաս Կազմող Սալահ Ռապպահ Յաղթեց Ժամացոյցի Դէմ Մրցումին
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ «Սքոթ» հեծելարշաւի ընկերութեան, ինչպէս նաեւ «Քոմըրշըլ ինշուրանս»-ի, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ժամացոյցի դէմ մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին վեց ակումբներու 23 հեծելանւորդներ: Մրցումը տեղի ... Շարն.
Մխիթարեանի Լիվըրփուլ Փոխանցումը Օրերու Հա՞րց…
Այնպէս կը թուի, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Շախտիոր Տոնեցքի (Ուքրանիա) միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի Լիվըրփուլ փոխանցումը ըլլայ օրերու հարց` նկատի ունենալով, որ անգլիական կազմի գործադիր տնօրէն Եան Այըր ոգի ... Շարն.
Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Յիշատակին Նուիրուած 6-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Նախորդ շաբաթավերջին Ջերմուկի մէջ (Հայաստան) սկսաւ Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի 6-րդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 55 ճատրակ խաղացողներ: Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ ... Շարն.
Կռփամարտ. Սիւզի Քենթիքեան Փոխվրէժի Մրցում Պիտի Կատարէ Քարինա Մորենոյի Դէմ
Սիւզի Քենթիքեան (աջին) PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 6 յուլիսին Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա), կռփամարտի թեթեւ կշիռի WBA-ի վարկանիշով աշխարհի ախոյեան Քարինա Մորենօ իր տիտղոսը պաշտպանելու համար պիտի մրցի ... Շարն.
Արթուր Սարգիսով Յառաջիկայ Տարեշրջանին Մաս Պիտի Կազմէ Ուրալի
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի ֆութպոլիստ Արթուր Սարգիսով իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Ուրալի հետ, որովհետեւ յառաջիկայ տարեշրջանին ան մաս պիտի կազմէ Ուրալի: «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, ան ... Շարն.
Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնը Գուժեց Լամա Եասինի Մահը
Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը գուժեց մահը Լամա Եասինի (31 տարեկան), որ կրած է Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ Ռիատի Պէյրութի շապիկը: Ան մահացաւ Արաբական ... Շարն.
«Էն.Պի.Էյ. Սփըրզ – Հիթ` 3 – 2
«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումին Սան Անթոնիօ Սփըրզ 114 - 104 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 3 - 2 արդիւնքով գերազանցեց Մայեմի Հիթի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Թոնի Փարքըր նշանակեց ... Շարն.
«Սպանացի Մարզիկներուն Արտագաղթը Իր Վատ Անդրադարձը Պիտի Ունենայ «Լա Լիկա»-Ին Վրայ» Ըսաւ Փիքէ
Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահ Ժերար Փիքէ նախորդ շաբաթավերջին սպանական «Աս» մարզաթերթին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ սպանացի մարզիկներուն արտագաղթը իր վատ անդրադարձը պիտի ունենայ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Ափրիկէի Գօտի. Եթովպիա Վերջ Դրաւ Հարաւային Ափրիկէի Յոյսերուն
2010-ի Մոնտիալը հիւրընկալած հարաւային Ափրիկէ չկրցաւ 2014-ի Մոնտիալին մասնակցելու համար տոմս մը ապահովելու իր յոյսերը պահել` նկատի ունենալով, որ անիկա Ատիս Ապապայի մէջ իր կատարած մրցումին 2 - 1 արդիւնքով ... Շարն.
Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Սպանիա Յաղթեց Ուրուկուէյի (2 – 1)
Սպանիոյ յաղթական մարզիկները Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքին ծիրին մէջ Բ. խմբակին մէջ կատարուած Սպանիա-Ուրուկուէյ մրցումը աւարտեցաւ եւրոպական կազմին յաղթանակով, որ շուրջ 42 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2 - ... Շարն.
Ֆութսալ. Մալեզիա Պիտի Հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումները
Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուր պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ պիտի յստականան այն խումբերը, ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Յաղթեց Նըժմէի (2-1) Եւ Բարձրացուց Տիտղոսը
Լուսանկարը ՏրամադրեցԱտնան Հաժ Ալի Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանի գագաթի ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին` Մարզական աւանին մէջ, իրարու դէմ հանեց Սաֆան եւ Նըժմէն: 2-1 ... Շարն.
Պարսելոնայի Մէջ Տեղի Ունենալիք Աշխարհի Ախոյեանութեան Կը Մասնակցին Երեք Հայ Լուղորդներ
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայ լուղորդները կը պատրաստուին աշխարհի ախոյեանութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Պարսելոնայի մէջ` 19 յուլիսէն 4 օգոստոս: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Միսաք Գաբրիէլեան ըսաւ, ... Շարն.
Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Պրազիլ 3-0 Արդիւնքով Յաղթեց Ճափոնի` Բացման Մրցումին. Իտալիա – Մեքսիքա` 2-1
Պրազիլի մարզիկները կը տօնեն առաջին կոլը Շաբաթ, 15 յունիսին, Պրազիլի մէջ սկսաւ Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ բացման մրցումը հիւրընկալ երկրին` Պրազիլի եւ Ճափոնի միջեւ: Նախքան մրցումին մանրամասնութիւնները ներկայացնելը ... Շարն.

