Category: 50 Տարի Առաջ
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
«ԲԱԳԻՆ»-Ի ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ Հինգշաբթի գիշեր, 15 փետրուար, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի ամսագրին կազմակերպած դասախօսութիւններու շարքին առաջինը` յատկացուած «Սփիւռքի 40 տարուան ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (21 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՒ ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻՆ ԴԵՐԸ Յաջորդաբար երկու կիրակի, 11 եւ 18 փետրուար, Պուրճ Համուտի հայութիւնը ապրեցաւ անմոռանալի պահեր: Խանդավառութեան եւ ցնծութեան ալիքներ ողողեցին շրջանի հայութիւնը, որ անգամ մը ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՓԵՏՐՈՒԱՐ 18 Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան 41-րդ տարեդարձն է: Քառասուն եւ մէկ տարի առաջ, համատարած վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով, պոլշեւիզմը անշնչելի դարձուցած էր կացութիւնը մեր հայրենիքին մէջ, ուր եկած ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (16 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ` ԳՐԻԳՈՐ ԶՈՀՐԱՊԻ (ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) Էշրեֆիէի Համազգայինի վարչութեան կազմակերպած եւ Գրիգոր Զոհրապի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած գրական երեկոն տեղի ունեցաւ «Ազատամարտ» սրահին մէջ, որ կանուխէն եկած էր լեցնել ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (15 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Հայաշէնի Լիբանանի օգնութեան խաչի վարչութեան կազմակերպութեամբ, փետրուար 7-ի երեկոյեան Ազգային Թորգոմեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թելադրիչ դասախօսական երեկոյ մը: Հանդիսութեան կը նախագահէր Կիլիկեան վարժարանի ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (14 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ Անցած ուրբաթ երեկոյեան, 9 փետրուար, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շքեղ ընդունելութիւն մը` Համազգայինի Թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբի քսանամեակին առթիւ: Ընդունելութիւնը սարքուած էր Համազգայինի ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻՆ 42-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՇՔԵՂ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸՐԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ 1920 թուականը Մարաշի հայութեան համար մասնաւորաբար եւ համայն հայութեան համար ընդհանրապէս, սուգի եւ անպատում տրտմութեան թուական մըն է: ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (11 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԹԱՏԵՐԱՍԷՐՆԵՐԸ Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբը արտասահմանի թատերական մեր կեանքին մէջ աննախընթաց նուաճում մը եւս արձանագրեց «Հին աստուածներ»-ու ներկայացումով, որ «Կրան թէաթր»-ի բեմէն տրուեցաւ ամբողջ երկու շաբաթ` թատերասէր հասարակութեան ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (9 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅ ՕԴԱՆԱՒՈՐԴՆԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ Հայ ազգը հռչակաւոր դէմքեր տուած է գիտութեան եւ մասնագիտական գրեթէ բոլոր ճիւղերուն` մէջն ըլլալով օդանաւորդութեան ասպարէզը: Անունի եւ համբաւի տիրացած դէմքեր են Խորհ. Միութեան «Միկ» օդանաւերու ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (8 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ Գ. ՍՆԴՈՒԿԵԱՆԻ ԵՐԿԵՐԸ Լոյս տեսաւ հայ իրապաշտ թատրերգութեան հիմը դնող Գաբրիէլ Սունդուկեանի երկերուն վերջին` 4-րդ հատորը: Չորս հատորներուն մէջ ամփոփուած են հայ թատերագրին ողջ ժառանգութիւնը: Առաջին, երկրորդ եւ ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՏՈՄՍԵՐ ԿՆՈՋԱԿԱՆ ԲՌՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆ Սկիզբէն կիները ջանացած են իրենց այրերուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել եւ յաճախ յաջողած են: Մանաւանդ հռչակաւոր մարդիկ միշտ ենթակայ են եղած իրենց կիներուն քմահաճոյքին: Ադամին պատմութիւնը բոլորս ալ ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
«ԲԱԳԻՆ» Ծանօթ է արդէն մեր ընթերցողներուն, թէ նոր ամսագիր մը սկսած է լոյս տեսնել Պէյրութի մէջ, «Բագին» անունով: Ամսագիրը նուիրուած է հայ գրականութեան ու արուեստին` միշտ նկատի ունենալով ազգային շունչն ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (4 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ «ԻՄ ԱՇԽԱՐՀԷՆ» ՀԵՂԻՆԱԿ` ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ Նոր տարուան հաճելի մէկ նուէրն է գեղարուեստական գրականութիւնը սիրող ընթերցասէր հասարակութեան` Շահանդուխտի «Իմ աշխարհէն» պատմուածքներու հատորը: Թէեւ վտիտ` իր ծաւալով, 130 էջնոց այս գիրքը չի ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (3 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅՐ ՊՕՂՈՍ ԱՐԻՍԻ ՄԱՀՈՒԱՆ Ա. ՏԱՐԵԼԻՑԸ Անցած կիրակի Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյն մէջ վերակոչուեցաւ հայր Պօղոս Արիսի յիշատակը` մահուան Ա. տարելիցին առթիւ: Արարողութեան կը նախագահէր կաթողիկոսական տեղապահ ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (2 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՏԵՂԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԺՈՂՈՎԸ 71 ՃԱՄԲԱՆԵՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑՈՒԻՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՆԱՄԱԿԱՏԱՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՂ ՂՈՎՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ Ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն իրենց գործողութիւնները` ձերբակալելով ղովմի այն անդամներն ու ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 1 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ... ՓԱՐԻԶ ՀԱՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի ՊԱՏՈՒԻ Ֆրանսական ձայնասփիւռը անցած կիրակի օր հայկական հպարտութեամբ լեցուն օր մը շնորհեց արտասահմանի հայութեան: Առաւօտուն հայկական հանդիսաւոր պատարագն էր, զոր Վատիկանի կայանը կը ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (31 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԺԻՊԷՅԼԻ ԴԱՆԻԱԿԱՆ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ը Քանի մը սրտցաւ հայրենակիցներ Ծնունդի առթիւ այցելեցինք Ժիպէյլի դանիական «Թռչնոց բոյն» որբանոցը եւ ականատեսի աչքերով տեսանք հոս կատարուած սքանչելի գործը եւ յարմար նկատեցինք մամուլին ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ՏՈՄՍԵՐ ԱՐԱԲԻՈՅ ԼՈՐԵՆՍԸ ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ Բարեկամական շրջանակի մը մէջ կը խօսուէր հայերէնի ուսուցման մասին, երբ նշմարուեցաւ, որ խօսակցութիւնը հետզհետէ փոխադրուած է... Արաբիոյ Լորենսին շուրջ, այն խորհրդաւոր անգլիացի գնդապետին, որ Ա. ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՇՈՒԿԱՅ «Յանդուգն առաջարկ»ի բնոյթով ներկայացուեցաւ նախագահ Քենետիի այն պատգամը, որ ուղղուած է ամերիկեան Քոնկրեսին, որմէ արտօնութիւն կ՛ուզուի Եւրոպայի հասարակաց շուկային հետ բանակցութիւններ վարելու համար: Հայ ընթերցողները, միջազգային քաղաքական ... Շարն.
50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԸ` ԴԱՏԱԽԱԶ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ Քլիվլենտէն (Ամերիկա) կը գրեն «Հայրենիք»-ի.- Մեր նոր սերունդի խոստմնալից ուժերէն փաստաբան Աբրահամ Մեսրոպեան յունուար 3-ին դատախազ նշանակուեցաւ: Աբրահամ Մեսրոպեան անցած է Հ. Ե. ... Շարն.

