Category: Հայկական
Յովիկ Աբրահամեան Խորհրդակցութեան Կը Հրաւիրէ Խորհրդարանական Խմբակցութեանց Ղեկավարները
«Հայկական Ժամանակ» թերթը կը գրէ, որ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարները նախանցեալ օր խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի մօտ` որոշելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ձեւաւորուին Ազգային ժողովի միջազգային ... Շարն.
Չինաստանի Պետական Խորհուրդի Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Վարչապետ Սարգսեանը
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Չանչունը: Դեսպանը Տիգրան Սարգսեանին փոխանցեց Չինաստանի պետական խորհուրդի նախագահ Վեն Ցզիա Պաոյի շնորհաւորական ուղերձը` Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի ... Շարն.
Վարդան Օսկանեան Հրաժարած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Ցուցմունք Տալէն
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր Վարդան Օսկանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ, ինչպէս խոստացած էր, հերթական գրառում կատարած է, որ կրկին կը վերաբերի ... Շարն.
«Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Միակ Միջոցը Վստահութեան Ամրապնդումն Է» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտուրի նախարար Էյմոն Կիլմոր ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ձգձգուած տագնապներու լուծման հարցին մէջ յառաջընթացը ԵԱՀԿ-ի մէջ ... Շարն.
«Սպաննուած Միլիոնաւոր Հայերը Յիշելը Իսրայէլի Բարոյական Պարտականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Նախագահը
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Քնեսեթի նախագահ Ռեւին Ռիվլին երեքշաբթի օր Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումին ընթացքին յայտարարած է, որ Իսրայէլ պարտաւոր է յիշել շուրջ հարիւր ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եահկ-Ի Գործող Նախագահը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Իրլանտայի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Էյմոն Կիլմորի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան, զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ իրականացուող ... Շարն.
Օսկանեան. «Դրամ Լուալու Համար Նախ Դրամը Պէտք Է Կեղտոտ Ըլլայ»
Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան երէկ դարձեալ տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ արձագանգեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աւելի կանուխ հրապարակած յայտարարութեան: Ան նշեց, որ Ազգային ... Շարն.
«Անընդունելի Է, Երբ Քաղաքական Հետապնդումը Կը Քողարկուի Քրէական Մեղադրանքներով» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան չբացառեց, որ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանի դէմ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ քրէական գործ յարուցելու ... Շարն.
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Փոխանցուած Է Քնեսեթի Կրթութեան Ու Մշակոյթի Յանձնախումբին
Իսրայէլի Քնեսեթի ընդլայնուած նիստին ընթացքին երէկ քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Իսրայէլացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Քնեսեթի անդամ Զէեւ Էլքին PanArmenian.net կայքէջի թղթակիցին յայտնեց, որ «առանձնապէս նիստին ընթացքին ոչ մէկ նոր ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Այսօր Ազրպէյճանի Նոր Դեսպանի Նշանակման Հարցը Պիտի Քննարկէ
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը այսօր պիտի քննարկէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած թեկնածուն` Ռիչըրտ Մոռնինկսթարը Ազրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակելու հարցը: ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Յոյս Ունին, Որ Թուրքիա Արձանագրութիւնները Վաւերացնելու Ուղղութեամբ Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ» Կ՛ըսէ Ֆիլիփ Կորտըն
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն մասնակցած է «Ամերիկայի թուրքերու խորհուրդ»-ի 31-րդ ժողովի բացման արարողութեան եւ իր արտասանած ... Շարն.
Ըստ «Համաշխարհային Խաղաղութեան Աղիւսակ»-ի Հայաստան Շրջանի Ամէնէն Խաղաղ Երկիրն Է
Հակառակ Սուրիոյ տագնապի սրման եւ Եւրոպայի մէջ հասարակական անկարգութիւններուն, աշխարհը աւելի խաղաղ դարձած է, նշուած է երէկ հրապարակուած Համաշխարհային խաղաղութեան աղիւսակին մէջ: Հակառակ Սուրիոյ տագնապի գոյութեան, աշխարհը 2012-ին աւելի խաղաղ ... Շարն.
Ռուսիա Հայաստանի Վերեւ Իր Պատերազմական Օդանաւերուն Թռիչքներուն Թիւը Կ՛աւելցնէ
Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ռուսական բանակի բանբեր մը շաբաթ օր յայտնած է, որ ռուսական պատերազմական օդանաւերը Հայաստանի վերեւ իրենց մարզումի թռիչքներուն թիւը աւելցուցած են: «Նիւ ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Չինաստանի Ընդհանուր Դատախազը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Չինաստանի ընդհանուր դատախազ Ցաօ Ծիանմինը: Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրեց Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումէն ի վեր երկկողմանի յարաբերութեանց բարձր մակարդակը` անոր վկայութիւնը ... Շարն.
Իսրայէլի Քնեսեթը Այսօր Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի Քնեսեթին մէջ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հանրային քննարկում տեղի պիտի ունենայ: Նախաձեռնութեան հեղինակը ընկերվարական «Մերեց» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Զահաւա Կալ-Օնն է: Քննարկումէն ետք հարցը ... Շարն.
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Անդամները Այցելեցին Գնդակոծուած Չինարի Գիւղ
ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը 10 յունիսին այցելած է վերջին օրերուն ազրպէյճանական կողմի թիրախը դարձած եւ գնդակոծուած Չինարի գիւղ: Այցելութեան նպատակը Չինարի գիւղի բնակիչներուն զօրակցութիւն յայտնելն էր եւ ցոյց տալ, ... Շարն.
ՕԹԱՆ Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման Կոչ Կ՛ուղղէ
Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ երէկ Թիֆլիսի մէջ յայտարարեց, որ ՕԹԱՆ ղարաբաղեան տագնապի լարուածութիւնը մեղմացնելու կոչ կ՛ուղղէ: ... Շարն.
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Օսկանեանը Հրաւիրած Է «Փողերու Լուացման» Գործով Ցուցմունք Տալու
Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, 5-րդ գումարման Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան տարածած է յայտարարութիւն, ըստ որուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զինք հրաւիրած է իբրեւ վկայ ցուցմունք տալու` «յանցաւոր ճանապարհով ... Շարն.
«Կովկասի Մէջ Հաշտութեան Շնորհիւ Ազրպէյճանի Բռնագրաւուած Հողամասերը Պիտի Ազատագրուին Եւ Անցեալը Պիտի Մոռցուի» Կը Յայտարարէ Կիւլ
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ուրբաթ օր այցելած է Պայազիտ եւ Իգտիր: Ան Իգտիրի մէջ ժողովուրդին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Կովկասի մէջ ի վերջոյ ... Շարն.
Ըստ Ազրպէյճանցի Երեսփոխանի Մը Ազրպէյճանի Զինուորներու Պատրաստուածութեան Մակարդակը Բարձր Չէ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Կուրտեթ Հասանկուլիեւ ըսած է, որ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութիւնը եւ ազրպէյճանական բանակի կորուստները ցոյց կու տան, որ Ազրպէյճանի բանակին ... Շարն.

