Category: Լիբանանեան
Հարիրի. «Ներկայ Կացութիւնը Կրնայ Ծանր Հետեւանքներ Ունենալ»
Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս քրիստոնեաները: Հարիրի նշեց, որ այս տարի տօնական օրերը կը զուգադիպին վտանգաւոր պայմաններու, որոնք կը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքին գծով վախ չկայ, որովհետեւ անիկա կայուն է. ան աւելցուց, որ Լիբանան արդէն իսկ շրջանցած է իր դրամատուները պատժամիջոցներու ենթարկելու հանգրուանը: ... Շարն.
Հարաւային Լիբանանի Մէջ . «Լիբանանեան Բանակը Պատրաստ Է Դիմադրելու Որեւէ Բռնարարքի» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեց հարաւային Լիբանան, ուր ստուգեց բանակին զօրամասերը, որոնք դիրքաւորուած են Մերժահիունի մէջ: Բանակի հրամանատարը բարձր գնահատեց սպաներուն եւ զինուորներուն ի գործ դրած ջանքերը` ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Հանգիստ Կը Զգայ Սաուիրիի Մէջ Կացութիւնը Հաւասարակշռելու Առիթով
Նախագահ Սլէյման եւ Ռաատ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց քննարկել Սաուիրիի մէջ տիրող կացութեան մանրամասնութիւնները եւ ցաւ յայտնեց, որ զոհեր արձանագրուած են ու բնակարաններ հրկիզուած` կարգ մը հակառակորդ ... Շարն.
Սալամ. «Լիբանան Պիտի Ուղղուի Դէպի Ապահովական Անդունդ, Եթէ Քաղաքական Կացութիւնը Այս Ընթացքով Շարունակուի»
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական տագնապը բաւական վտանգաւոր է` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական ներկայ կացութիւնը ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Նասըրական Կուսակցութիւններու Պատուիրակութիւնը
Պըրրի` Նասըրական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Նասըրական կուսակցութիւններու պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Ամալ շարժումի ... Շարն.
Մանսուր Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպանը
Մանսուր եւ Փաուլի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Ֆատի Սուուան հարցաքննեց Ռումիէի բանտին մէջ ծառայող 12 բանտապահներ` բանտին մէջ թմրեցուցիչ տարածելու եւ զինուորական հրահանգները խախտելու գծով: Դատախազ Սուուան անոնց դէմ բերման գիրեր հրապարակեց: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութիւնը ... Շարն.
Սաուիրիի Մէջ Զինեալ Բախումները Կը Պատճառեն Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
Արեւմտեան Պեքաայի Սաուիրի գիւղաքաղաքին մէջ երէկ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Շուման եւ Ժանպէյն ընտանիքներուն միջեւ: Զինեալ բախումները պատճառեցին հինգ զոհ եւ վիրաւորեցին տասնեակ ուրիշներ: Շաբաթ օր Սաուիրիի մէջ երկու ընտանիքներէն անդամներ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Սալամը
Նախագահ Սլէյման եւ Սալամ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն եւ խորհրդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր: Միւս կողմէ, Սալամի ... Շարն.
Միջազգային Դատական Ատեանը Ֆինանսաւորելու Մասին Բանավէճ
Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու քայլը երէկ բանավէճի վերածուեցաւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատիի միջեւ: Բանավէճը սկսաւ, երբ Սաֆատի զարմանք յայտնեց, որ Միջազգային դատական ... Շարն.
Ռայի Պատրիարք. «Իսկական Հաշմուածները Անոնք Չե՞ն, Որոնք Կ՛արգելակեն Երկրին Մարտահրաւէրներուն Դէմ Պայքարող Կառավարութեան Մը Կազմութիւնը»
Կիրակնօրեայ պատարագէն պահ մը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին խստիւ քննադատեց երկրին դիմագրաւած հարցերուն լուծումը: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ արդեօք ... Շարն.
Ապու Ֆաուր Կը Զգուշացնէ Չէզոք Կառավարութեան Ընտրանքէն
Ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր զգուշացուց Լիբանանի մէջ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելէ` շեշտելով, որ անիկա դէպի անորոշութիւն կատարուելիք ոստում մը կը նկատուի: Ան շեշտեց, որ նման կառավարութիւն մը, ... Շարն.
Պասիլ. «Լիբանանի Ջրային Հարստութիւնը Զայն Պիտի Վերածէ Շրջանին Համար Անհրաժեշտ Երկրի Մը»
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ երէկ բացումը կատարեց «Ժաննէ» ամբարտակի կառուցման երկրորդ հանգրուանի աշխատանքներուն: Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, որ «Ժաննէ»-ի ծրագիրը աննախընթաց է, որովհետեւ անիկա ստեղծուելիք ամբողջական ... Շարն.
Ժոմպլաթ. «Նախագահական Մակարդակի Վրայ Ստեղծուելիք Անիշխանութիւնը Ամէնէն Վտանգաւորն Է»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ նախագահական մակարդակի վրայ ստեղծուելիք անիշխանութիւնը ամէնէն վտանգաւորն է: Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանը պէտք է սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտներուն ծիրին մէջ գումարէ իր ... Շարն.
Մանսուր. «45 Լիբանանցիներ Ժուպայէն Վերադարձան Լիբանան»
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան հաղորդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է շաբաթ երեկոյեան հարաւային Սուտանի Ժուպա շրջանէն Լիբանան փոխադրել 45 ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրիի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ան համաձայն է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն յայտարարութեան, թէ չէզոք կառավարութեան մը կազմութիւնը խաբկանքի կառավարութիւն է: ՆԱԽԿԻՆ ... Շարն.
Կոչ Ուղղելով Խուսափելու Կատարուած Իրողութեան Կառավարութեան Կազմութենէն` «Լիբանանցիք Կը Գտնուին Պատմական Առիթի Մը Առջեւ» Յայտարարեց Սէյիտ Նասրալլա
«Լիբանանցիք կը գտնուին պատմական առիթի մը դէմ յանդիման` նախագահական ընտրութեան գծով», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, երէկ յետմիջօրէին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ կազմակերպուած հաւաքին ընթացքին` մերժելով այս գծով ... Շարն.
Սլէյմանի Եւ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքին Միջեւ Մօտալուտ Հանդիպո՞ւմ
Կը նախատեսուի, որ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը մօտերս այցելէ Պաապտայի պալատ եւ հանդիպում մը ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ: Ըստ լիբանանեան արաբատառ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին, այս հանդիպումին ... Շարն.
Համախոհութիւն` Երկիրը Սահմանադրական Դատարկութեան Մէջ Ձգելէ Խուսափելու Գծով
Միքաթի եւ Պըրրի Շրջանային թէ տեղական քաղաքական ու յատկապէս ապահովական իրադարձութեանց լոյսին տակ, հետզհետէ կը շեշտուին երկրին մէջ սահմանադրական դատարկութեան ստեղծման գծով մտավախութիւնները: Փաստօրէն, կառավարութեան ամիսներէ ի վեր կազմալոյծ վիճակը ... Շարն.

