Category: Լիբանանեան
Միքաթի – Զօր. Քահուաժի Հանդիպում
Զօր. Քահուաժի եւ Միքաթի Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի ... Շարն.
Խորհրդարանի Նախագահը Մախզումիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ ամէն ջանք ... Շարն.
Յաջորդ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցին 705 Թեկնածուներ
Ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ 705 թեկնածուներ պիտի մասնակցին 16 յունիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, առաջադրուած թեկնածութիւններէն երեքը մերժուած ... Շարն.
Մըր Այցելեց Վարչապետ Սալամի
Մըր եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Միշել Մըրը, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանը երկարաձգելու հարցը, ինչպէս նաեւ այն պայմանները, որոնք Լիբանանը կրնային անիշխանութեան մատնել, ... Շարն.
Ժոմպլաթ Այցելեց Զօր. Քահուաժիի
Զօր. Քահուաժի եւ Ժոմպլաթ Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ ցաւակցութիւն յայտնեց բանակին երեք զինուորներուն նահատակութեան համար: Ժոմպլաթ ... Շարն.
Ուահապ. «Հարաւային Արուարձանները Թիրախ Դարձնող Հրթիռները Իրենց Նպատակին Պիտի Չհասնին»
Հարեթ Հրէյքի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսին ընթացքին Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերջ տալու իրենց անպատասխանատու կեցուածքին ... Շարն.
Այն Հելուէի Մէջ Հըզպալլայի Նպաստի Տուփեր Կը Հրկիզուին
Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ Հըզպալլայի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած նպաստները հրկիզուած են` իբրեւ մերժողական քայլ Քուսէյրի ճակատամարտներուն Հըզպալլայի մասնակցութեան: Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱԽԱՆՑԵԱԼ երեկոյեան շրջան ըրին տեղեկութիւններ, թէ Ժապհաթ Նուսրա ցրուած է թռուցիկ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ժապհաթ Նուսրա Հարաւային արուարձաններու եւ Պեքաայի դէմ իր ահաբեկչական գործողութիւններուն պիտի սկսի երեք ... Շարն.
Արսալի Մէջ. «Բանակը Թիրախ Դարձնողները Պիտի Պատժուին, Իսկ Բանակը Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Յաղթահարելու Ոլոր Մարտահրաւէրները» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Նախագահ Սլէյման` լիբանանեան բանակի Արսալի անցարգելին մօտ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, երէկ ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, ուղղուեցաւ Արսալ, ուր շեշտեց, որ պիտի գայ այն օրը եւ ժամը, ... Շարն.
«Առաջադրած Եմ Նախաձեռնութիւն Մը, Որուն Հիման Վրայ Հանրապետութեան Նախագահը Պէտք Է Առանց Նախապայմանի Երկխօսութեան Հրաւիրէ Բոլոր Ուժերը» Շեշտեց Միքաթի
Միքաթի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տարակարծութիւնը յստակ է, իսկ տարակարծիք ըլլալու իրականութիւնը առկայ է, ... Շարն.
«Երկրին Մէջ Տիրող Անյաղթահարելի Պայմանները Հիմնական Պատճառ Կը Հանդիսանան Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգման» Շեշտեց Պըրրի
Չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որմէ բացակայեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի: Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ վաղը` ուրբաթ, 31 ... Շարն.
Ապատի Այցելեց Վարչապետ Սալամի
Ապատի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ Մուսայթպէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները. Ապատի Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով Սալամի փոխանցեց ... Շարն.
Մանսուր – Ալի Հանդիպում
Մանսուր եւ Ալի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներուն վերաբերող շարք մը ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԱՊ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ արձակազինութիւնը շարունակուեցաւ` պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ: ԱՐԱԲԱԿԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութենէն` ... Շարն.
Պէյրութի Հարաւային Արուարձանները Երէկ Թիրախ Դարձան «Կրատ» Տիպի Երկու Հրթիռներու
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձան «Կրատ» տիպի երկու հրթիռներու, որոնք պատճառեցին չորս վիրաւոր, որոնցմէ երեքը` սուրիացի քաղաքացիներ: Հրթիռները պատճառեցին նաեւ նիւթական վնասներ` նկատի ունենալով, որ անոնք ... Շարն.
«Դիմադրութիւնը Չի Կրնար Ձեռնածալ Մնալ, Երբ Սուրիոյ Մէջ Անոր Ողնասիւնը Կոտրելու Փորձեր Կ՛ըլլան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան 13-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով, Հըզպալլա անցեալ շաբաթ օր Մաշղարայի մէջ կազմակերպեց հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին մեծ շուքով նշուեցաւ այդ տօնը: Հըզպալլայի ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Այցելեց Շուֆի Գործարանները Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ժոմպլաթի Հետ
Շուֆի գործարաններէն մէկուն մէջ Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան շաբաթ օր աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Շուֆ, ուր այցելեց շարք մը գործարաններ Տամուրի, Սըպլինի, Տարայայի, Պաաքլինի, Պաքաաթայի, Քֆարնապրախի, Տէյր Քամարի եւ ... Շարն.
Թրիփոլիի Կացութիւնը Համեմատաբար Աւելի Հանդարտ Է
Թրիփոլիի մէջ եւ յատկապէս Պապ Թըպպանէի ու Ժապալ Մըհսենի միջեւ բախումներուն սկսելէն շաբաթ մը ետք, երէկ տիրած կացութիւնը համեմատաբար աւելի հանդարտ էր` նկատի ունենալով, որ հրթիռարձակումը վերջ գտած էր, իսկ ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ժահժահը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ երեկոյեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ ... Շարն.
Թրիփոլիի Մէջ Զգուշաւոր Հանդարտութիւն. Բանակը Կը Դիրքաւորուի Ժապալ Մըհսենի Մէջ
Թրիփոլիի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն, որուն լոյսին տակ բանակը իբրեւ առաջին հանգրուան դիրքաւորուեցաւ Ժապալ Մըհսենի մէջ եւ իբրեւ երկրորդ հանգրուան պիտի դիրքաւորուէր Պապ Թըպպանէի, Պաքքարի, Մանքուպինի, Շաարանիի եւ Մալլուլէի, ... Շարն.

