Category: Լիբանանեան
Հանրապետութեան Միւֆթին Նստացոյցի Կոչ Կ՛Ուղղէ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ կոչ ուղղեց Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ բաց նստացոյց մը կատարելու, եթէ իսլամական արգելափակեալներուն թղթածրարը կարելի չըլլայ լուծել մինչեւ դատական իշխանութիւններուն ամառնային արձակուրդի սկիզբը: ... Շարն.
Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը Կը Ստանձնէ Երեք Յանցագործներ
Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ տնօրէնութիւնը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, սուրիական իշխանութիւններէն ստանձնեց երեք յանցագործներ` լիբանանցի մը, սուրիացի մը եւ պաղեստինցի մը, ... Շարն.
Քոնելլի Այցելեց Զօր. Աունի Եւ Նախարար Արիտիի
Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի երէկ այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային ... Շարն.
Օմար Քարամէ Ընդունեց Իրանի Դեսպանը
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ իրանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան զարգացումները: Հանդիպումէն ետք իրանեան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հիմնական կողմն է` երկրին ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առումով: ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ ինք ամէնէն ... Շարն.
Մինչ Զինադուլը Երկու Ժամ Խախտեցաւ Թրիփոլիի Մէջ Կացութեան Հանդարտեցման Աշխատանքները Շարունակուեցան
Թրիփոլիի մէջ հազիւ 24 ժամ տեւած փխրուն զինադուլը երէկ կէսօրէ ետք խախտեցաւ, երբ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումները վերսկսան` պատճառելով վիրաւորներ: Զինեալ բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի ... Շարն.
Պըրրի Կոչ Կ՛Ուղղէ Չանտեսելու Լիբանանցի Ղեկավարներու Դէմ Գործուելիք Սպանութեան Սպառնալիքները
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց շարք մը երեսփոխաններ` չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ: Պըրրի դրուատեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ վերստին կոչ ուղղեց բոլորին` ... Շարն.
Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն առաջ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Հետ Կը Ստորագրէ Համաձայնագիր Մը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Փիթըր Տորմընի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը` Ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող յատուկ ուսումնասիրութեանց մէջ արձանագրուած նուաճումներու ծրագիրին (ԼԻՐԱ) շրջագիծին մէջ: Նախարար Սապունճեան դրուատեց ... Շարն.
Օմար Քարամէ Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը, Ուահապը Եւ Մըրատը
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ ... Շարն.
Օ Ֆերրըլ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Աւստրալիա-Լիբանան Գործակցութիւնը
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Պերի Օ Ֆերրըլ յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը փոխադարձ այցելութիւն մըն է` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի Աւստրալիա կատարած այցելութեան, եւ անոր նպատակն ... Շարն.
Շէյխ Քապալան Ընդունեց Ասիրին
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ Քապալանի փոխանցեց Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Նայեֆ ... Շարն.
«Միջազգային Ճնշումները Պիտի Չարգիլեն Դիմադրութեան Նկատմամբ Մեր Զօրակցութիւնը» Հաստատեց Ապատի
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Իրան կ՛օժանդակէ բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին թշնամի Իսրայէլի դէմ: «Մենք պիտի շարունակենք օժանդակել իսրայէլեան գոյացութեան դէմ պայքարող բոլոր տարրերուն, որովհետեւ այդ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի միջադէպերը արձանագրուած են քաղաքական որոշումի մը հետեւանքով` աւելցնելով, որ իսլամ բանտարկեալներուն թղթածրարին լուծումը պիտի կատարուի յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի ... Շարն.
Փխրուն Զինադուլի Մթնոլորտի Ներքեւ` Բանակը Կը Տեղակայուի Թրիփոլիի Մէջ
Երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, Թրիփոլիի մէջ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, որուն շրջագիծին մէջ դադրեցան նաեւ Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումները: Շրջանին մէջ տիրող լռութեան զուգահեռ, լիբանանեան բանակը ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Կարեւոր Կը Նկատէ Թրիփոլիի Մէջ Բանակին Տեղակայումը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կարեւոր նկատեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումը` սանձելու համար անցեալ շաբաթավերջին Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերը: Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք մնայուն կապի մէջ էր ... Շարն.
Պըրրի Ընդունեց Օ Ֆերըլը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Պերի Օ Ֆերըլը, որուն ընկերակցեցաւ նահանգը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի ... Շարն.
Միքաթի. «Թրիփոլիի Կացութիւնը Կ՛Ուղղուի Դէպի Բարելաւում»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանի լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Թրիփոլիի կացութիւնը կ՛ուղղուի դէպի կատարեալ հանդարտութիւն եւ խաղաղութիւն` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին տեղակայումը Ժապալ Մըհսենի եւ ... Շարն.
Ռապիէի Մէջ Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Ընթացիկ Նիստ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան ցաւ ... Շարն.
Սէյիտ Նասրալլա – Ահմետ Ժըպրիլ Հանդիպում
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային ճակատի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ժըպրիլը, որուն ընկերակցեցան իր օգնականը` Թալալ Նաժի եւ Պաղեստինի ազատագրութեան ազգային ճակատի անդամներու պատուիրակութիւն մը: ... Շարն.

