Category: Լիբանանեան
Միւֆթի Քապպանի – Պաարինի Հանդիպում
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Պաարինի յայտնեց, որ իր այցելութեան ... Շարն.
«Կը Ձգտինք Լիբանանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Գործակցութեան Կատարելագործումին» Կը Շեշտէ Էօզեըլտըզ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց առեւտուրի եւ տնտեսութեան գրասենեակը, ուր յայտնեց, թէ իր այս այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել այդ գրասենեակին անդամները` իրենց նոր պաշտօնները ստանձնելու առիթով: Ան ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻՊԻՈՅ կառավարութեան պաշտօնական բանբեր Նասեր Մանեհ յայտնեց, որ Թաժուրա շրջանին մէջ գտած են աճիւններ, որոնք կրնան անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի աճիւնները ըլլալ: Մանեհ աւելցուց, որ այդ աճիւնները կ՛ենթարկուին «Տի. ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Ալի Շաապանի Սպանութեան Հարցը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան հարցը եւ ... Շարն.
Պըրրի. «Ամալ Շարժումը Կը Զօրակցի Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրինագիծի Մը, Որ Կը Գործադրուի Լիբանանը Մէկ Ընտրաշրջանի Վերածելով»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Մսայլեհի իր բնակարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ամալ շարժումը համաձայն է ընտրական այն օրէնքին, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան ... Շարն.
Վարչապետ Միքաթի. «Բրիտանիա Պատրաստ Է Լիբանանեան Բանակին Զէնք Եւ Զինամթերք Տրամադրելու»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «Սաֆիր»-ին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Բրիտանիա պատրաստ է լիբանանեան բանակին զէնք ու զինամթերք տրամադրելու: Ան նշեց, որ ինք այս շաբթուան ընթացքին պիտի վերադառնայ Լիբանան` ... Շարն.
Նախագահ Ասատ Խստիւ Կը Դատապարտէ Ալի Շաապանի Սպանութիւնը
Պաաս կուսակցութեան ղեկավար Ֆայեզ Շքըր երէկ այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Շքըր յայտնեց, որ նախագահ Ասատ խստիւ կը դատապարտէ Ալի Շաապանի սպանութիւնը եւ յանձնառու ... Շարն.
Մաարապի Մէջ Մարտ 14-Ի Քաղաքական Ուժերու Արտակարգ Եւ Ընդարձակ Նիստ
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ ընդարձակ եւ արտակարգ նիստ մը գումարեցին Մաարապի մէջ` առ ի զօրակցութիւն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, որուն դէմ վերջերս գործուած էր մահափորձ մը: Մարտ ... Շարն.
Լիբանանեան Բանակը Հրապարակեց Հաղորդագրութիւն Մը
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լիբանան - Սուրիա սահմանի Շահիրա անցքին մօտ երկուշաբթի օր «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն Ալի Շաապանի սպանութեան հարցին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր չորս հոգի ամբաստանեց Լիբանանէն Սուրիա զէնք մաքսանենգելու յանցանքով: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ այցելեց շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ ... Շարն.
ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ասաատ Հարտանի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական խորհուրդի անդամ Պարոյր Տէր ... Շարն.
«Շրջանին Մէջ Թուրքիոյ Շահերը Արաբներուն Դէմ Են» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կատարեց այցելութիւններ քաղաքական այն ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Ալի Շաապանի Սպանութեան Մանրամասնութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմը եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որոնց հետ քննարկեց «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի քամերամեն ... Շարն.
Մայֆատունի Մէջ Ալի Շաապանի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին
Ալի Շաապանի երկրորդ ընտանիքին` «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին եւ անոր ծնողքին ու հարազատներուն սուգը երէկ հասաւ իր գագաթնակէտին, իր գործին մէջ պարտաճանաչ, բծախնդիր եւ ճշդապահ Ալիի յուղարկաւորութեամբ: «Ժատիտ»-ի քամերամեն Ալի Շաապանի ... Շարն.
Փոխվարչապետը Ընդունեց Զասպիքինը
Փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան մշակոյթի եւ արտաքին յարաբերութեանց կցորդ Սերկէյ Ֆորոպիեւ: Հանդիպումին ընթացքին Զասպիքին եւ Ֆորոպիեւ Մուքպելի հետ քննարկեցին լիբանանեան ... Շարն.
«Ֆայեզ Քարամ Կրեց Իր Գործած Սխալին Պատիժը » Շեշտեց Զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, որ նիստէն ետք հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք ամօթ զգացած է Ֆայեզ Քարամը ... Շարն.
Հանրապետութեան Միւֆթին Շնորհաւորեց Նախագահ Սլէյմանը, Ռայի Պատրիարքն Ու Զօր. Քահուաժին
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Ընդունեց Տնտեսական Պատուիրակութիւն Մը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամը, որուն ընկերակցեցաւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) վարչական խորհուրդի փոխնախագահ Ղազի Եհիա, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի դրամատուները լաւ վիճակի մէջ ... Շարն.
«Մեր Նախընտրութիւնն Է Փոքր Ընտրաշրջաններու Մէջ Գործադրուող` Համամասնական Դրութեան Հիման Վրայ Ընտրական Օրէնք Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան նախընտրութիւնն է ունենալ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք ... Շարն.

