Category: Գաղութային
ԱՅՍՕՐ` «ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»Ի ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ
Այսօր երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» գիրքին նոր հրատարակութեան շնորհահանդէսը: Հրատարակութեան ձեռնարկած է ՀԱՅՈԳԻ մատենաշարը: Ձեռնարկը կը կազմակերպուի համատեղ` Հայոգի մատենաշարի, Համազգայինի ... Շարն.
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 250 ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ Բ. ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 125-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՄԲԱՅԻՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 5 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ անուանի երաժշտահան Բարսեղ Կանաչեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած միջդպրոցական երգչախմբային փառատօնը` ... Շարն.
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»Ի ՍՓՌՈՒՄԻ ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
30 մարտ 2011-ին տեղի ունեցած «Վանայ Ձայն»ի ռատիոթոնին ընթացքին հաւաքուած էր շուրջ 70 հազար տոլար: Սոյն ռատիոթոնը կը նպատակադրէր Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ «Վանայ Ձայն»ի սփռումի բարելաւումը եւ սարքերու արդիականացումը: ... Շարն.
«ԱԶԻՐԵԱՆ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ ՄԷՋ. ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՌՈՍՏՈՄ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 3 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցում, որուն նիւթն էր «Ամերիկայի մէջ Հայ դատի ... Շարն.
ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՍԱՐՔԵՐՈՒ ՆՈՐ ԲԵՌՆԱՐԿՂ ՄԸ Կ՛ՈՒՂԱՐԿՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Մայիսի կէսերուն Երեւան հասաւ Հայ օգնութեան միութեան կողմէ ուղարկուած բժշկական սարքերու նոր խմբաքանակ մը: Տիթրոյիթի մէջ քանի մը հայ ազգայիններու լրիւ տարի մը գործադրած ճիգերուն շնորհիւ, ՀՕՄ-ը յաջողած էր զանազան ... Շարն.
«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ` «ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ ՄԵՐ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԶԷՆՔՆ Է» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Հայ լեզուի, գրականութեան ու հայոց պատմութեան, երգի ու ասմունքի մէջ նոր սերունդի յառաջդիմութեան նպաստող խթան եղան յաջորդական երկու տարիներէ ի վեր «Խայիկ Պապիկեան» հիմնադրամին անունով կազմակերպուող մրցումները: Հայ նոր սերունդի, ... Շարն.
ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ. «ԴՈՒՆ ՁՈՒԿ ՉԵՍ»
Մի՛ լար` Ահմետ, ձեռքդ զէնքին մի՛ նետեր, մօրս գլխուն վրայ երդում ըրէ, որ այս ծանր օրերը վերջ պիտի գտնեն... «Մեծ ձուկը պզտիկ ձուկը կ՛ուտէ»` կ՛ըսեն. սուտ է... դուն ձուկ չես, ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԵՐԳԻՉ-ԵՐԳՉՈՒՀԻՆԵՐԸ
Անցնող երկու օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հայ երաժշտական արուեստի առաւել ծաղկման ու տարածման իրենց նպաստը բերող երգիչներ ու երգչուհիներ: Նախ Համազգային Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ... Շարն.
ՄԱԿ-ԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ՀԱՅԵՐ ԿԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆ
Հինգշաբթի, 26 մայիս 2011-ին, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան յարկին տակ, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ներկայացուցիչ Կարեն Նազարեան հիւրընկալեց «Հայեր ՄԱԿ-ին մէջ» համախմբումը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր տարիներէ ի վեր ՄԱԿ-ի մէջ ... Շարն.
ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ աշխատանքին նկատմամբ հաւատք ունեցող եւ միութեան նեցուկ կանգնող ընկերուհիներ երէկ կազմակերպեցին Համբարձման տօնի խրախճանք մը` հրաւիրելով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ ԼՕԽ-ի համակիրներ, որոնք յաճախ նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՛օժանդակեն ... Շարն.
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ` ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՈՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ԵՒ «ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»Ի ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՑԱԾ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշխարհագրական ներկայ դիրքը, բնակչութեան թիւն ու անոր կարգավիճակը, տարբեր շրջաններու, յատկապէս ազատագրուած տարածքներու պարզած ներկայ պատկերը, շրջանի ընկերային ու տնտեսական իրավիճակը, երկրին կարիքները, անոր դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները ... Շարն.
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ 550-ԱՄԵԱԿԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ-ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ
28-29 մայիս 2011-ին, Պոլսոյ մէջ եկեղեցական ու ազգային տօնախմբութեամբ նշուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550-ամեակը` մասնակցութեամբ հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներուն եւ ներկայութեամբ հրաւիրեալներու ու հաւատացեալներու բազմութեան: Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ` ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՀՐԱՇՔ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ԿԵՆՑԱՂ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 1 յունիս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` ... Շարն.
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԷՆԵԱՆ` «ԵՈՒ. ՍԻ. ԷԼ. ԷՅ.»Ի ՄԷԿ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԻ ՏԵՂԱԿԱԼ
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի («Եու. Սի. Էլ. Էյ.») հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի տնօրէն Լինտա Ռոզընսթա կը տեղեկացնէ, որ նոյն բաժանմունքի ակադեմական ծրագիրներու տնօրէնի տեղակալ նշանակուած է դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան, որ ... Շարն.
ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 3500 ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՍԻՐՈՒԱԾ ԵՒ ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԵՐԳԻՉ ՅԱՐՈՒԹ ՓԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՒ ՃՈԽ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` երեքշաբթի, 31 մայիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ սիրուած եւ հանրածանօթ երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի խանդավառ եւ ճոխ երգահանդէսը` ... Շարն.
ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆՈՎ ՀՄԸՄ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱՅՈՑ ԵՌԱԳՈՅՆԸ ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԻՆ ԲԱՐՁՐԱՑՆԵԼՈՒ ԻՐ ԵՐԴՈՒՄԸ
Մայիսեան յաղթանակի շունչով, յաղթանակներ կերտած հայկական հզօր բանակի հետեւողութեամբ ու անոր կշռոյթով, 93-ամեայ երիտասարդ միութեան մէկ անդամը ըլլալու հպարտութեամբ քալեցին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր թուականներու հիմնադրուած ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու սկաուտները, ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Քանի մը օրերէ ի վեր, Այնճարի կեդրոնական հրապարակին վրայ ծածանող եռագոյնները կ՛աւետէին Հայաստանի անկախութեան տօնը: Այնճարի հայութիւնը պիտի համախմբուէր միասնաբար յիշատակելու 28 մայիս 1918-ի պատմական յաղթանակը: Շաբաթ, 28 մայիսի յետմիջօրէի ... Շարն.
ԶԻՆԵԱԼ ՊԱՅՔԱՐԻ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ՊԵՏԻԿ ԻՆՃԷԵԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 35¬ԱՄԵԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՆՇՈՒՄ
«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» կարգախօսին հաւատացած, անով առաջնորդուելով զինեալ պայքարի ուղին իբրեւ ճակատագիր ընտրած եւ մեր վրիժառու բազուկներուն հետեւելով նորօրեայ պայքարի անդրանիկ նահատակը հանդիսացած Պետիկ Ինճէեան իր նահատակութենէն 35 ... Շարն.
ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ. «ՄԱՅԻՍ 28-Ը ՅՈՒՇԱՐԱՐ Է ՈՒ ՊԱՏԳԱՄ` Ի ԽՆԴԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երէկ` կիրակի, 29 մայիս 2011-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Ս. եւ անմահ պատարագով, հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութեամբ եւ ապա վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան հռչակման տօնը` Սարդարապատի ... Շարն.
«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ» ՅԱՅՏԱԳԻՐԻՆ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆ ՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ` ՀՐԱՒԷՐ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՆ ԼԱՒԱՊԷՍ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ
Առանց նիշի մտահոգութեան, դաս սորվելու պարտադրանքի, դպրոցական առօրեայ կաշկանդումներու, խաղի ու մրցումի ձեւով հայոց լեզուի ուղղագրութիւնը, մեր արժէքաւոր տառերը, զանոնք հնչելու ձեւն ու իւրաքանչիւրին անունը ճիշդ գիտնալը հաւանաբար նախապէս այսքան ... Շարն.

