Category: Մարզական
2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Ճափոն Ապահովեց Պրազիլի Իր Տոմսը
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ասիոյ գօտիի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող Ճափոն հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց Պրազիլի իր տոմսը: 62 հազար համակիրներու ներկայութեան, Քէյսուքէ ... Շարն.
«Կ՛ուզեմ Օգնել Մեսսիին, Որ Մնայ Լաւագոյնը» Ըսաւ Նէյմար
Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, որ շաբաթասկիզբին Պարսելոնա ժամանելով 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան խումբին հետ, ըսաւ, որ իրեն համար առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ, որ օգտակար դառնայ Լիոնել Մեսսիին, որպէսզի ... Շարն.
Ուքրանացի Լրագրողները Հենրիխ Մխիթարեանը Ճանչցան Իբրեւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Շախտիոր Տոնեցքի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ուքրանացի լրագրողներուն կողմղ ճանչցուեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը: «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ»-ի համաձայն, ուքրանական sport-arena շաբաթաթերթին կատարած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք, 2012-2013 տարեշրջանի լաւագոյն ... Շարն.
Մոնաքօ Հետաքրքրուած Արազ Օզպիլիսով
Մէջբերելով bobsoccer կայքէջին հրապարակած մէկ լուրը` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Քուպան Կրասնոտարի միջնապահ Արազ Օզպիլիսով հետաքրքրուած է նաեւ Մոնաքօ, որ այս տարեշրջանին աւարտին ... Շարն.
Ակնարկ. Լոռի՛, Սուրա՜…
ԹՈՐԳՈՄ Ծնողքին եւ դպրոցի մարզանքի ուսուցչուհիին բծախնդիր, բարեխիղճ մօտեցումով սկսած աշխատանքը, տարիներու հետեւողական, մասնագիտական-արհեստավարժ մարզումներով, բազմաթիւ զրկանքներով, ինչու չէ նաեւ մեզի անծանօթ դժուարութիւններու յաղթահարումով ատենէ մը ի վեր սկսաւ տալ ... Շարն.
Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնի Տարիքային Ախոյեանութիւն` 21-25 Մայիս 2013-ին
21-25 մայիս 2013-ին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ աթլեթիզմի տարիքային անհատական եւ խմբային ախոյեանութիւնը` Ժամհուր վարժարանի մարզադաշտին վրայ: Այս 5 օրերուն վրայ երկարող մրցաշարքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նորակազմ ... Շարն.
«Ֆորմիւլա-Ռըն»-ի Ախոյեանութիւն. Շահան Սարգիսեան Ապահովեց Տարեշրջանի Իր 71-րդ Կէտը
Լիբանանահայ փորձառու վարորդ Շահան Սարգիսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Ֆորմիւլա-Ռըն»-ի ախոյեանութեան, 3-րդ հանգրուանի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ մէջ գտնուող Թրեքսթըն վազքուղիին վրայ, յաջողեցաւ բաւական պայքարելէ ետք գրաւել 10-րդ ... Շարն.
«Միլոն Թրոֆի»-ի Մրցաշարքին. 7 Հայ Ըմբիշներէն 6-ը Մետալի Տիրացան
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը վեց մետալով վերադարձաւ «Միլոն Թրոֆ»-ի մրցաշարքէն: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը լուրը հաղորդելով կը նշէ, որ 5 դասակարգի մրցումներուն ներկայացած էին 7 հայ ըմբիշներ: PanArmenian.Net-ի թղթակիցին հետ ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Լիբանան – Հարաւային Քորէա` 1-1
Երէկ երեկոյեան Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանան - Հարաւային Քորէա մրցումը, որ կ՛իյնայ Ասիոյ գօտիին մէջ կատարուող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նախքան մրցումը Հարաւային Քորէա 10 կէտով ... Շարն.
Ժիւտօ. Միջազգային Մրցաշարք. Բոլոր Հայ Մարզիկները Վերադարձան Մետալներով
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պառնաուլի մէջ աւարտեցաւ ժիւտոյի միջազգային մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի երիտասարդներու եւ պատանիներու խումբերը: Վահէ Ղազարեան եւ Դաւիթ Նալբանտեան գրաւեցին առաջին դիրքը, իսկ Գոռ ... Շարն.
Մուրինիօ Վերադարձաւ Չելսի
«Լա լիկա»-ի 2012-2013 տարեշրջանին իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ ձախող տարեշրջան մը բոլորած փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ, որ 2007-ին լքած էր Չելսին` հարցեր ունենալով ակումբին միլիառատէր սեփականատէր Ռոման Ամրամովիչի հետ, ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.»- Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Հիթ Յաջորդաբար Երրորդ Տարին Ըլլալով Հասաւ Աւարտական Հանգրուան
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի փլէյ-օֆի աւարտական 7-րդ եւ վերջին մրցումին, Մայեմի Հիթ 99-76 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 4-3 արդիւնքով յառաջանալով Ինտիանա Փէյսըրզի վրայ, յաջորդաբար երրորդ տարին ... Շարն.
Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայ Կռփամարտիկը Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայ կռփամարտիկները յաղթանակով սկսան Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան իրենց ելոյթները: Առաջին անգամ իր մրցումը կատարեց Արա Պուլուզեան (64 քկ), որ յաղթեց իր պիելոռուս մրցակիցին (3-0): ... Շարն.
Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Կազմակերպած «Ողիմպիականի Օր»-ը Կայացաւ Մեծ Խանդավառութեամբ
PROFOTO Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին, կիրակի, 2 յունիսին, Պէյրութի եւ անոր շրջակայքը գտնուող տարբեր շրջաններուն մէջ, տեղի ունեցաւ «ողիմպիական օր»-ը` որ կայացաւ բաւական մեծ խանդավառութեամբ: 4 քմ վազքի մրցումին, որուն ... Շարն.
Մարտունիի Մէջ. Նախագահ Սահակեան Ներկայ Գտնուեցաւ Վոլիպոլի Մրցաշարքի Մը
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 յունիսին այցելեց Մարտունիի շրջանի Շեխեր գիւղը եւ հոն ներկայ գտնուեցաւ վոլիպոլի մրցաշարքի մը: Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց հանրապետութեան գիւղական բնակավայրերուն մէջ այսպիսի նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը` ... Շարն.
Կիրակի, 9 Յունիսին «Պայքաթոն Ժիպէյլ»-ի Հեծելարշաւի Մրցումը
Երէկ` երկուշաբթի, 3 յունիսին, Ժիպէյլի մէջ գտնուող մշակութային կեդրոնին մէջ տրուեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին «Պայքաթոն Ժիպէյլ»-ի հեծելարշաւի մրցումին մասին տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան ներկաներուն: Այս հեծելարշաւի մրցումը ... Շարն.
Հայկական Ֆութպոլ. Տեղի Ունեցաւ Ալաշկերտի Պարգեւատրման Արարողութիւնը
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին «Հարսնաքար» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիրացած Ալաշկերտի պարգեւատրման արարողութիւնը: Ախոյեանութեան տիտղոսը եւ ոսկի մետալները Ալաշկերտի ... Շարն.
Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Մարտականօրէն Տրամադրուած Է Իսլանտայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին
Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար երիտասարդներու ազգային հաւաքականը բարձր տրամադրութեամբ կը նախապատրաստուի Իսլանտայի դէմ 6 յունիսին տեղի ունենալիք մրցումին: «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ աւարտած առաջին փորձերէն ետք ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.» – Փլէյ-Օֆի Մրցումներ. Փէյսըրզ Պարտադրեց Ճակատագրական Մրցումը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւելեան շրջանի աւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Ինտիանա Փէյսըրզ - Մայեմի Հիթ մրցումը աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով` 91-77 արդիւնքով: Այսպիսով, Փէյսըրզ պարտադրեց ճակատագրական 7-րդ ... Շարն.
Մարաքանայի Դաշտին Վերաբացման Առիթով. Պրազիլ Հաւասարութիւն Մը (2-2) Արձանագրեց Անգլիոյ Հետ
Նախորդ շաբաթավերջին Պրազիլի եւ աշխարհի համբաւաւոր Մարաքանայի դաշտին վերաբացման առիթով տեղի ունեցաւ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` Պրազիլի եւ Անգլիոյ միջեւ: Անիկա աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: Մրցումին հաշիւը բացաւ Ֆրետ` 57-րդ ... Շարն.

