Category: 50 Տարի Առաջ
50 Տարի Առաջ (30 Յունուար 1964)
Շաւարշ Միսաքեան Ախոյեան Արեւմտահայերէնի (Մահուան Եօթներորդ Տարելիցին Առթիւ) Հայ լեզուին շուրջ գոյութիւն ունին նախապաշարումներ: Հին տեսութիւն մը, զոր դատապարտեց Վանտրիէս, պատգամ կը կարդար. «Ժողովուրդն է, որ լեզու կը շինէ»: Այո՛, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (29 Յունուար 1964)
Սայաթ Նովայի 250-ամեակը Աբգարեան Ազգային Վարժարանին Մէջ Նոր Ատանայի Աբգարեան ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը անցեալ շաբաթ գեղեցիկ հանդիսութեամբ մը նշեց անմահն աշուղ Սայաթ Նովայի մահուան 250-ամեակը: Սոյն հանդէսը, որուն իրենց լայն մասնակցութիւնը ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (28 Յունուար 1964)
Հայ Կեանք Եթովպիա Կը Մեծարէ Հայ Կրօնաւորի Մը Յիշատակը Դ. Դարուն Հայ Մը Ներմուծած Է Քրիստոնէութիւնը Եթովպիա «Եթովպական դրոշմաթուղթեր կ՛անմահացնեն կարգ մը կրօնաւորներ...»: Այս խորագրին տակ Եթովպիոյ կարեւորագոյն թերթերէն անգլիատառ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (27 Յունուար 1964)
Կեանքը Այնճարի Մէջ (Սեփական Թղթակցութիւն) Կիրակի, 18 յունուար երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հակառակ ձիւնին եւ 15 աստիճան ցուրտին, «Տիգրանեան» սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր հանդիսականներով: Տեղւոյս Օգնութեան խաչի նախաձեռնութեամբ կը բեմադրուէր Կայծակ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1964)
Մեծարա՜նք... Ցեղասպաններու ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւնները որոշեր են Մուսթաֆա Քեմալի մահուան 25-ամեակին առթիւ «մեծարանք»-ի ելոյթներ ունենալ: Կարգ մը պետութիւններ, իբրեւ առաջին ցոյց, հրապարակ հանած են դրոշմաթուղթեր` Աթաթիւրքի նկարով: Առաջին անգամ Հայ-արժանթինեան ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (24 Յունուար 1964)
Սաստիկ Ցուրտ Միջին Արեւելքի Մէջ Ձիւն` Հալէպի Մէջ, Ուր Երթեւեկը Խանգարուած Է 175 Պարսիկներ Մեռած Են Ցուրտէն Լիբանանի մէջ կը շարունակենք զգալ հետեւանքները ցուրտի այն ահաւոր ալիքին, որ տիրեց Միջին ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (23 Յունուար 1964)
Խմբագրական Ափրիկեան Քաոսը Քսաներորդ դարու ներկայ տասնամեակը իրաւամբ կրնայ կոչուիլ «Ափրիկեան տասնամեակ»: Վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին, ու դեռ վերջերս, իրարու ետեւէ անկախութեան տիրացան ափրիկեան բազմաթիւ երկիրներ, որոնք հարիւրաւոր տարիներէ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1964)
Հայ Կեանք Մեծահռչակ Ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի 6 Հազար Նկար Արտադրած Էր 1900-ին Թէոդոսիոյ մէջ վախճանեցաւ մեծահռչակ ծովանկարիչը, 83 տարեկանին, փառքով, շքեղանքով ու պարծանքով բեռնաւոր, ու մարմինը ամփոփուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցիին ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (21 Յունուար 1964)
Ֆրանսական Պատկերասփիւռի Կայանը Վարդանանքի Մասին Ֆրանսական պատկերասփիւռը անցած չորեքշաբթի իր «Ընթերցումներ բոլորին համար» յայտագրին մէջ ներկայացուցած է նաեւ ֆրանսական «Սթոք» հրատարակչականին նոր լոյս ընծայած «Վարդանանք»-ը ֆրանսերէնով: Խօսած են Փիեռ Տեկրոփ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (20 Յունուար 1964)
Սաստիկ Ցուրտ Լիբանանի Մէջ Շաբաթ Օր Եւ Գիշեր Ձիւնի Փաթիլներ Տեղացին Պէյրութի Վրայ Լեռնային Բոլոր Ճամբաները Անգործածելի Դարձած Են Շաբաթ օր ձիւնի փաթիլներ բազմիցս տեղացին Պէյրութի վրայ: Բայց գետին իյնալով` հալեցան: ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (18 Յունուար 1964)
«Բագին»-Ի Բացառիկը Նուիրուած Սայաթ Նովայի «Տուք զհարկս արժանաւորաց» ոսկեղէն պատգամին անսալով` «Բագին»-ի խմբագրութիւնը, նախորդ (Ա. տարի) տարուան իր վերջին թիւը նուիրելէ ետք հայոց լուսապսակ Սուրբին` Մեսրոպ Մաշտոցին, այս տարուան (Գ. ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (17 Յունուար 1964)
Կեանքը Հայաշէն Թաղին Մէջ Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ 30-ամեակի Տօնակատարութիւնը Աւանդութիւն դարձած սովորութեան մը համաձայն, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեծ հանդիսութեամբ եւ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան կատարուեցաւ Յովհաննու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (16 Յունուար 1964)
Լուսի՜ն Մը Ունէինք Ան Ալ Վրայ Տուինք... Համեստափա՜յլ արբանեակ լուսինը, որ դարերէ ի վեր բանաստեղծներն ու սիրահարները միայն հետաքրքրող երկնային մարմին մըն էր, քանի մը տարիէ ի վեր կը գրաւէ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (15 Յունուար 1964)
Խմբագրական Պըշարա Խուրի` Անկախութեան Դարբինը Պըշարա Խուրիի մահով փակուեցաւ Լիբանանի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն էջերէն մէկը: Մարդը, որ անկեղծ հայրենասիրութեամբ եւ անվեհեր կամքով կէս դարէ աւելի պայքարեցաւ այս երկրի անկախութեան համար, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (13 Յունուար 1964)
Ազգային Յուղարկաւորութիւն Նախագահ Խուրիի Մարոնի Պատրիարք Գերապատիւ Մէուշի Անձամբ Պիտի Նախագահէ Յուղարկաւորութեան, Որ Տեղի Պիտի Ունենայ Սուրբ Գէորգ Տաճարին Մէջ Հանրապետութեան Նախագահը Պիտի Ներկայացնէ Վարչապետ Քարամէ Լիբանան սուգի մէջ է: ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1964)
Տեղեկագիր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Պատուիրակութեան Պօղոս Զ. Պապի Ընդունելութեան Մասին` Ի Երուսաղէմ Յունուարի 4-ի յետմիջօրէին ժամը 5:00-ին, սրբազան պապը ժամանեց Երուսաղէմ, ուր ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր «Դամասկոսի դրան» առջեւ` հին քաղաքի մուտքին: ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1964)
Ու Թան Լաւատես` 1964-ի Մասին «Ոսկեդարը Տակաւին Չէ Ծագած, Բայց Հնարաւորութիւններ Կան» ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թան կը հաւատայ, որ երեւոյթները նպաստաւոր են միջազգային կարգ մը խնդիրներու լուծման համար, եթէ հնարաւորութիւն ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1964)
Պապին Ճառը Եղիշէ Պատրիարքի Ընդունելութեան Առթիւ «Ծանօթ Ենք Ձեր Անձնական Դերին` Ս. Յարութեան Տաճարի Նորոգութեան Գործին Մէջ, Ու Երախտապարտ», Կ՛ըսէ Պապը Պապը շաբաթ իրիկուն արտասանեց հետեւեալ ճառը` Երուսաղէմի հայ պատրիարք ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (8 Յունուար 1964)
Ս. Ծնունդի Տօնը Լիբանանի Մէջ Ս. Ծնունդի տօնը այս տարի աննախընթաց շուքով, ջերմեռանդ հաւատքով եւ վառ յոյսերով տօնուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ: Կիրակի, 5 յունուարի յետմիջօրէի Խթումի Ս. պատարագին, բոլոր եկեղեցիներու մէջ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1964)
Հրաշափառ Սուրբ Ծնունդ Դարերէ ի վեր, Նոր տարին թեւակոխելէ ետք կը տօնենք մեր Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի հրաշալի Սուրբ Ծնունդը: Ինչպէս Նոր տարին կը դիմաւորենք յոյսերով եւ ակնկալութիւններով, այնպէս ալ` Ս. ... Շարն.

