Category: 50 Տարի Առաջ
50 Տարի Առաջ (18 Յունիս 1964)
Հալէպ Ազգ. Հայկազեան Վարժարաններուն Ցուցահանդէսը Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարաններուն տնօրէնութիւնը արդար հպարտութեամբ ցուցադրեց աշակերտական ձեռային եւ գծագրական աշխատանքները 29 մայիսէն 5 յունիս, աղջկանց բաժնի ընդարձակ սրահին մէջ: Պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1964)
Հատուածներ Նեհրուի Կտակէն Մեծ հայրենապաշտ եւ փիլիսոփայ Փանտիտ Նեհրուի մահով Հնդկաստան կորսնցուց ոչ միայն քաղաքական անփոխարինելի դէմք մը, այլ` իմացական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած մարդ մը: Նեհրուի հայրենապաշտութիւնը ի յայտ կու ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (16 Յունիս 1964)
Մուսա Լերան Ուսումն. Միութեան 10-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ Տասնամեակէ մը աւելի գոյատեւող միութեանս կազմակերպած դաշտագնացութիւնը եւ տասնամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 7 յունիս 1964, կիրակի, Այնճարի դալարագեղ սրճարանին մէջ, հովանաւորութեամբ` բոլորէն ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (14 Յունիս 1964)
Տոմսեր Մեղաւորը... Ստեփա՞նն Է Կիպրոսի տագնապին մէջ Թուրքիա կը նմանի թակարդը ինկած մուկի մը որ ելքի միջոց չունենալով` գլուխը անդադար թակարդի թելերուն կը զարնէ: Բայց` ի զո՜ւր: Թակարդի դրան առջեւ պահակ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (13 Յունիս 1964)
Խմբագրական Կրթական Հաշուեփակ Քանի մը օրէն Լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ դպրոցական աշխատանքները կը դադրին` ամառուան եռամսեայ արձակուրդին համար: Հանգիստի եւ կազդոյրի երկար շրջան մը կը սկսի աշակերտութեան համար, որ մօտ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1964)
«Պիտի Չմոռնամ Պիթլիսը, Որուն Երազովը Ապրած Էի 56 Տարիներ», Ըսած Է Սարոյեան Պոլսէն Մեկնելէ Առաջ Շատ Սիրեցի Նաեւ Մուշը... Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի արտօնատէր-տնօրէն Պետրոս Զօպեան, որ Ուիլիըմ Սարոյեանին ընկերակցեցաւ անոր ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1964)
Իմաստուն Խօսքեր - Կորովը կորսնցնողը ամէն ինչ կը կորսնցնէ: - Կրօնը անտեսանելի շղթայ մըն է, որ երկինքը կը միացնէ երկրին հետ: - Բոլոր մարդոցմէ իր կեանքը ամէնէն շատ վայելողը բարեգործութիւն ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1964)
Խմբագրական Միշտ Դէպի Վեր Երկու շաբաթ առաջ կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացումը ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի նորակառոյց ակումբին: Քանի մը օր առաջ նոյն մասնաճիւղը բացառիկ շքեղութեամբ մը յաջողցուց տարեկան իր քերմեսը: Գրեթէ ամէն ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (9 Յունիս 1964)
Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ՀՕՄ Մանկապարտէզ Տարեկան Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն Նշան Փալանճեան ճեմարանի ՀՕՄ մանկապարտէզի տարեկան աշխատանքներու ցուցադրութեան բացումը տեղի ունեցաւ կիրակի, 7 յունիս 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ: ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (7 Յունիս 1964)
Տոմսեր Ծափ Եւ Ծափահարութիւն Օտար մամուլին մէջ ծափահարութեան հարց մը կը յուզուի այս օրերուն... Բարեբախտաբար ազգային հարց չէ, այլ բացառապէս... միջազգային. հետեւաբար չի սպառնար մեր ներքին կեանքին` պառակտումի կամ անմիաբանութեան ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1964)
Մայիս 28-ը Եգիպտոսի Մէջ Մայիս 31-ին Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան 46-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը` խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան: Հանդէսի նախագահ Լեւոն Յովհաննէսեան իր բացման խօսքին մէջ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (5 Յունիս 1964)
Հայկական Փառատօնը Նիւ Եորքի Ցուցահանդէսին Աւելի Քան 100 Հազար Ներկաներ Արցունքով Եւ Յուզումով Հետեւած Են Յայտագրին Նիւ Եորքէն մեր թղթակիցը կը գրէ.- Անօրինակ յուզումի եւ խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ, 10 հազարէ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (4 Յունիս 1964)
Խօսք Ողջոյնի Ողջոյն ձեզ, ո՜վ յոբելեար պատանի ընկերներ, Ողջոյն ձեզ երիտասարդ թէ տարեց դաշնակցականներ... Բիւր յարգանք ձեր յիշատակին, ո՜վ անդարձ մեկնած` այլ միշտ մեր մէջ ներկայ, խնկելի ընկերներ... Այսօր ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1964)
Ընկ. Վահան Պալեանի Յուղարկաւորութիւնը Յուղարկաւորներու ստուար բազմութիւն մը, բաղկացած` ընտանեկան պարագաներէ, ընկերներէ եւ բարեկամներէ, երէկ երկուշաբթի, կէսօրէ ետք, իր վերջին հանգստարանը առաջնորդեց հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր մը` Վահան Պալեանը: Դագաղին մինչեւ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (2 Յունիս 1964)
ՀՄԸՄ-ի Նորակառոյց Ակումբին Բացումը Հանգանակուեցաւ 30,000 Լ. Ոսկի ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի նորակառոյց ակումբին բացումը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 31 մայիս, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, շքեղ հանդիսութեամբ: Հրաւիրեալներու ստուար բազմութիւն մը նախ ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (31 Մայիս 1964)
Խմբագրական Պատանեկան Միութեան Քառասնամեակը Կիրակի, 31 մայիսին պիտի տօնուի Լիբանանի պատանեկան միութեանց քառասնամեակը` փառաշուք հանդիսութեամբ: Այս առթիւ կազմուած յոբելենական Կեդրոնական յանձնախումբը ամիսէ մը ի վեր բուռն թափով աշխատանքի լծուած է` ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (30 Մայիս 1964)
«Մայրերու Օր»-ը Էշրեֆիէի Մէջ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան կազմակերպած «Մայրերու օր»-ուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի, չորեքշաբթի, 20 մայիս 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (28 Մայիս 1964)
Խմբագրական Մայիս 28 Հուրի եւ սուրի ճամբաներէն անցած, ազատութեան եւ անկախութեան վսեմ գաղափարներով կռանուած հայութիւնն է դարձեալ, որ սփիւռքի տարածքին վրայ այսօր կը տօնէ իր անկախութեան տարեդարձը, հեռու հայրենիքէն, որուն ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (24 Մայիս 1964)
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններ 40-Ամեակի Տօնակատարութիւն ՀՅԴ առաջին պատանեկան միութիւնը հիմնուած է Պէյրութի մէջ, 1923 մարտ 25-ին: Այսօր, քառասունմէկ տարիներու արդիւնաշատ փառաւոր անցեալէ մը ետք, լաւագոյն պայմաններու մէջ եւ եռանդուն ... Շարն.
50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1964)
Պէյրութի Առաջին Օթոպիւսը Հասած Է Արդէն Չորս Ամիս Ետք Հանրակառքերը Պիտի Փոխարինուին Օթոպիւսներով Երէկ` ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, բազմաթիւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ լրագրողներ հրաւիրուած էին մայրաքաղաքին մէջ պտոյտ մը ... Շարն.

