Category: Լիբանանեան
Ընդառաջելով Պըրրիի Հրաւէրին` Օմերու Այցելեց Լիբանան Եւ Քննարկեց Քարիւղի Պեղման Հեռանկարները
Օմերու եւ նախագահ Սլէյման Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննաքիս Օմերու երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ` քննարկումի հիմնական նիւթ ունենալով միացեալ ջուրերուն մէջ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Փոխվարչապետին Հետ Քննարկեց Ընթացիկ Հարցեր
Նախագահ Սլէյման եւ փոխվարչապետ Մուքպել Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Նախագահ Սլէյմանի այցելեց ... Շարն.
«Չափաւորականութիւնը Արժանիք Է Եւ Ոչ Թէ Որոշ Կեցուածքէ Փախուստ Տալու Ձեւ Մը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հանդիպումէն պահ մը Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հանդիպումի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Եւրոպական Միութեան գաղթականներու հարցերով ներկայացուցչութեան յատուկ պատուիրակութիւն ... Շարն.
Սամսոն Անդրանիկեանի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին
Յուղարկաւորներու առաջին շարքին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ բարձրաստիճան զինուորականներ Նախանցեալ օր Ժունիէի մէջ ապահովական առաքելութեան մը ընթացքին լիբանանեան բանակի սեւ վախճանի արժանացած Ա. (Աւագ) յիսնապետ Սամսոն ... Շարն.
Սահնաուի Կը Մերժէ Լիբանանցիներուն Անձնականութիւնը Բացայայտել
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի խստիւ մերժեց ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ ներկայացուած այն պահանջը, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը լիբանանցիներուն բջիջային հեռաձայնի կարճ նամակներուն բովանդակութիւնն ու Պլեքպըրիի եւ Դիմատետրի ... Շարն.
Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Փաղանգաւոր Կուսակցութեան
ԸՆկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Ղազի Արիտի, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր, երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնը, ուր ... Շարն.
Նախարար Սապունճեան Վերստին Կոչ Ուղղեց Երեսփոխաններուն` Առեւտուրի Ծիրին Մէջ Նկատի Ունենալու Օրէնսդրութեան Բարեփոխումը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` առեւտուրի ծիրին մէջ նկատի ունենալու օրէնսդրութեան բարեփոխումը, ինչպէս` ճարտարարուեստի հասութաբեր արտադրութիւններուն պարագային տուրքերու 50 ... Շարն.
Ֆրենժիէ. «Կ՛աշխատինք Զահլէի Մէջ Համախոհութիւն Գոյացնել»
Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի Պեքաայի ներկայացուցիչներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց ներկայութեան կոչ ուղղեց դաշնակից ուժերուն հետ յաւելեալ գործակցութեան` իրականացնել կարենալու համար ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ այսօր առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը: Կը նախատեսուի, որ նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի անմիջապէս մեկնի Իտալիա: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել ... Շարն.
Թալքալախի Մէջ 21 Լիբանանցի Զինեալներու Սպանութեան Լուրը Հաստատուեցաւ Սուրիական Պետական Պատկերասփիւռին Կողմէ
Անցեալ շաբաթավերջին շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրը, թէ սուրիական ընդդիմութեան զինեալ թեւին կողքին կռուելու նպատակով խումբ մը տղաք Լիբանանէն ուղղուած են Սուրիա եւ Թալքալախի մէջ ինկած են սուրիական բանակին կողմէ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Շնորհաւորեց Ապպասը Եւ Ընդունեց Պառնիէն
Պառնիէի հետ հանդիպումէն պահ մը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ շնորհաւորեց զայն ՄԱԿ-ի կողմէ տրուած` Պաղեստինը իբրեւ դէտի կարգավիճակով ... Շարն.
Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Քառասունքին Առիթով Յիշատակի Ձեռնարկ
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան քառասունքին առիթով երէկ Թրիփոլիի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ... Շարն.
Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Գուժէ Սամսոն Անդրանիկեանի Նահատակութիւնը
Աւագ յիսնապետ Սամսոն Անդրանիկեան Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան գուժեց Ա. (Աւագ) յիսնապետ Սամսոն Անդրանիկեանի նահատակութիւնը` նշելով, որ ան երէկ առաւօտեան զոհ գնաց, Ժունիէի մէջ ... Շարն.
Մանսուր. «Թուրք Պատասխանատուներուն Հետ Քննարկեցի Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը, Եւ Այս Հարցով Դրական Նշոյլներ Կան»
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելէ ետք իր մասնակցութիւնը Արաբական-թրքական փոխադարձ գործակցութեան Ե. խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մանսուր հաստատեց, որ արաբական-թրքական ... Շարն.
Զօր. Աուն. «Կրնանք Սուրիոյ Տագնապին Նկատմամբ Չէզոք Կեցուածք Որդեգրել, Սակայն Ոչ` Աքքարի Եւ Թրիփոլիի Պարագային»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի իշխող ղեկավարները քաղաքացիները կը տեսնեն պարզապէս իբրեւ իրենց ընտրական շահերուն շրջագիծին մէջ գտնուող անհատներ` աւելցնելով, որ ... Շարն.
Ասիրի Համակիրները Ցոյց-Քայլարշաւ Մը Կը Կատարեն Սայտայի Մէջ
Սայտայի մէջ բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական արտակարգ միջոցառումներուն ներքեւ, Սայտայի Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի համակիրները երէկ Սայտայի մէջ կատարեցին քայլարշաւ մը, որ սկսաւ ... Շարն.
Պքերքէի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Նախագահեց Կիրակի Օրուան Պատարագին
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան փոխադարձ գործակցութեան` ամրապնդելու համար լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդգծեց ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը պիտի չկարենայ Լիբանանը փրկել իր դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներէն: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ... Շարն.
«Պաղեստինը Իբրեւ Դէտի Կարգավիճակով Պետութիւն Ընդունիլը Ժողովրդավարութեան Յաղթանակն Է» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Խտըր Հապիպ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ողջունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին որոշումը` Պաղեստինը դէտի կարգավիճակով իբրեւ ոչ անդամ պետութիւն ճանչնալու: «138 թեր քուէներով որդեգրուած այդ որոշումը ... Շարն.
Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զօր. Աունի
Ազգային ազատ հոսանք - Ընկերվար յառաջդիմական հանդիպումէն պահ մը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ... Շարն.

