Category: Լիբանանեան
«ՖԱՐԻՏ ՏԱՔՔԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԼԷԱ ԱՔՈՒՐԻՆ
Ֆարիտ Տաքքանի անուան ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու կեդրոնը պարգեւատրեց նահատակ գնդ. Սուպհի Աքուրիի անուան հաստատութեան նախագահ Լէա Աքուրին, գնահատելով անոր ջանքերը` իր ամուսնոյն` նահատակ գնդապետին յիշատակին նուիրուած եւ անոր անունը կրող ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը 100 լ. ոսկիի նուազում արձանագրած է, կանաչ մազութը` 700 լ. ոսկիի նուազում, իսկ կարմիր մազութը` 800 լ. ոսկիի նուազում: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Վոլֆկանկ Թիերսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի դերակատարութիւնը` Լիբանանի հետ գործակցութեան առումով: ... Շարն.
ԹՈՒՐՔ-ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՇՈՒՐՋ «ՍԱՖԻՐ»Ի ՇԱՀԵԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾԸ
Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը իր երեքշաբթի օրուան թիւին 13-րդ էջին մէջ լոյս ընծայեց թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտինի «Թուրքիա եւ Սուրիա. «ռազմավարական խորքին» աւարտը» խորագիրով յօդուածը, որուն մէջ յօդուածագիրը կը նշէ, որ թուրք-սուրիական ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ. «ՄԱՐՈՒՆ ՌԱՍԻ ՍՊԱՆԴԸ ԹԻՒ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻ ՅՍՏԱԿ ԽԱԽՏՈՒՄ Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց Մարուն Ռասի կիրակի օրուան սպանութիւնները: Պըրրի ... Շարն.
«ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԵՒ ՄԻՔԱԹԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՆ ԵՐԿԻՐԸ ԱՆԴԱՄԱԼՈՒԾԵԼՈՒ ԱՐԱՐՔԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց իր կեցուածքը, թէ կառավարութիւնը կազմելու կամք չկայ: Ռապիէի իր բնակարանին մէջ համախմբումին ընթացիկ նիստին նախագահելէ ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ... Շարն.
ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ» - Լրատուութիւն` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի Թուրքիոյ մէջ ունեցած հանդիպումներուն եւ մշակած հոգեւոր ծրագիրներուն մասին: (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Պայրաք» եւ «Լիուա» օրաթերթերը): - Անդրադարձ` ... Շարն.
ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» օրաթերթին մէջ շաբաթական դրութեամբ հրատարակուող իր յօդուածներէն մէկուն մէջ վերահաստատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի գլխաւորութեամբ Ազգային երկխօսութեան խորհուրդի նիստերուն կայացման անհրաժեշտութիւնը: ... Շարն.
ԱՅՍՕՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԲՈԼՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ ՓԱԿ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆ
Լիբանանի տարածքին գործող անձնական վարժարաններու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ այսօր երկրին մէջ գործող բոլոր վարժարանները դասադուլի պիտի դիմեն, ներառեալ նաեւ կաթողիկէ վարժարանները: Միւս կողմէ, լիբանանեան վարժարաններու երկրորդական ... Շարն.
ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԱՍԱՐԹԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՄԱՐՈՒՆ ՌԱՍԻ ՍՊԱՆԴԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթան, որուն հետ քննարկեց սահմանամերձ շրջանի Մարուն Ռաս գիւղաքաղաքին ... Շարն.
ՊԱՐՈՒՏ. «ՄԵՆՔ 70 ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԳՈՐԾԱՎԱՐ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ»
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու գործավար նախարար Զիատ Պարուտ երէկ յայտնեց, որ Լիբանան երեք ամիսէ ի վեր գործավար կառավարութիւն ունի: «Երկու տարիէ ի վեր տիրող կացութիւնը նաեւ գործավար կառավարութիւն կը ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին: Հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ Ուաշինկթընին հաշուետուութեան կանչելու Իսրայէլը եւ անոր պարտադրելու միջազգային օրէնքներու ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐԹԼԵՄԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐԱՊԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռոպըրթ Պարթլեմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ... Շարն.
ՊԸՐՐԻ. «ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի դիւանը, ինչպէս նաեւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին խորհրդարանին ... Շարն.
ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
«ՆԱՀԱՐ» - Լրատուութիւն` Թուրքիա-Իրաք սահմանամերձ շրջանին մէջ թրքական բանակին կողմէ 12 քիւրտերու սպանութեան մասին: (Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Հայաթ» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը): - Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ ... Շարն.
«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ` ՄԻՆՉԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան իր խօսքը ուղղեց նախանցեալ օր Պաղեստինեան աղէտին առիթով ցոյցի մասնակցած երիտասարդներուն` ողջունելով զանոնք եւ անոնց քաջութիւնը, ... Շարն.
ՔԱՈՒԱՍ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՅՍՏԱԿ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Շաքեր Քաուաս երէկ Թուրքիոյ կառավարութենէն յստակ եւ գործնական կեցուածք մը պահանջեց` նախանցեալ օր Կոլանի, Մարուն Ռասի եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան ուժերուն ... Շարն.
ՇԱՄԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԻՄՈՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Արտաքին գործոց գործավար նախարար Ալի Շամի երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Արեւելեան Թիմորի արտաքին գործոց նախարար Ալպանօ Զաքարիասը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Զաքարիաս Շամիին յայտնեց, որ հանրապետութեան ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ այս տարի Պաղեստինեան աղէտի յիշատակին նշումը պատմական էր` աւելցնելով, որ պաղեստինեան հարցը իրաւունքի եւ արդարութեան թղթածրար մըն է, որ արաբ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը կը նկատուի: ... Շարն.

